ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՇՐՋԱՎԱԶՔ. ՔՈՆԹԱՏՈՐ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Ալպերթօ Քոնթատոր

Նախանցեալ օր աւարտեցաւ Իտալիոյ հեծելարշաւի շրջավազքը, երբ տեղի ունեցաւ 21-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ անգլիացի Տէյվիտ Միլարի (Կարմեն-Սերվելօ) յաղթանակով: Վերջինս Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած ժամացոյցի դէմ անհատական մրցումին արձանագրեց 30′ 13” արդիւնք մը:

Տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Ալպերթօ Քոնթատոր Վելասքօ (Սաքսոպանք-Սունկարտ), որ արձանագրեց 84 ժամ 5′ 14” արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց իտալացի Միշել Սքարփոնի (Լամփրէ)` 6′ 10” ուշացումով:

Share this Article
CATEGORIES