Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 15 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Շրջանաւարտները իրենց վկայականի տարազներով մուտք գործեցին սրահ: Հանդէսին նիւթն էր` «Չորս եղանակները»:

Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանին ուսուցիչներէն Լենա Մարգարեան, որ անդրադարձաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան եւ յայտնեց, թէ երբեք պէտք չէ վարանիլ հայ մանուկը հայկական վարժարան ուղարկելէ:

Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ երեք լեզուներով արտասանեցին բացման խօսքը. ներկաներուն եւ իրենց սիրելի ծնողներուն զանազան բարեմաղթութիւններէ ետք, նաեւ մաղթեցին բարի վայելում եւ հաճելի պահեր:

Նոյն դասարանի աշակերտները երգեցին եւ արտասանեցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ հայրերու նուիրուած յատուկ երգով պատուեցին հայրերը:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: 27 աշակերտներ ստացան իրենց առաջին վկայականը:

Վկայականի բաշխումէն ետք բծախնդրօրէն պատրաստուած յայտագիրը շարունակուեցաւ եւ մանկապարտէզի երեք դասարանի աշակերտները պարեցին, երգեցին եւ ներկաները հմայեցին: Իսկ Ծիլ դասարանի աշակերտները իրենց անմեղունակ շարժուձեւերով եւ արտասանութիւններով ուրախութեամբ լեցուցին ներկաներուն եւ իրենց ծնողներուն սրտերը:

Տնօրէնուհի քոյր Անայիս Գրըքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն հանդէսին յաջողութեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:

Հանդէսի աւարտին մանկապարտէզի աշակերտները եռագոյն դրօշակներով տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ խմբային պարով կատարուեցաւ հանդէսին փակումը:

Բարի արձակուրդ բոլորին:

Լ. Մ.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )