ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ. «ՄԱՅԻՍ 28-Ը ՅՈՒՇԱՐԱՐ Է ՈՒ ՊԱՏԳԱՄ` Ի ԽՆԴԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ապա վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման տօնը` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած: Մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակի այս տօնը անուանակոչութեան օրն է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին, օրուան պատարագիչ Մակար վրդ. Աշգարեան իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի գոյապայքարին եւ այն մեծ դիմադրութեան, զոր ցուցաբերեց ան 1918 մայիս 28-ին` ժողովրդային հաւաքական ճիգով:
Ս. պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ նոյն թուականին այլ ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներու թափօրով, գլխաւորութեամբ վեհափառին, ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ վեհարան, ուր դահլիճին մէջ ուղերձ կարդաց Մասիս վրդ. Զօպույեան: Ան վեր առաւ մայիսեան փառաւոր յաղթանակը` իբրեւ դէպք հայոց պատմութեան նորագոյն էջերուն արձանագրուած, որ սերունդներ կերտեց իր յաղթապանծ ոգիով: Ապա, վեր առաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներու բազմաբեղուն գործունէութիւնը, որ նոր սերունդներու կերտման ու դաստիարակութեան նոր ուղի բացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ: Ան յիշեց նաեւ այն իրագործումները, որոնք ցարդ տեղի ունեցած են ե՛ւ կաթողիկոսարանին առնչուած բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, ե՛ւ թեմական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառը նախ եւ առաջ իր գնահատանքը յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն եւ մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն յիշատակը անմահացած տեսաւ անոնց յիշատակը յարգողներուն անձին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց Մայիս 28-ի ոգին, որ իր խորհուրդով ու պատգամով անցած է արդէն ժամանակի սահմանը, ու յաւերժօրէն կը սալարկէ հայ ժողովուրդի հաւաքական պայքարի ուղին: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Հայոց պատմութեան մէջ թուականներ կան, որոնք իրենց ոգիով ու մարտահրաւէրով, կ՛անդրանցնին տուեալ ժամանակներու սահմանները եւ կը պատկանին յաւերժութեան: Անոնք մնայուն յուշարար են ու պատգամ ուղղուած բոլոր ժամանակներու սերունդներուն` իրենց կեանքը անոնցմով լեցնելու ու կռանելու եւ իրենց պայքարի ճամբան հունաւորելու ու լուսաւորելու:
«28 մայիս 1918-ին, Վարդանանց ոգիով մղուած Սարդարապատի ճակատամարտը մնայուն պատգամ մըն է ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն` շարունակելու Սարդարապատին մէջ սկսած պատերազմը` ի խնդիր ամբողջական Հայաստանին:
«Արդարեւ, ազգերը կը գոյատեւեն, երբ իրենց կեանքը վերածեն բարոյական ու ազգային արժէքներու յաւերժացման ու իրենց մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար մղուող մնայուն պայքարի: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան:
«Արդ, Մայիս 28-ով սկսուած մեր ժողովուրդի պայքարը պէտք է շարունակուի: Մայիս 28-ով կերտուած ներկայ Հայաստանը կտոր մըն է միայն. մեր ժողովուրդը կը ձգտի ամբողջական Հայաստանին: Ներկայով միայն բաւարարուիլը փաստօրէն մոռնալ է անցեալը: Մայիս 28-ի պատգամը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ պէտք է միշտ հնչէ. պէտք է Արցախը աւելի զօրանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի ամրապնդուի, մեր ազգային պահանջատիրութիւնը աւելի հզօրանայ, որպէսզի կարենանք վերանորոգ կամքով շարունակել մեր ազգային պայքարը ամբողջական Հայաստանի տեսլականով», եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Դպրեվանքի երգչախումբը այնուհետեւ ազգային հայրենասիրական երգեր կատարեց, ինչպէս նաեւ սարդարապատեան գոյապայքարին յաղթանակը պանծացնող «Երբ չի մնում ելք ու ճար» երգը հնչեցուց, որուն մասնակից դարձաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը:
Մայիսեան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեհափառին պահպանիչ աղօթքով, որմէ ետք ներկաները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին անոր: