5253 ԶՈՅԳ ՆԱՅՔԻ ՎԱՃԱՌԱՆԻՇՈՎ ՄԱՐԶԱԿՕՇԻԿՆԵՐ` ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Հայ օգնութեան միութիւնը (ARS – WUSA), գործակցաբար Միացեալ հայկական հիմնադրամին եւ Կաթողիկէ առաքելութեան խորհուրդին, Հայաստան ուղարկած է 5253 զոյգ Նայքի վաճառանիշով մարզակօշիկներ:

Այդ կօշիկները նկատի առնուած են Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ մարզանքով զբաղող երեխաներուն համար:

Նմանօրինակ բարեգործութիւն կատարելով ՀՕՄ-ի նպատակն է երեխաները առաւելագոյնս ներգրաւել մարզանքի աշխարհին մէջ:

ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը կը գործեն ամբողջ աշխարհի տարածքին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ՀՕՄ-ը ունի երկու մանկապարտէզ, երիտասարդական կեդրոններ` Ջաւախքի մէջ, ինչպէս նաեւ կը  հովանաւորէ կրթական շարք մը ծրագիրներ:

Հայաստանի մէջ գտնուող ՀՕՄ-ի գրասենեակը յայտարարեց, որ արդէն իսկ այդ կօշիկները կը գտնուին Երեւանի մէջ: Սակայն զանոնք բաժնելու աշխատանքները ցարդ սկսած չեն:

 

Share this Article
CATEGORIES