«ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՄՇԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՐՏԷԶԻ ՆՄԱՆ Է ԾԵՐԱՆՈՑԸ» Կ՛ԸՍԷ Գ. ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆ
ՔԱՀԼ-ի, անոր գործունէութեան եւ առօրեային մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյցներ կատարեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Գէորգ Գարապոյաճեանին, ինչպէս նաեւ հաստատութեան առողջապահական հարցերու ընդհանուր պատասխանատու տոքթ. Յարութիւն Զատիկեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք մեզի ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացնել ՔԱՀԼ-ի պատմականը:
ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆ.- ՔԱՀԼ-ի մասին խօսիլ ու անոր ամփոփ պատմականը ընել` կը նշանակէ խօսիլ լիբանանահայութեան քսաներորդ դարու պատմութեան մասին, սկսելով երկրորդ տասնամեակի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին թուրքերու կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայաջնջումի ջարդով ու աքսորով, գլխաւոր մեկնակէտ ունենալով 24 ապրիլ 1915-ը, ու հասնելով մինչեւ անոր վերջին տասնամեակը:
1915-ի մեծ ջարդին ու անոր յաջորդող քանի մը տարիներուն բազմահազար հայորդիներու սեւ ճակատագրին միացաւ նաեւ ճակատագիրը հայ աչազուրկին: Անոնցմէ շատեր մահացան, իսկ մազապուրծ ազատած սակաւաթիւ աչազուրկներ, հազարաւոր հայ որբերու կարգին, իրենք եւս բռնեցին աքսորի ու տարագրութեան ճամբան:
132 հազար որբացած հայ երեխաներ Ամերիկեան նպաստամատոյցին (Նիր իսթ րիլիֆ) կողմէ հաւաքուելով սովամահ ըլլալէ փրկուեցան եւ հետագային փոխադրուեցան աւելի ապահով ափեր: Անոնցմէ 8000-ին փոխադրութիւնը` դէպի Սուրիա եւ Լիբանան, վստահուեցաւ զուիցերիացի բժիշկ Եագոպ Քիւնցլըրի ու անոր կնոջ` Էլիզապեթի:
1922-ի սեպտեմբերէն սկսեալ հայ որբեր, որոնց կարգին` 120 աչազուրկներ, Խարբերդէն հասան Հալէպ` Սուրիա, ուր յանձնուեցան վեր. Ահարոն Շիրաճեանի հոգածութեան: Հալէպի մէջ կարելի չէր աչազուրկներուն համար մնայուն վայր մը ապահովելը: Հետեւաբար Ամերիկեան նպաստամատոյցը որոշեց զանոնք տեղաւորել Պաղեստինի մէջ գտնուող սուրիական որբանոցի կուրանոցի բաժինին մէջ:
120 աչազուրկներու խաչակրութիւնը դէպի Պաղեստին սկսաւ 1923-ի մայիսին. անոնք հասան Լիբանանի ծովեզերեայ Մաամլթէյն աւանը, ուր մատնուեցան տասը երկար ամիսներու անորոշ ու մտահոգիչ սպասման վիճակի: Անգլիական հովանաւորութեան ներքեւ իշխող պաղեստինեան կառավարութիւնը իւրաքանչիւր աչազուրկի իր երկիրը մուտքի համար այնքան բարձր գին մը կը պահանջէ, որ անոնց Պաղեստին տեղափոխութեան ծրագիրը կը ձախողի:
Այս շրջանին Ղազիրի աղջկանց որբանոցի տնօրէնը` տոքթ. Եագուպ Քիւնցլըր, տեսնելով Մաամլթէյնի վատառողջ միջավայրին մէջ աչազուրկներուն յուսահատ ու լքուած վիճակը, կը ստիպուի զանոնք փոխադրել ծովու մակերեսէն 400 մեթր բարձունքի վրայ գտնուող եւ բաղդատաբար աւելի առողջարար Ղազիրի աղջկանց որբանոցը, 1 ապրիլ 1924-ին:
