ԱՅԼ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Շարունակուող երկու մեծ եւ ծախսալից ազգային ռազմափորձերը ջնջելու մասին Թուրքիոյ բանակին որոշումը յայտարարուեցաւ երեքշաբթի (24 մայիս) երեկոյեան` առանց յաւելեալ բացատրութիւններու: Ասիկա հրահրեց անձկութիւն, ինչպէս նաեւ` ջնջուելու պատճառներուն վերաբերեալ շահարկումներ: Բանակը այս որոշումը հրապարակեց իր կայքէջին վրայ, երեքշաբթի, 24 մայիսին երեկոյեան, իսկ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ եղաւ միակ պաշտօնատարը, որ չորեքշաբթի բացատրութիւն տուաւ այդ որոշումին մասին: Սակայն նախարարին բացատրութիւնը նուազագոյն չափով իսկ չբաւարարեց թրքական հանրութիւնը: Վեճտի Կէօնիւլ ըսաւ.

«Ջնջելու որոշումը Թուրքիոյ գլխաւոր սպայակոյտի ներքին որոշումն է»:

Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երկու մեծ ռազմափորձեր, որոնք երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած էին, կրնան ջնջուիլ առանց բացատրութեան եւ քաղաքացիական իշխանութեան ներկայացուցիչ մը, այսինքն, պաշտպանութեան նախարարը, խօսելով յանուն կառավարութեան, չի կրնար ներկայացնել պատճառ մը, որ գոհացնէ հանրութիւնը:

Քանի որ ռազմափորձերը ջնջելու վերաբերեալ գոհացուցիչ բացատրութիւն չտրուեցաւ, հարցը շահարկումներու կ՛ենթարկուի:

Այս շահարկումներու շարքին են այն պնդումները, թէ թրքական զինեալ ուժերը կը ձգտին հրապարակաւ ցուցադրել իշխանութեան համար իրենց պայքարը կառավարութեան հետ:

Այս տեսակէտը մշակելէ առաջ` վերադառնանք ռազմափորձերը ջնջելու վերաբերեալ սպայակոյտի որոշումին յայտարարութեան: Սպայակոյտը հրապարակեց հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, իր կայքէջին վրայ, ուր ան կը հաստատէ, որ Տենիզքուրտու – 2011 (ծովագայլ) եւ Էֆես – 2011 (Եփեսոս) միացեալ ռազմափորձերը, որոնց ընթացքին իսկական զինամթերք պիտի օգտագործուէր ջնջուած են, ուստի 25 մայիսին նախատեսուած լրագրողներու համար այդ առիթով ծրագրուած շրջագայութիւնը նոյնպէս տեղի պիտի չունենայ:

Սպայակոյտը նոյնիսկ չհամարձակեցաւ բացատրել այս որոշումը, որ տրուեցաւ «Տենիզքուրտու»ի արեւելեան միջերկրականի մէջ մեկնարկէն 7 օր ետք եւ Եգէական ծովուն մէջ «Էֆես»ի մեկնարկէն շուրջ երեք շաբաթ ետք: Կը նախատեսուէր, որ «Էֆես» աւարտի 29 մայիսին, իսկ «Տենիզքուրտու»` 26 մայիսին: Երկու ռազմափորձերն ալ տեղի կ՛ունենան երկու տարին անգամ մը եւ երկուքն ալ Թուրքիոյ ուժին մասին պատգամներ են` ուղղուած դրացի Յունաստանին:

Ծախսալից այս երկու ռազմափորձերը ջնջելու որոշումը բացատրելու սպայակոյտի ձախողութիւնը իր լրումին հասցուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Կէօնիւլի յայտարարութիւնը, թէ որոշումները տրուած են յետ ներքին արժեւորումներու, զորս կատարած է սպայակոյտը (թէ` ատիկա բանակին ներքին որոշումն է), այսպիսի բան մը անընդունելի է որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ:

Կէօնիւլի նկատողութիւնները, նշումները մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ ան այլ երկրի մը նախարարն է:

Ջնջելու որոշումին մասին համոզիչ բացատրութեան մը ձախողութիւնը եւ Կէօնիւլի յայտարարութիւնը, թէ որոշումը տրուած է բանակին կատարած ներքին արժեւորումին իբրեւ արդիւնք, մեզ կը մղեն ենթադրելու, թէ այս որոշումը աւելի կապ ունի ղեկավարող քաղաքական ուժին դէմ իշխանութեան համար պայքարին հետ:

Հանգստեան կոչուած բանակային իմ աղբիւրներս կը նշեն, թէ անբնական է, որ այսքան մեծ ռազմափորձեր ջնջուին առանց բացատրութեան եւ առանց հիմնաւոր պատճառի, ինչպէս, օրինակ, վտանգաւոր  իրավիճակը ծովերուն մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան ռազմափորձերը:

Կը թուի, թէ բանակին այս որոշումը կը նպատակադրէ պատգամ մը ուղղել կառավարութեան, թէ բանակը տակաւին կը պահէ իր առանձնաշնորհեալ կարգավիճակը, եւ թէ ան կրնայ որոշումներ տալ, նոյնիսկ` մետասաներորդ պահուն, առանց տեղեակ պահելու քաղաքական իշխանութիւնը:

Այս պատգամին ընդմէջէն սպայակոյտը նաեւ մտադրած է մղում տալ, աշխուժացնել բարոյականն ու կորովը իր տարազաւորներուն եւ քաղաքային համակիրներուն, որոնք այն համոզումը ունին, թէ պետական հարուածներու դաւերու յանցանքին համար ամբաստանուած բազմաթիւ գործող եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու շարունակուող դատավարութիւնները քաղաքական դրդապատճառներ ունին:

Կասկածելիները դատական հետապնդումի հոլովոյթին կ՛ենթարկուին այն մեղադրանքներուն համար, թէ հրահրած են զինեալ սադրանքներ` կառավարութիւնը տապալելու համար: Բան մը, որ սահմանադրական յանցանք է:

Ըստ իմ լաւատեղեակ աղբիւրներուս, քանի որ ռազմափորձերը սկսած էին եւ յաջող կ՛ընթանային, նաեւ ենթադրաբար կատարած էին իրենց առաքելութիւնը, այդ ռազմափորձերու ջնջուիլը ժխտական ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենար զինուորականներուն վրայ:

Բանակը, այսպիսով, նաեւ կրնայ մտադրած ըլլալ ռազմափորձերը ջնջելու որոշումը ի նպաստ իրեն օգտագործել` տնտեսական ծանր տագնապի մէջ գտնուող Յունաստանին տալով պատգամ մը, թէ Թուրքիա լաւ ժեսթ մը կ՛ընէ իր դրացիին:

Թուրքիա եւ Յունաստան զգալիօրէն բարելաւած են իրենց քաղաքական կապերը, բայց խոր արմատներ ունեցող Եգէականի մէջ գերիշխանութեան վէճերը կ՛առկախեն հաշտութիւնը, լուծումը:

Այդուհանդերձ, բանակը պէտք է աւելի պատասխանատու ձեւով գործէ, երբ կու տայ որոշումներ, որոնց շուրջը անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ քաղաքական իշխանութեան եւ ընտրուած կառավարութիւններու համար, երաշխաւորելով, որ զինեալ ուժերը պատմական ձեւով չեն գործեր:

ԼԱԼԷ ՔԵՄԱԼ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES