ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ
Ազգային Աբգարեան վարժարան յաճախած աշակերտներու, ուսուցչական հոգեբարձական եւ թաղականութեան պաշտօն վարած անձերու տարեկան աւանդական մտերիմ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Նոյն օրը նաեւ բացումը կատարուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներու նկարչական աշխատանքներու տարեկան ցուցահանդէսին:
Ծաղկեփունջով պատուելէ ետք վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ Լուսին Գաբրիէլեանը, վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան ողջունեց ներկաները, որոնք խումբ առ խումբ համախմբուած էին սեղաններուն շուրջ` պահ մը եւս վերապրելու համար ետին ձգուած տարիներու յիշատակները: Վերջին 20 տարիներու աշակերտներն էին ներկաները, որոնք հասակ առած երիտասարդներ էին արդէն, նոյն յարգանքով, սիրով անոնք կը հանդիպէին իրենց ուսուցիչներուն եւ վարժարանը հովանաւորող անձերուն հետ: Տնօրէնը խօսեցաւ վարժարանի 80-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն, այս տարեշրջանին վարժարանի արձանագրած իրագործումներուն եւ դիմակալած դժուարութիւններուն մասին եւ թելադրեց աւելի մօտէն հետեւիլ վարժարանին եւ օգտակար դառնալ անոր յառաջընթացին:
Երեկոն անցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Գօգօ Արոյեան գեղեցիկ իր ձայնով յաջողեցաւ համակել ներկաները, որոնք ձայնակցեցան իրեն մինչեւ ուշ գիշեր:
23 մայիս 2011-ին սովորականէն տարբեր եռուզեռ մը ստեղծուած էր վարժարանի բակին մէջ, առաջին զբօսանքէն անմիջապէս առաջ: Նախաձեռնութեամբ ֆրանսերէնի ուսուցիչ Մարալ Լատոյեանին եւ գիտութեան ուսուցիչ Մարալ Նոխուտեանին, այդ օր աշակերտները գործնապէս պիտի իրագործէին առողջապահական ուտելիքներու ընդհանուր, գործնական դաս մը: Աշակերտները լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները կը տեղադրուէին բակի ցուցատախտակներուն վրայ, սեղաններուն վրայ այլազան բանջարեղէններ` համապատասխան բացատրութիւններով:
Զբօսանքի զանգին հետ կազմ ու պատրաստ էր ամէն ինչ: Խոհարարի գլխարկներով աշակերտներ, մեծ կազմակերպուածութեամբ, այդ օր յաջողեցան հիւրասիրել աշակերտները` լոլիկով, վարունգով, ստեպղինով:
24 մայիս 2011-ին վարժարանը կանուխէն ձեռնարկած էր մայրերու օրուան տօնակատարութեան նախապատրաստական աշխատանքին: Ձեռային աշխատանքով պատրաստուած էին հրաւէր-բացիկներ` մայրերու նուիրուած գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ կրող: 2011-ը մանուկներու տարի էր եւ անհրաժեշտ էր նոր փայլք տալ վարժարանին համար աւանդական դարձած այդ տօնակատարութեան: Ժամը 11:00-ին ներկայ էին հոգաբարձութեան կարգ մը անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով ծնողներ:
Բացման իր խօսքով վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեէմեզեան, քաղելով տպաւորութիւնները վերջերս հրատարակուած գաղթականներու հիւղաւանները ներկայացնող նկարազարդ ալպոմէ մը, յայտնեց, որ սեւ ու ճերմակ այդ նկարներուն մէջ, թշուառութեան համատարած մթնոլորտին մէջ, ցայտուն կերպով կարելի է տեսենել քաղաքակիրթ մեր ազգին հետքերը` տաշտի մը մէջ հայ մօր լոգանքովը իր մանուկին, աշխատասիրութեամբը, նայուածքովը ձեռագործող մայրերու եւ առաւել ինքնավստահութեամբ: 21-րդ դարու գլանին տակ այլասերման ընթացք մը կ՛ապրին բոլոր ազգերը, մանաւանդ մենք, հետեւեաբար «Անուշիկ մամա» բացատրութիւնը, ցոլացնող կնոջական բնազդը` գեղեցիկ երեւելու, պէտք է ջանալ փոխարինել` «Աղուոր մամայով», որ կ՛ամփոփէ իր մէջ եւ միտք, հոգի եւ մարմին…: Դպրոց