Պապիկեան Եղբայրները Փոխ Տրուեցան Փիւնիկի
ArmFootball.com կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի միջնապահ Աղուան Պապիկեան եւ անոր մեծ եղբայրը` Վոլոտիա փոխ տրուեցան Փիւնիկ Երեւանի:
Իր լուրը քաղելով մայրաքաղաքի ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ վերջին ամիսներուն Աղուան Պապիկեան փոխ տրուած էր Սպարտակ Մոսկուայի երիտասարդներու խումբին, մինչ Վոլոտիա Պապիկեան Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ փորձեր կը կատարէր:
Նշենք, որ հայրենի երկու ֆութպոլիստներուն ստորագրութիւնը կը պատկանի Լոցի (Լեհաստան):
CATEGORIES Մարզական

