ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՄԱՅԵՄԻ ՀԻԹ` ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Մայեմի Հիթ 83-80 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 4-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Շիքակօ Պուլզի վրայ, հանդիսացաւ Արեւելեան շրջանի ախոյեան:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 28 կէտ, իսկ անոր խմբակիցներ Տուայն Ուէյտ եւ Քրիս Պոշ յաջորդաբար` 21 եւ 20 կէտ: Տերիք Ռոզ (Պուլզ) նշանակեց 25 կէտ:

Այժմ, Էն. Պի. Էյ.ի մրցումներուն աւարտականին, Հիթ իր դէմ պիտի ունենայ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած Տալաս Մավըրիքսը: Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 1 յունիսին` Մայեմիի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES