ՊԸՆ ԼԱՏԷՆԻ ՄԱՀԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԻՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

1 մայիս 2011-ի գիշերը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնուեցաւ հապճեպով դասաւորուած հեռատեսիլային ելոյթով մը` աշխարհին տեղեկացնելու համար, թէ Միացեալ նահանգներու հակաահաբեկչութեան ուժերը գտած եւ սպաննած էին Ուսամա Պըն Լատենը: Գործողութիւնը, որ ըստ տեղեկագիրին, տեղի ունեցած էր տեղական ժամով առաւօտեան կանուխ ժամերուն, թիրախ ընտրած էր Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատէն շուրջ երեսունմէկ մղոն հեռու` Ապոթապատի մէջ գտնուող կառոյց մը: Գիշերային ներխուժումին իբրեւ արդիւնք` տեղի ունեցած է կարճ հրացանաձգութիւն մը, որուն զոհ գացած են Պըն Լատեն եւ շարք մը ուրիշներ: Տեղեկութիւններու համաձայն, ամերիկեան ուղղաթիռ մը վնասուած էր ներխուժման ընթացքին եւ հետագային քանդուած ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Օպամա տեղեկացուց, թէ ամերիկեան ուժերը ոչ մէկ կորուստ ունեցած էին ներխուժման ընթացքին: Կարճ ժամանակի մը մէջ կառոյցը խուզարկելէ ետք, ամերիկեան ուժերը հեռացած էին Պըն Լատենի դիակով, ինչպէս նաեւ ենթադրաբար իրենց հետ առած` տեղեկութիւններ քաղելու համար օգտակար ամէն բան: Օպամայի զգուշութեամբ պատրաստուած խօսքէն այնպէս կը թուի, թէ ամերիկացիները առանձնաբար կատարած էին գործողութիւնը` առանց Փաքիստանի կողմէ որեւէ օժանդակութեան կամ նոյնիսկ առանց անոնց գիտակցութեան:

Ինչպէս ի յայտ եկաւ այն ինքնաբուխ տօնակատարութիւններէն, որոնք պայթեցան Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Պըն Լատենի սպանութիւնը գրգռեց մեծաթիւ ամերիկացիներու զգացումները, եւ ոչ միայն անոնց, որոնք ընտանիքի անդամներ կորսնցուցած էին զոյգ աշտարակներու վրայ յարձակումին ընթացքին, այլեւ` անոնց, որոնք փոխանորդաբար ահաբեկուած էին եւ տակաւին յստակօրէն կը յիշեն վախի այն խորունկ զգացումը, որ ունեցած էին 11 սեպտեմբեր 2001-ի առտուն: Անոնք դիտած էին այն օդանաւը, որ հարուածեց Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնը, հեռատեսիլէն տեսած էին այդ աշտարակներուն փլուզումը ուղիղ եթերով, ապա լսած էին երրորդ օդանաւի մը Փենթակոնը հարուածելը, ինչպէս նաեւ` չորրորդ դաւին բացայայտումը եւ այդ օդանաւին Փենսիլվանիայի դաշտավայրերուն մէջ իյնալը: Մինչ այդ վախը վերածուեցաւ զայրոյթի, վրէժխնդրութեան խորունկ ծարաւ մը մղեց Միացեալ Նահանգները, որ ներխուժեն Աֆղանիստան 2001 հոկտեմբերին եւ հռչակեն «ահաբեկչութեան դէմ համաշխարհային պաքար»:

Այդ գոհացուած վրէժխնդրութեան զգացումին պատճառով Պըն Լատենի մահը պիտի ըլլայ մէկը այն դէպքերէն, որ մարդիկ պիտի յիշեն, ինչպէս ինքնին` 11 սեպտեմբերի յարձակումները: Սակայն Պըն Լատենի սպանութեան բերած արդարութեան եւ հարցի փակման զգացումով հանդերձ, անոր մահը շատ քիչ գործնական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժիհատական շարժումին վրայ: Աւելի կարեւոր պիտի ըլլան գործողութեան նկատմամբ Փաքիստանի կառավարութեան հակազդեցութիւնը եւ այն ազդեցութիւնը, որ անիկա պիտի ունենայ Միացեալ նահանգներ-Փաքիստան յարաբերութեան վրայ:

ՀԻՄԵՐ

Հասկնալու համար Պըն Լատենի մահուան ազդեցութիւնը համաշխարհային ժիհատական շարժումին վրայ, նախ պէտք է յիշենք, որ ժիհատականութեան երեւոյթը շատ աւելի ընդարձակ է, քան Քայիտայի կորիզի ղեկավարութիւնը` բաղկացած Պըն Լատենէն եւ իր ամէնէն մօտիկ հետեւորդներէն: Քայիտա խումբին վրայ հիմնուած հսկայ ամբողջութիւն մը ըլլալէ աւելի, ժիհատականութիւնը վերածուած է աւելի ցրուած ցանցի մը` բաղկացած մեծաթիւ տարբեր բաժիններէ: Այդ բաժինները կը ներառեն կորիզ համարուող Քայիտա խումբը` նախապէս ղեկավարուած Պըն Լատենի կողմէ, զանազան շրջանային (արտօնագրեալ) խումբերու ցանց մը, ինչպէս` Արաբական թերակղզիի Քայիտան եւ, մեծաթիւ շարք մը տեղայնական գործիչներ, որոնք կը յարին ժիհատական գաղափարաբանութեան, բայց պաշտօնապէս որդեգրուած չեն Քայիտայի կորիզին կամ շրջանային արտօնագրեալ  խումբերէն մէկուն կողմէ:

Քայիտայի կորիզը միշտ եղած է բաւական փոքր եւ ընտրանի առաջապահ մը: 11 սեպտեմբերէն ի վեր Միացեալ նահանգներու կառավարութեան եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ բաւական ճնշում բանեցուած է այդ կորիզի կազմակերպութեան վրայ: Այդ ճնշումին իբրեւ արդիւնք` սպաննուած կամ ձերբակալուած են Քայիտայի պատասխանատուներէն շատեր, ինչպէս նաեւ այդ ճնշումին շնորհիւ խումբը փոքր պահուած է` գործողութիւններու իրագործման վերաբերեալ սպառիչ ապահովական մտահոգութիւններուն պատճառով: Այդ կղզիացած խումբը թաղած է իր գործունէութիւնը Փաքիստանի մէջ, եւ այդ մեկուսացումը նկատառելիօրէն  սահմանափակուած նուաստացուցած է յարձակումներ վարելու անոր կարողութիւնը: Այդ բոլորը պատճառ դարձած են, որ Քայիտայի կորիզը դառնայ գլխաւորաբար կազմակերպութիւն մը, որ քարոզչութիւն կը կատարէ եւ առաջնորդութիւն ու ներշնչում կը հայթայթէ միւս ժիհատական մասնիկներուն` փոխանակ ըլլալու կազմակերպութիւն մը, որ կեդրոնացած է գործողութիւններ վարելու վրայ: Մինչ Պըն Լատեն եւ Քայիտայի կորիզը մամուլին կողմէ մեծ ուշադրութեան արժանացած են, կորիզի խումբը կը պարունակէ ժիհատական աւելի մեծ շարժումին միայն շատ փոքր մէկ մասը:

Վերլուծելով ժիհատական շարժումին եւ մնացեալ աշխարհին միջեւ գոյութիւն ունեցող պատերազմը` մենք կ՛եզրակացնենք, թէ պատերազմի դաշտը բաժնուած է երկու որոշակի բաժիններու` ֆիզիքական ուղղակի ճակատումի դաշտ եւ գաղափարաբանական ճակատումի դաշտ: Քայիտայի կորիզի խումբին դէմ 9 սեպտեմբերէն ետք եղած յարձակումը ականահարեց ֆիզիքական ուղղակի ճակատումի դաշտին մէջ գործելու անոր կարողութիւնը: Վերջին քանի մը տարիներուն անոնք իրենց պայքարը սահմանափակած են գաղափարաբանական ճակատումի դաշտին մէջ` մղելով քարոզչական պատերազմ մը եւ յառաջ տանելով ժիհատականութեան գաղափարաբանութիւնը` փորձելով ծայրայեղականութեան տանիլ իսլամները, եւ` գործի մղելով զանոնք: Միշտ կայ այն վտանգը, որ եթէ ճնշումը վերցուի այդ կորիզէն, անիկա կրնայ վերակազմակերպուիլ եւ վերադառնալ ֆիզիքական պայքարին: Բայց ճնշումը անողորմ եղած է եւ խումբը անկարող եղած է վերադառնալու 11 սեպտեմբերէն առաջ իր ունեցած գործելու կարողականութեան: Ատոր իբրեւ արդիւնք` Արաբական թերակղզիի Քայիտային նման տեղայնական եւ արտօնագրեալ խումբերը ղեկավարի դիրք ստանձնեցին ֆիզիքական ուղղակի ճակատումի դաշտին վրայ:

Ինչպէս նշած ենք ժիհատական շարժումի մեր տարեկան նախատեսութեան մէջ, Քայիտայի կորիզի խումբը ոչ միայն ծածկուած է ֆիզիքական ուղղակի ճակատումի դաշտին վրայ, այլեւ վերջին քանի մը տարիներուն անիկա շուքի տակ առնուած է նաեւ գաղափարաբանական ճակատումի դաշտին վրայ: Արաբական թերակղզիի Քայիտայի նման խումբեր սկսած են որոշել ոճը գաղափարաբանական մարզին: Օրինակի համար, անոնք կոչ ուղղեցին իսլամներուն, որ որդեգրեն առանց ղեկավարի դիմադրութեան ձեւը, փոխանակ խումբերու միանալու համար երկիրէ երկիր ճամբորդելու, եւ ինչ որ նկատեցինք, Քայիտայի կորիզը հետեւեցաւ Արաբական թերակղզիի Քայիտայի առաջնորդութեան` փոխանակ ինք որոշելու ընթացքը: Կը հաւատանք, որ այդ զիջումը ցուցանիշ է Քայիտայի կորիզի տկարութեան, ինչպէս նաեւ գաղափարաբանական ճակատումին վրայ յարակից մնալու անոր պայքարին: Նաեւ անհամաձայնութիւններ եղած են ժիհատական շարժումի զանազան դերակատարներու միջեւ սկզբունքային հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս, օրինակ, օտարներ թէ տեղական ապահովական ուժեր թիրախ դարձնելը կամ այն յարձակումները, որոնց ընթացքին զոհ կ՛երթան իսլամներ:

ԷՄԻՐԸ ՄԱՀԱՑԱՒ, ԿԵՑՑԷ՛ ԷՄԻՐԸ

Մինչ Քայտայի կորիզը լուսանցքայնացած է վերջերս, անիկա կիրարկած է գործունէութեան լաւ ապահովութիւն մը եւ կրցած է իր գագաթի ղեկավարութիւնը պաշտպանել շուրջ տասը տարի մարդկային պատմութեան ամէնէն բուռն հետապնդումէն: Բացայայտ է, որ անիկա հաշուի առած էր իր գագաթի ղեկավարներէն մէկուն կորուստը եւ` ըստ այնմ ծրագրած: Այսինքն Պըն Լատեն եւ անոր փոխանորդը` եգիպտացի բժիշկ Այման Զաուահիրին պահել տարբեր վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ`ունենալ փոխանորդ նշանակելու ծրագիր մը: Առաւել, կասկած չկայ, որ Զաուահիրին յաջորդ հրամանատարն է կորիզի խումբին: Նոյնիսկ նախքան Պըն Լատենի մահը` մեծաթիւ վերլուծաբաններ Զաուահիրին կը նկատէին պատասխանատուն Քայիտայի բոլոր գործողութիւններուն, այլ խօսքով` «գլխաւոր գործադիր պաշտօնատար»ը, իսկ Պըն Լատեն` աւելի անուանական պետը կամ «տնօրէն կազմի նախագահ»ը: Պըն Լատենը սպաննելու գործողութեան ատեն հաւաքուած տեղեկութիւնները կրնան տրամադրել բանալիներ` գտնելու ուրիշ ղեկավարներ: Ատիկա կրնայ ջղագրգիռ դարձնել զանոնք` հակառակ գործողութիւններու լաւ ապահովութիւն կիրարկելու իրենց ջանքերուն:

Վստահաբար Պըն Լատեն կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր, որ կրցաւ մեծ գումարներ ապահովել, եւ որ 9 սեպտեմբերէն ետք վերածուեցաւ միջազգային դէմքի մը: Այդ պատճառով դժուար պիտի ըլլայ զայն փոխարինելը: Միեւնոյն ատեն ժիհատական շարժումը ապահովութեամբ անցած է շարք մը ազդեցիկ անձնաւորութիւններու կորուստի տագնապէն` սկսեալ Ապտուլլա Ազզամի ահաբեկութենէն անցնելով Կոյր շէյխի եւ Խալետ շէյխ Մոհամետի ձերբակալութենէն եւ հասնելով մինչեւ Ապու Մուսապ Զարքաուիի մահը: Այդուհանդերձ, այդ կորուստներով հանդերձ, գաղափարաբանութիւնը շարունակուած է, նոր անդամներ զինուորագրուած են եւ նոր ղեկավարներ բարձրացած են` լեցնելու ստեղծուած պարապը: Շատ աւելի դժուար է սպաննել գաղափարաբանութիւններ, քան` անհատները: Յատկապէս` այն գաղափարաբանութիւնները, որոնք իրենց հետեւորդները կը քաջալերեն, որ նահատակուին, անոնց ղեկավարները ըլլան ողջ կամ մահացած: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք չենք հաւատար, որ Պըն Լատենի մահը պատճառ պիտի դառնայ համաշխարհային ժիհատական շարժումի մահուան: Մարդ մը մահացաւ, բայց գաղափարաբանութիւնը կը շարունակէ ապրիլ:

ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ

Ժիհատականութեան գաղափարաբանութեան գոյատեւումը կը նշանակէ, թէ ահաբեկչութեան սպառնալիքը կը մնայ: Լաւ լուրը այն է, որ մինչ կ՛իջնենք ժիհատականութեան բուրգն ի վար, Քայիտայէն մինչեւ շրջանային արտօնագրեալ եւ տեղայնական խումբերը, անհատներուն ահաբեկչական ձիրքերը կը նուազին եւ անոնց ներկայացուցած վտանգը այդքան լուրջ չ՛ըլլար: Վստահաբար տեղայնական ահաբեկիչները կրնան եւ պիտի շարունակեն սպաննել մարդիկ, բայց անոնց կը պակսի ցնցիչ, ռազմավարական յարձակումներ կազմակերպելու կարողութիւնը: Հետեւաբար, հակառակ անոր որ սպառնալիքը աւելի լայնատարած եւ աւելի դժուար վերահսկելի կը դառնայ, միեւնոյն ատեն աւելի նուազ սաստիկ կը դառնայ: Յստակ է, որ պիտի ըլլան կարգ մը, մտահոգութիւններ, ինչ կը վերաբերի մեծ յարձակումի մը իբրեւ վրէժխնդրութիւն Պըն Լատենի մահուան: Իրողապէս ժիհատականներ երկար ժամանակէ ի վեր կը սպառնան յարձակումներ կատարել բանալի անձնաւորութիւններու ձերբակալումներուն եւ սպանութիւններուն առ ի պատասխան: Սակայն վերլուծականօրէն կրնանք ըսել, թէ այն գաղափարը, թէ` Քայիտան կամ անոր շրջանային արտօնագրեալ խումբերէն մէկը պատրաստ ունի մեծ գործողութեան մը յատակագիծը Պըն Լատենի մահուան առիթով, պարզապէս տրամաբանական չէ: Առաջին, Քայիտայի կորիզը 9 սեպտեմբերէն ի վեր մեծաթիւ յարձակումներ փորձած է կատարել Միացեալ նահանգներու դէմ, եւ նոյնը փորձած են արտօնագրեալ խումբերը, ինչպէս` Արաբական թերակղզիի Քայիտան: Այդ դաւերը չյաջողեցան, ոչ թէ որովհետեւ անոնք չփորձեցին: Ժիհատականներ նաեւ մեծաթիւ ապարդիւն սպառնալիքներ ըրած են, ինչ կը վերաբերի 9 սեպտեմբերի շարունակութիւն մը իրագործելուն, բայց միայն իրենք զիրենք խայտառակած են հետապնդման իրենց անկարողութեամբ: Երրորդ, այնքան մեծ թիւով դաւեր խափանուած են վերջին տասնամեակին, որ եթէ Քայիտայի կորիզը կամ արտօնագրեալ խումբ մը ունենար իրագործուելու պատրաստ ծրագիր մը, պիտի չյապաղեր` ինքզինք դնելով յայտնաբերուելու եւ խափանուելու վտանգին տակ: Փոխարէնը` ան անմիջապէս պիտի գործադրէր այդպիսի յարձակում մը: Առաւել, ժիհատականները, յատկապէս` տեղայնական եւ շրջանային արտօնագրեալ խումբերու մակարդակի վրայ եղողները, չեն ցուցաբերած նախապէս պատրաստուած ծրագիրներ իրագործելու այն կատարելագործուած համակարգը, զոր դրսեւորուած են Հըզպալլայի նման խումբերու կողմէ: Անոնք ընդհանրապէս կը ջանան աշխատիլ յարձակման աննախադէպ ծրագիրներու վրայ եւ գործադրել զանոնք, ե՛րբ որ պատրաստ ըլլան:

Վստահաբար ժիհատականներ յարձակումներ կը ծրագրէին Միացեալ Նահանգներուն դէմ` նախքան Պըն Լատենի մահը, եւ այսօր ալ կան ժիհատականներ, որոնք յարձակումներ կը ծրագրեն: Սակայն այդ անհատները հաւանաբար պիտի շարունակէին իրենց ծրագրումը եւ վերջ ի վերջոյ նաեւ` յարձակումը, եթէ կարելի ըլլար, անկախ Պըն Լատենի վախճանէն: Արդեօք այն խումբերը, որոնք յարձակումներ պիտի կազմակերպեն ապագային, պիտի ըսե՞ն, թէ անոնք վրէժխնդրութիւն են Պըն Լատենին համար: Հաւանաբար: Արդեօք պիտի փորձէի՞ն այդ ձեւի յարձակում մը, եթէ ան տակաւին ողջ ըլլար: Հաւանաբար:

Սակայն պատահարէն մղուած անհատներու կամ խումբերու կողմէ ամերիկեան կամ արեւմտեան այլ թիրախներու ուղղուած ցած մակարդակի ինքնաբուխ յարձակումներու հաւանականութիւնը գոյութիւն չունի: Այդ ձեւի յանպատրաստից յարձակում մը աւելի հրացանաձգութեան ձեւով պիտի ըլլայ, քան թէ` պայթուցիկ նիւթերու գործածութեամբ, ուստի ամերիկեան կառավարութիւնը բաւական լաւ պատճառ ունի զօրացնելու իր ապահովական միջոցառումները ամբողջ աշխարհի շուրջ:

Այս բոլորին արդիւնքը այն է, որ համաշխարհային ժիհատական շարժումի սպառնալիքը պիտի շարունակէ գոյատեւել մօտիկ ապագային` առանց իրական փոփոխութեան: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Քայիտայի կորիզին վրայ ճնշումը պէտք է պահուի, որպէսզի ան առիթ չունենայ ինքզինք գտնելու, վերազինուելու եւ վերադառնալու Միացեալ Նահանգներուն դէմ յարձակման: Ճնշումը նաեւ պէտք է պահուի ժիհատական «արտօնագրեալ խումբերուն վրայ, որպէսզի անոնք չկարենան աճիլ գործունէութեան մէջ այնքան, որ դառնան միջազգային, ռազմավարական սպառնալիքներ: Վերջապէս, տեղայնական ժիհատականներ յայտնաբերելու ջանքերը պէտք է շարունակուին, նախքան որ անոնք կարենան յարձակումներ կատարել «կակուղ» թիրախներու դէմ: Բայց այդ նոյն հրամայականները ի զօրու էին անցեալ շաբաթ եւս. ոչինչ փոխուած է մարտավարական գետնի վրայ:

Մեծ փոփոխութիւնը հաւանաբար տեղի կ՛ունենայ քաղաքական գետնի վրայ: Պըն Լատենի Խայպեր-Փախթունխուա նահանգին մէջ (նախապէս ծանօթ` իբրեւ Հիւսիս-արեւմտեան սահմանային նահանգ) գտնուիլը զարմանք չպատճառեց. մենք այդ հաւանականութիւնը կը քննարկենք 2005-էն ի վեր: Մենք նաեւ խօսած ենք Միացեալ Նահանգներուն եւ Փաքիստանի միջեւ անվստահութեան եւ կասկածամտութեան մասին, որ յստակօրէն ապացուցուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ առնուած միակողմանի քայլով: Նկատառելի բանը, որուն պէտք է ուշադիր ըլլանք պիտի ըլլայ Փաքիստանի կառավարութեան եւ հանրութեան հակազդեցութիւնը ներխուժման նկատմամբ: Անցեալին Փաքիստանի կառավարութիւնը ստեղծագործ ձեւեր կը գտնէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առած քայլերուն նկատմամբ իր դժգոհութիւնը ցոյց տալու մէջ, ինչպէս, օրինակ, ըրաւ, երբ անուղղակիօրէն մղեց Փաքիստանի հանրութիւնը` կողոպտելու եւ կործանելու Իսլամապատի ամերիկեան դեսպանատունը, նոյեմբեր 1979-ին: Մինչ պարզ փաքիստանցին շատ մտահոգուած չէ պըն Լատենով, հանրային կարծիքը հետզհետէ աւելի բուռն ընդդիմութիւն կը ցուցաբերէ Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ կատարուած գործողութիւններուն նկատմամբ: Այս գործողութիւնը կրնայ հրահրել այդ զգացումները: Այդ երկու գործօններէն կրնանք հասկնալ, թէ յառաջիկայ շաբաթները կրնան շատ լարուած ժամանակներ ըլլալ այդ երկիրին մէջ Միացեալ նահանգներու դիւանագիտական եւ առեւտրական շահերուն համար:

ՍՔԱԹ ՍԹԻՈՒԸՐԹ

«Սթրաթֆոր»

Share this Article
CATEGORIES