Երկու տարի ետք` 1 ապրիլ 1926-ին, Զուիցերիացի հայասէրներու միութիւնը յանձն կ՛առնէ աչազուրկներուն հոգածութիւնը` տնօրէն կարգելով այդ օրերուն Քիւնցլըրներու զաւակներուն ընտանեկան խնամակալ ուսուցիչ Թէոտոր Վիզըրը: Ան իր կնոջ` Ալիսին հետ միատեղ քսան տարիներ կը վարէ կուրանոցի տնօրէնութեան պաշտօնը` մինչեւ 1946, երբ հաստատութիւնը կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի ներկայ վայրը:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս եղաւ հաստատութեան հայերու փոխանցումը:
Գ. Գ.- 1947-1963 կուրանոցի տնօրէնութիւնը վարեցին դարձեալ զուիցերիացի Քարլ Մայըր եւ իր կինը` Մարթա: Յաջորդող հինգ տարիներուն` 1963-1968, հաստատութեան տնօրէնութիւնը վարեցին` Փիթըր Պրաունշուայք եւ իր կինը` Հայտի: Այդ շրջանին էր, որ 1 յունուար 1964-էն սկսեալ հաստատութիւնը փոխանցուեցաւ հայերուն, եւ մկրտուեցաւ իր ներկայ անունով` ՔԱՀԼ (Լիբանանի հայ անկարներու կեդրոններ): Այս շրջանին հաստատութիւնը ընդարձակուելով` անոր կուրանոցի եւ աշխատանոցի կողքին եկան աւելնալու ծերանոցի, դպրոցներու եւ ընկերային ծառայութեան բաժինները:
«Ա.».- Ո՞ր թուականէն սկսեալ հաստատութիւնը հայ տնօրէն ունեցաւ:
Գ. Գ.- 1968-ին նշանակուեցաւ երիտասարդ նոր տնօրէն մը` դարձեալ զուիցերիացի` Ֆելիքս Ցիկլըր եւ կինը` Հաննա: Իր շրջանին ան զարկ տուաւ աշխատանոցի եւ վարժարաններու բաժիններուն, իսկ իր վերջին տարիներուն, նախքան իր հրաժարիլը, ձեռնարկեց ծերանոցի յատուկ նոր շէնք մը կառուցելու ծրագիրին:
1982-ին Ցիկլըրի հրաժարումով զայն փոխարինեց օրուան խնամակալութեան ատենապետ Գրիգոր Պզտիկեանը` հանդիսանալով հաստատութեան առաջին հայ տնօրէնը: Յաջորդող քանի մը տարիներուն տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան աշխատանքներով շինարարական գործերը ամբողջացան եւ հաստատութիւնը օժտուեցաւ ծերանոցի յատուկ նոր շէնքով մը:
«Ա.».- Խօսինք ներկայ ՔԱՀԼ-ի մասին:
Գ. Գ.- Գրիգոր Պզտիկեան տնօրէնութեան պաշտօնը վարեց մինչեւ 1988, երբ հրաժարեցաւ, իր տեղ նշանակուեցաւ Գէորգ Գարապոյաճեան` որպէս ՔԱՀԼ-ի տնօրէն: Ներկայիս հաստատութիւնը կը գործէ գլխաւորաբար որպէս ծերանոց, ուր կան շուրջ հարիւր պատսպարեալ ծերունի մամիկներ եւ պապիկներ, կան նաեւ դանդաղ սորվող աշակերտներու Մասնաւոր դասարանները, ուր կան շուրջ քսանհինգ աշակերտներ:
«Ա.».- Կրնա՞ք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցել ծերանոցի վարչամեքենային մասին:
Գ. Գ.- Ծերանոցը կը հովանաւորուի Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ, որոնք համախոհաբար կը նշանակեն հաստատութեան տնօրէնը: Կայ խնամակալութիւնը, որ կը նշանակէ բաժանմունքի պատասխանատուները եւ տնօրէնին հետ միասնաբար յարմար որոշումներ տալով` կը լուծեն հաստատութեան դիմագրաւած հարցերը:
Խնամակալութեան կողմէ կայ նշանակեալ Տիկնանց օժանդակը եւ հանգանակիչ յանձնախումբը, որոնք իրենց գործունէութիւններով կ՛աշխատին նիւթական եկամուտ մը ապահովել հաստատութեան:
Հաստատութիւնը իր տնօրէնութեամբ, պատասխանատուներով, բժիշկով, անձնակազմով, հիւանդապահուհիներով, խոհարարներով եւ ծերունիները խնամող ձեռքերով կը հաշուէ շուրջ վաթսունհինգ հոգի:
«Ա.».- Խօսինք հաստատութեան հրատարակած տեղեկատուին մասին:
Գ. Գ.- Հաստատութիւնը ունի իր «Տեղեկատու» ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ 22 տարիէ ի վեր, եւ որուն ներկայ տպաքանակն է 1200 օրինակ: Անոր մէջ կարելի է տեսնել հաստատութեան զանազան գործունէութիւնները, այցելուները, նուիրատուութիւնները եւ պատսպարեալներու ելեւմուտքի թուականները: Վերջաւորութեան կայ նաեւ ժամանցի յատուկ խաչբառ մը, որ տարիներէ ի վեր սիրայօժար կերպով կը պատրաստուի Տիրան Աղազարեանի կողմէ:
«Ա.».- Հաստատութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ապահովէ իր պիւտճէն:
Գ. Գ.- Հաստատութեան պիւտճէն ընդհանրապէս մարդոց հետաքրքրող նիւթ մըն է, իսկ ինչպէս շատ մը այլ կառոյցներու պարագային, մեզի համար եւս անոր գոյացումը բաւական դժուար հարց մըն է:
Հոս տեղին է յիշել Աստուծոյ փառք տալիք պատճառ մը, որ վերջին քսաներկու տարիներու ընթացքին ոչ միայն ան իր պաշտօնեաներուն ամսականները լման վճարած է, այլ կեանքի սղութեան ատեն պետական յաւելումներու ուշացման պարագային ան իր կողմէ կատարած է որոշ յաւելումներ:
Հաստատութեան պիւտճէն կը գոյանայ հետեւեալ եկամուտի աղբիւրներով.
– Արտասահմանէն եկած բարեսիրական հաստատութիւններու օժանդակութիւնով: Հոս յիշելու ենք, որ զուիցերիացիներու օժանդակութիւնը, որ անցեալին կազմած է պիւտճէին գլխաւոր մէկ մասը, տասը տարիէ ի վեր վերջնականապէս դադրած է:
– Հաստատութեան խանութներէն եկած վարձքերով:
– Տեղական թէ արտասահմանէն կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններով:
– Պատսպարեալներէն գանձուած ամսականներով: Հոս յիշելու ենք, թէ ներկայիս ձրի պարագայ ընդունելու հնարաւորութիւնը չունինք: Սակայն պարագային հետ նիւթական համաձայնութիւն գոյացնելու ժամանակ, անոնք մեր հարազատները նկատելով, կը հետեւինք նուազագոյն նիւթականով առաւելագոյն խնամքը տալու սկզբունքին:
– Տիկնանց օժանդակի ձեռնարկներէն գոյացած գումարներով:
– Հանգանակիչ յանձնախումբին ապահոված գումարներով: Յանձնախումբը գլխաւորաբար կ՛աշխատի ծերունի որդեգրող մնայուն բարերարներու հետ: Իւրաքանչիւր ծերի համար ճշդուած է տարեկան 1200 ամերիկեան տոլար, եւ ներկայիս ունինք շուրջ քսան նման բարերարներ: Յանձնախումբը կ՛աշխատի նաեւ ծերանոցի օրուան մը ճաշի ծախսը հոգացող մնայուն բարեգործներու հետ: Իբրեւ սակ ճշդուած է 300 ամերիկեան տոլար, եւ ներկայիս ունինք շուրջ հարիւր նման բարեգործներ: Զանազան վաճառատուներու եւ եկեղեցիներու մէջ յանձնախումբը զետեղած է նաեւ նուիրատուփեր, ուր մարդիկ կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել:
«Ա.».- Իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք փոխանցելիք մեր ընթերցողներուն:
Գ. Գ.- Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հեռաւոր կամ մօտ մեր բոլոր նուիրատուներուն եւ իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը բերող բարեսիրական հաստատութիւններուն: Օտարներու կողմէ մշակուած եւ հայերուն նուիրուած գեղեցիկ պարտէզի մը կարելի է նմանցնել ծերանոցը, որուն գոյատեւումը ապահովելու համար մեզմէ ակնկալուածը միայն զայն ջրելն է:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