Մոնաքօ 2013-2014 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի -2 Կէտով

Տիմիթրի Ռիպոլովլեւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ «Լիկ-1»-ի նորեկներէն Մոնաքօ 2013-2014 տարեշրջանը պիտի սկսի -2 կէտով` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները քիչ մը բիրտ արարքներ գործեցին, մինչ խումբը կը տօնէր Ա. դասակարգի իր ախոյեան հանդիսանալը:

Իշխանապետական կազմի սեփականատէր ռուս միլիառատէր Տիմիթրի Ռիպոլովլեւ, որ բաւական լաւ խումբ մը պատրաստեց, կը կարծուի ըլլալ ախոյեանութեան տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը:

Ցարդ նորեկ մարզիկներուն համար ծախսուած է աւելի քան 120 միլիոն եւրօ:

Մոնաքօ այժմ իր կազմին միացուցած է քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատոմել Ֆալքաոն (Աթլեթիքօ Մատրիտէն), անոր ազգակիցը` Ճէյմս Ռոտրիկեզը եւ փորթուգալցի միջնապահ Ժոաօ Մութինիոն (Փորթոյէն):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )