Արշաւին Վերադարձաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ
Արսենալի նախկին յառաջապահ Անտրէ Արշաւին վերադարձաւ իր քաղաքի նախկին խումբին` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկին` նկատի ունենալով, որ անոր անգլիական ակումբը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց:
32 տարեկան Արշաւին, որ 2009-ին Զենիթէն միացած էր Արսենալի, անոր հետ 144 մրցումի ընթացքին նշանակեց 31 կոլ: Լոնտոնեան կազմը, որ անոր փոխանցման համար վճարեց 23 միլիոն ամերիկեան տոլար, անոր վրայ դրուած յոյսերը այդքան ալ արդարացած չտեսաւ:
Նշենք, որ Արշաւին ռուսական ակումբին հետ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
CATEGORIES Մարզական