եւ ընտանիք` իբրեւ ապագայակերտ կառոյցներ, նոյն հայեացքը պէտք է ունենան, դաստիարակութեան աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` բոլոր դասարաններու աշակերտներու մասնակցութեամբ: Հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն երգերու եւ արտասանութիւններու շարքէն` ներկաները խորապէս տպաւորուեցան Ծաղիկ դասարանի աշակերտ Հրակ Մկրտիչեանէն, որ մեծ ինքնավստահութեամբ ներկայացուց «Կարօտի երգ»ը: Ե. կարգէն Հերա Տէտէեան խոր ապրումով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը», իսկ Զ. կարգը խմբային արտասանութեամբ եւ մանաւանդ Պ. Սեւակի «Մայրս» երգով, մենակատարներու մեկնաբանութեամբ, արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու:
Ձեռագործ մանեակները նուէր- վիճակահանութիւններն էին մայրերուն, ներկաներուն: Վարժարանի երբեմնի ծնողներէն, մեծ հայր դարձած Սարգիս Շերնեզեանը, աւանդութիւնը շարունակելով, դարձեալ ծաղկեփունջերը ճոխացուցած էր ձեռնարկը: Բախտաւորուեցան կարգ մը ծնողներ: Ծաղկեփունջերը նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն դարձան, որովհետեւ անոնցմով նաեւ մեծարուեցան հոգաբարձութեան ծնողական խորհուրդի եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք «մայրութիւն» կ՛ընեն ազգի զաւակներուն:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: Մեծ թիւով ներկաներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով:
Ծիլիկի աշակերտներ առաջնորդնեցին ներկաները մանկապարտէզի յարկը, ուր մանկապարտիզպանուհի Սեդա Մածունեան ու մանկապարտէզի ուսուցչուհիները կը սպասէին հիւրերը` ներկայացնելու համար 2010-2011 կրթական տարեշրջանի մանկապարտէզի աշակերտներուն բծախնդրօրէն եւ մեծ ճաշակով պատրաստած ձեռային աշխատանքի ցուցահանդէսը:
Նոյն օրը Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը, ծնողներուն նոր խանդ ու եռանդ փոխանցելու իր առաքելութեամբ, ունեցաւ բնական իր շարունակութիւնը` հիւրընկալութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի դոկտ. փրոֆ. Ճուլիէթա Կիւլամիրեանի, որ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին հրաւէրով, մանկավարժական առաքելութեամբ կը գտնուէր Պէյրութ: Ան սիրայօժարօրէն ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին` եկած էր ուսուցչուհիներու հետ զրոյց-հանդիպման մը ընդմէջէն կրթական կարգ մը մտահոգութիւններ պարզաբանելու: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան:
Զրոյցը սկսաւ «աշակերտի խառնուածքը» ճանչնալու հրամայականով եւ ըստ այնմ գործելու, վարուելու անհրաժեշտութեամբ, դասապահերը շարժունակ դարձնելու եւ կրկնութիւններէ խուսափելու թելադրանքով: Աշակերտը մասնակից պէտք է դառնայ դասին եւ ինք պէտք է ըլլայ գիւտարարը` քննական մտքով զինելու համար զայն: Խճողուած, ծանրաբեռնուած կրթական ծրագիրները, ծնողներու հսկողութեան բացակայութեամբ, ժխտական իր անդրադարձը կ՛ունենայ կարգ մը աշակերտներու վրայ: Դասարան կրկնել տալը յաճախ իր նպատակին չի ծառայեր: Առանձին հոգատարութեան կարօտող աշակերտները առաւել կ՛օգտուին բնականոն աշակերտներու դպրոցներէ, սակայն նաեւ պէտք է հաշուի առնել միւս աշակերտներուն իրաւունքն ալ: Մասնագիտացման այս դարուն կարելի է ի մտի ունենալ նորանկախ Հայաստանի ընձեռած կարելիութիւնները` վերաորակաւորման թէ ուսման կատարելագործման համար:
Աշխուժ, հոգեշահ զրոյցի աւարտին` Ճուլիէթա Կիւլամիրեանին նուիրեցան դպրոցի հրատարակութիւններէն, ինչպէս նաեւ վարժարանին նեցուկ կանգնող անձերու վերապահուած` ոսկեզօծ Անահիտ դիցուհիի կրծքանշանը: