ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պատուեց Լիբանանի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու տղոց ազգային խումբը` «Քաունթրի լոճ»ի համալիրին մէջ:
Լիբանանի ազգային խումբին այս մեծարումը կատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան փայլուն արդիւնք արձանագրելով ապահոված էր Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Այս առիթով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ շնորհաւորեց մարզիկներուն կատարած այս իրագործումը` անոնց մաղթելով յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն:
CATEGORIES Մարզական

