ՖՈՐՄԻՒԼԱ – 1. ՎԵԹԵԼԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄՈՆԱՔՈՅԻ ՄԷՋ

Սեպասթիան Վեթել

Երէկ տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա -1-ի 2011-ի աշխարհի ախոյեանութեան վեցերորդ կրան փրին` Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա):

Ախոյեան Սեպասթիան Վեթել (Գերմանիա) իր ինքնաշարժին` Ռընոյի հետ յաջողեցաւ հանդիսանալ ախոյեան, այսպիսով  արձանագրելով տարեշրջանի իր հինգերորդ յաղթանակը` արձանագրելով հարուստ այս կրան փրիին: Ան արձանագրեց 2 ժամ 9′ 38” արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը  գրաւեց Ֆեռարիի սպանացի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (1” ուշ), իսկ երրորդ դիրքը` Մաքլարընի անգլիացի վարորդ Ենսըն Պաթըն (2″ ուշ):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Վեթել, որ ունեցաւ 143 կէտ, 58 կէտով կը գերազանցէ անգլիացի Լուիս Հեմիլթընը (Մաքլարըն- Մերսետես), որ ունի 85 կէտ` ընդհանուր դասաւորման մէջ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի աւստրալիացի Մարք Ուեպըր (Ռընօ), որ ապահոված է 79 կէտ:

Գերմանացի Միքայէլ Շումախըր (Մերսետես), որ այս վազքուղիին վրայ անցեալին լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէր, 32-րդ լեփին ինքնաշարժի խանգարում ունենալով կրան փրին չկրցաւ ամբողջացնել չորս այլ վարորդներու նման:

Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, Ռընօ 222 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, 161 կէտ ունի Մաքլարըն – Մերսետես, իսկ 93 կէտ` Ֆեռարի:

 

Share this Article
CATEGORIES