ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Տարուան ամէնէն սիրելի եւ արժանաւոր տօներէն է մայրերու օրը, որ կը յիշատակուի մեր կրթական, միութենական եւ եկեղեցական  կառոյցներու նախաձեռնութեամբ: Մեր մամուլը տեղ կու տայ այս նախաձեռնութիւններուն` մաղթելով բարի օրեր մեր մայրերուն:

24 մայիս 2011-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգային վարժարանի տիկնանց վարչութիւնը կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը` նուիրուած վարժարանի աշակերտութեան մայրերուն եւ հարազատներուն: Անոնք ընդառաջացած էին հրաւէրին` առանց բացակայութեան:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ գործադրուեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն պատրաստած յայտագիր մը: Մանկական արտայայտութիւնները ուրախացուցին մայրերը` ի տես իրենց հոգեհատորներուն փթթումին, ծաղկումին, հայկական մթնոլորտի մէջ:

Բոլոր դասարանները կարգով ներկայացուցին իրենց սորված խմբական եւ անհատական արտասանութիւնները, երգերը: Հայերէնի կողքին, անոնք արտասանեցին ու երգեցին մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր` նաեւ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Մօր նուիրուած Յովհաննէս Շիրազէն բանաստեղծութիւն մը` «Երազիս մէջ մօրս տեսայ», արտասանեց Տիկնանց վարչութեան անդամ Մարինէ Եսայեան:

Վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան իր բարի գալուստի խօսքին միացուց մօր նուիրուած մաղթանքներ` շեշտելով մօր մը կարեւոր դերը  ընտանիքի առողջ ու հաստատ պահպանման մէջ, ապա հրաւիրեց Շահանդուխտը` արտայայտելու իր սրտի խօսքը: Շահանդուխտ ուրախութիւն յայտնեց մեր մատղաշ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան համար, որ կը փոխանցուի մեր ազգային ու հայկական վարժարաններուն մէջ: «Այս հայաշունչ մթնոլորտը չէք գտներ օտար վարժարաններուն մէջ, ուր յաճախող մեր զաւակները զրկուած են սորվելու, թէ ո՛ւր կը գտնուի Արարատը, Սեւանը կամ Էջմիածինը: Մենք հարուստ ենք մեր մշակոյթով, դարերէն մեզի փոխանցուած մեր լեզուով ու պատմութեամբ, ձեզի կը մնայ արժեւորել եւ պանծացնել այս ամէնը, որպէսզի հաւատարիմ մնանք մեր արմատներուն»: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ ներկայի մեր ծնունդները շատ նուազած են:

«Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար» առածին իմաստութիւնը յիշեցուց ներկայ մայրերուն, որպէսզի չըլլան ժլատ` ազգին զաւակներ նուիրելու իրենց մայրական պարտականութեան մէջ: Ապա իր խօսքը աւարտեց «Մենք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» բանաստեղծին պատգամով:

Այս առիթով ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` յօգուտ վարժարանի սաներու ֆոնտին: Հիւրասիրութեան առընթեր կատարուեցաւ նաեւ աւանդութիւն դարձած վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան մայրերը:

Դպրոցական ներքին հանդիսութիւն մը, որ հաճելիին հետ մատուցուեցաւ նաեւ օգտակարը, հայադրոշմը, հայկական պատկանելիութեան ջերմ գիտակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES