Լիզպոնի 30-ամեակ. «Տարոսը` Մեզի*»

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Ամերիկա մեկնելէս առաջ իմացեր էի, թէ Սիմոնիկենց ընտանիքը փոխադրուեր էր Այնճար` մեղմացնելու համար Սիմոնիկին շնչառութեան դժուարութիւնները:  Այնճարի մաքուր օդը պիտի օգնէր անոր:

Տարիներ ետք, Պէյրութ կատարած այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, փոքր եղբօրս` Յարութին հետ գացինք Ամանոս թաղը` ընկերոջ մը այցելելու իր մեքենագործի աշխատանոցին մէջ:  Մութ էր աշխատանոցը:  Պատանի մը, գրեթէ երիտասարդ, ժպտացող աչքերով մօտեցաւ ինծի:  Յարութը տեսնելով` շփոթս բացատրեց.

– Չճանչցա՞ր:  Սիմոնիկն է:

Ողջագուրուեցանք ու հակիրճ խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ յաղթահարած էր շնչառութեան դժուարութեանց:  Այլեւս երիտասարդ` աշխատանքի էր սկսած:  Իմ գիտցած երեխան չէր: Երիտասարդ էր ու պատրաստ` կեանք մը կերտելու, կեանքը վայելելու:

Հրաշալի էր անակնկալը, ինչպէս սքանչելի էր Սիմոնիկին հաղորդական, ջերմ ժպիտը:

Բայց…

***

Կրկին Պէյրութ եմ 1983-ի ամրան:

Չորեքշաբթի առաւօտ մը ուղղուեցայ դէպի Անթիլիասի հրապարակը: Հոն` ճամբու ձախին, նպարավաճառի, մսագործի եւ այլ խանութներու արանքին նշմարեցի անխուսափելի կօշիկի ներկարարը, նստած` իր սնտուկին ետեւը: Ժամանակը, այս պարագային անցնող գրեթէ երկու տասնամեակ, կանգ էր առած, անշարժացած էր այդ մարդուն եւ իր ներկերու տուփին մօտ: Կը նստէր հոն, ուր նշմարեցի զինք այդ առաւօտ, եւ կամ հանդիպակաց մայթին, եկեղեցւոյ եւ տարբեր նպարավաճառի մը խանութին միջեւ` մաքրելու կօշիկները հաւատացեալներուն,  որոնք յայտնօրէն մաքրած կ՛ըլլային իրենց ներաշխարհը` եկեղեցւոյ մէջ: Ոչինչ փոխուած էր այդ մարդուն եւ իր սնտուկին մէջ:

Մօտեցայ, քովը` գետնին, թերթ մը կար, չէր կարդար: Զբաղած էր նոր գնած տանձերը դասաւորելով: Արշաւող բանակները յաջողեցան շատ բան կործանել, բայց լիբանանեան տանձն ու պտուղները ընդհանրապէս պահեցին իրենց քիմք խտխտացնող հիւթեղութիւնը:   Առաւ դեղնաւուն եւ մէկ կողմը ծիրանագոյն տանձ մը, քիչ մը ուշացած իր   նախաճաշն էր հաւանաբար:  Դանակը հանեց, ակնթարթի մը համար շեղբը շողաց առաւօտեան արեւուն տակ, եւ երբ պիտի ճեղքէր ծիրանի այտը տանձին, սնտուկին վրայ նշմարեց կօշիկը: Տանձը կեղուելու արարողութիւնը ընդհատուեցաւ, շեղբը անշարժացած էր տանձին վրայ: Տատամսումը` կեղուե՞լ, թէ՞ չկեղուել, տեւեց պահ մը միայն: Կօշիկս յաղթած էր փորձութեան: Բառ մ՛իսկ չարտասանեց, ոչ իսկ բարեւ մը` հակառակ սովորութեան: Վրձինեց նախ երիզները, խոզանակեց փոշին եւ սպունգին վրայ սեւ ներկը տեղաւորելէ ետք սկսաւ գործին: Լաւ էր, որ չէր խօսեր, այլապէս հազիւ թէ կարենայի պարզ զրոյց մ՛իսկ գլուխ հանել ողբերգական արաբերէնովս:

Կը զգամ, թէ մարդը մատով կը թակէ կօշիկին ներբանը: Մէկը վերջացած էր: Կը նայիմ իրեն, ինք գլուխը վեր դարձուցած կը դիտէ զիս: Կը փոխեմ ոտքս: Կը դիտեմ իր անմեղ, պատասխանի սպասող աչքերը  «վերջ պիտի գտնե՞ն այս բոլորը», հարցուցած էր քիչ առաջ: Ո՞վ կրնար իր ուզած պատասխանը գտնել, տալ: Պատասխանը վերածուած էր հեքիաթային այն «Հազարան պլպուլին», որուն ետեւէն ամբողջ երկիր մը կը վազէր` առանց հասնելու, կորսնցուցած ըլլալով իրենց նշանակէտին ուղղութիւնը: Որովհետեւ Լիբանանի մէջ հերոսութիւնը վաղուց չքացած էր: Հերոսներ չկային հոն: Հոն վատութիւնը հագած էր քաղաքական ու կրօնական այլազան ու յարափոփոխ դիմակ եւ` սարսափի մատնած երկիրը:  Այդ սարսափը, անդոհանքը կարելի էր կարդալ թերթերու մէջ տպուած կիներու, մանաւանդ երեխաներու զարհուրած դէմքերէն:

Մարդուն` ներկարարին հարցումը բոլորին մտքին մէջն էր եւ բոլոր զրոյցներուն ձեւով մը լէյտմոթիվը, չարտասանուած բաղձանքը: Կարելի էր երկարօրէն զրուցել որեւէ եւ ամէն նիւթի շուրջ, ի՛նչ որ չեն ըսեր, չեն բանաձեւեր, կը զգաս, կը լսես արձագանգը մարդուն հարցումին.

«Վերջ պիտի գտնե՞ն այս բոլորը»:

Պատասխանը, հէ՜յ, բարեկա՛մ, պէտք է փնտռել հոն` փողոցներուն մէջ, ուր արիւնի անսանձ խրախճանքէն արբեցողներ կը վխտան, եւ երբ այդ խելացնոր գինարբուքը դադրի, պատասխանը կու գայ եւ այլեւս չեն հարցներ:

Այս բոլորը մէկ անգամէն անցաւ երկրորդական գիծի վրայ:

Հանդարտ, եթէ այս բառը կարելի է գործածել Պէյրութի համար, իրիկուն մըն էր: Բարեկամներով նստած` գարեջուր կը խմէինք: Ժամը տասնի մօտերը ուրիշ մը եւս միացաւ խումբին: Ձեռք չդպցուց գարեջուրին: Պարզապէս նստաւ եւ յայտնեց ձայնասփիւռէն լսած նոր լուրը` Լիզպոնի դէպքին մասին: Մանրամասնութիւններ չկրցաւ տալ, յաջորդող օրերուն թերթերէն պիտի իմանայինք այդ բոլորը: Եթէ Լիբանանի քաֆքայական ողբերգութեան ակամայ հանդիսականներն էինք, ապա այս պարագային եղելութիւնը սերտօրէն կապուած էր մեզի հետ: Լիզպոնի մէջ զոհուած տղաքը մերն էին, Պուրճ Համուտէն: Այլեւս Պէյրութը իր անվերջանալի ռմբակոծումներով հետաքրքրական ըլլալէ դադրած էր: Մենք մեզի հետ էինք, մենք մեր կսկիծին մէջ փաղաղուած: Կար փոփոխութիւն մը, որ կարելի չէր բացատրել ու միեւնոյն ատեն կարելի չէր չզգալ նաեւ: Քսանամեայ տղոց հրկիզումը առանցքն էր խօսակցութեանց: Անոնց հարազատները պիտի ողբային կորուստները եւ բարեկամները պիտի բաժնէին այդ կսկիծը:

– Ինծի կրնա՞ս բացատրել, համոզել, թէ ինչո՞ւ զգուշ պիտի ըլլանք: Ի՞նչ ունինք կորսնցնելիք: Քանի մը տո՞ւն, քանի մը միլիոնի հասնող հարստութի՞ւն, որո՞ւ ճիւերուն: Ինչո՞ւ պիտի  չկարենանք պոռթկալ եւ ընել այնպէս մը, որ անոնք` թուրքերը իրենց հանգիստը վերջնականապէս կորսնցնեն: Ամբողջ երկիր մը խլուեցաւ մեզմէ եւ հիմա որո՞ւ հոգն է, եթէ քանի մը տուն եւս կորսնցնենք: Մեր զաւակնե՞րը, անոնք ալ թող սորվին, թող գիտնան, թէ ո՛վ են, եւ թէ ի՛նչ կ՛ակնկալենք իրենցմէ, եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն: Ի վերջոյ մարդու արժանապատուութիւնը պիտի պահե՞նք, թէ՞ շան պէս քարշ պիտի տանք մեր գոյութիւնը: Կրնա՞ս բացատրել:

Գիտէր բարեկամս ինք եւս, թէ բացատրուելիք ոչինչ կար: Վստահ չեմ, թէ այդ օր լսած էր կամ ոչ, թէ զոհուած տղոց ընկերները այցելած էին ծնողներուն եւ իբր` մխիթարանք` մեկնումի պահուն մաղթեր էին:

– Տարոսը մեզի:

Հարսանիք չկար: Մահուան հարսանիքի մեկնիլ փափաքողներու պակասն ալ չկար: Բարեկամիս փնտռած բացատրութիւնը այդ տղաքը տուեր էին երկու բառով: Այդ մէկ` «տարոսը», պէտք է խնայուի ի հեճուկս բոլոր զայրոյթներուն, պոռթկումներուն, դառնութիւններուն: Պուրճ Համուտը սուգի մէջ էր եւ այդքան սգաւոր չէր եղած: Սիմոնիկը, Արան ու իրենց ընկերները մեկներ էին իրենց նուիրական հերոսներու ճամբով` իրենց ետին ձգելով զիրենք վերապրողներու անզօր զայրոյթը, մղկտացող դառնութիւնը: Պուրճ Համուտը կը սպասէր անոնց աճիւններու վերադարձին: Անոր հողէն ծնունդ էին առեր եւ պիտի վերադառնային անոր: Երբ կը ձգէի Պէյրութը, տակաւին չէին հասած: Պիտի հասնէին քանի մը շաբաթ վերջ: Պէտք է մաղթել, որ նման թաղումներ խնայուին Պուրճ Համուտին, որովհետեւ իրենց եւ բոլորին երազներու իրագործումը մեռնելով չէ, որ պիտի իրականանայ:

 ***

Չարափաստիկ այդ օրուընէն անցած է ճիշդ երեսուն տարի:  Այդ պատանի երիտասարդներուն համար նպատակն ու իտէալը բիւրեղի նման անգայտ էին ու այնքա՜ն ականակիտ:  Գիտէին անոնք թերեւս, թէ ընտրեր էին առաքելութիւն մը, որուն ուղին կ՛ընթանար անվերադառնալիօրէն մէկ ուղղութեամբ:  Այդ ուղին էր, որ զիրենք կը տանէր հո՛ն, ուր իրենց մտապատկերներուն մէջ քանդակուած հերոսները  վաղուց էին հասեր, եւ ուր իրենք պիտի կարենային տեսնել զիրենք, զրուցել հետերնին եւ տեղեակ պահել զիրենք այն իրականութիւններու յառաջընթացին մասին, որ իրենք էին նախաձեռներ ի խնդիր հայրենի հողի ազատագրման, Թորգոմայ Մեծ Տան վերատիրացման:

Լիզպոնի այդ հրաչուի ու լուսաճակատ պատանիները երբեք չգիտցան, թէ եօթը տարի ետք իրենց զոհաբերումէն, երկիրն ու անոր համակարգը, որուն մաս կը կազմէր հայրենի հողէն կտոր մը, ինքն իր վրայ պիտի կքէր` յառաջացնելով իրենց երկրի երկրորդ հանրապետութիւնը, որուն նոր կեանքը պիտի սկսէր պատերազմով, պատերազմ` յանուն հայրենակերտումի, յանուն հայրենական տան վերահաստատման` արցախեան դիւցազնամարտով երաշխաւորուած:  Դիւցազնամարտ, որուն անտարակոյս իրենք եւս պիտի մասնակցէին տեսնելու համար ազատագրումը զաւթուած հայրենական հողերու մէկ շերտին` իրենց բաժինը բերելով միացեալ հայրենիքի ստեղծման նախաքայլին:

Ափսո՜ս իրենց զոհաբերումին:  Ափսո՜ս իրենց նուիրական խոյանքին:

Առաւել եւս, վկաները պիտի ըլլային անոնք իրենց անկախացած հայրենիքին աւելի քան քսանամեայ տատամսումներուն, կասկածներուն, ինքնավստահութեան պակաս թելադրող տատանումներուն, վերջնական չքացման:  Նոյն այդ վերազարթնած հայրենիքին, պետութեան մէջէն, ընդհանուր դատախազը ի վերջոյ պիտի խօսէր մեր ամբողջ ժողովուրդին անունով:   Ժողովուրդը աշխարհացրիւ էր ու պառակտուած թէեւ, բայց միասնականացած ամրօրէն հայրենիքի` «եօթնապատիկ խոցուած Տիրամայր», գաղափարին շուրջ: Ան` դատախազը վեր էր կեցեր եւ ոսկեբարբառ հնչեղութեամբ արտասանէր մեր լեզուի այն բոլոր բոցավառող բառերը տաղուած իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ, եւ որոնց պետական արտասանումին կը սպասէր մեր ժողովուրդը ամբողջ:  Ան կը հաստատէր, թէ թուրք պետութիւնը ամպայման դէմ առ դէմ պիտի գար իր պատմութեան հետ` մեր ցեղասպանութեան ճանաչումով:  Թէ` թուրք ժողովուրդն ու պետութիւնը պիտի հատուցէին ա՛յն, ինչ որ գողցեր էին մեզմէ, պիտի վերադարձնէին ա՛յն, ինչ որ մերն էր` մեր լքուած ու կիսակործան տաճարները, մեր մշակոյթի ու տնտեսութեան համագոյքը: Դեռ աւելի՛ն. ու անոր ելոյթին է՜ն ոգեշնչող ու կենդանի այն թելադրութիւնը, պահանջն ու հրահանգը ուղուած մեր իրաւաբանական աւագանիին` արժանաւոր յաջորդները նահատակեալ Զոհրապներուն, պատրաստելու Ցեղասպանութեան իրաւական, մանրակրկիտ փաստաթուղթերը` ներկայացնելու համար միջազգային ատեաններուն ու հիմնուելով անոնց վրայ` պահանջելու Հայաստանին վերադարձնելու զաւթուած հողերը, անմիջականօրէն սկսելով Կարսէն, Սուրմալուէն ու Նախիջեւանէն: Որովհետեւ ներկայ սահմանները վերջնական չեն, ապօրինի են, մեզի պարտադրուած ապօրինի իշխանութեան մը կողմէ:

Լիզպոնի երիտասարդները չունեցան բախտը հրճուելու ի տես թուրք պետութեան ջղաձիգ հակադարձին` ահռելիօրէն շշմեցնող, ապշեցնող անակնկալի հարուածէն: Չէին սպասեր շրջափակուած ափ մը պետութեան յանդգնութիւնը, եւ ութ օր ետք իրենց արտաքին գործոց նախարարը գոհացաւ միայն վրնջական լրբութեամբ լեցուն յոխորտալից ձաբռտուքով, թէ իրենք «քար մ՛իսկ չեն տար Հայաստանին»:  Հէգ նախարարը մոռցած էր, թէ իր կարծիքը հարցնող չկար: Նահատակեալ ժողովուրդի մը համընդհանուր զաւակներն էին, ներառեալ` մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնք  իրենց դատախազի ոսկեբարբառ խօսքերով ներկայացուցեր էին իրենց պարտամուրհակը:

Ու վերջապէս, այդ մատաղ դարձած տղաքն ու անոնց հայրերը եւ ժողովուրդը ամբողջ չհասկցան, պիտի չհասկնան բնաւ, որ երբ պետութեան դատախազը կը բանաձեւէր մեր պահանջները, ինչո՞ւ մեր նախագահը միայն չորս-հինգ տարի առաջ չարտայայտեց, չբանաձեւեց այդ բոլորը:  Չէ՞ որ ան է մեր երկրին, մեր ժողովուրդին ներկայացուցիչն ու մեր ժողովուրդին պահանջները դրսեւորող պետական առաջին այրը: Ինչո՞ւ չխուսափեցաւ դիւանագիտական փորձանաւոր ու լպրծուն սադրիչ նկատառումներէն, որպէսզի համազգային նոր տագնապը խնայէր մեր ժողովուրդին:  Ու անցնող չորս-հինգ տարիներու փորձառութիւնը վկայակոչելով, ինչո՞ւ յետս չի կոչեր իր ստորագրութիւնը տագնապին տուն տուող փրոթոգոլներէն` անվաւեր նկատելով զանոնք:  Թուրք պետութեան լկտի անարգանքը մինչեւ ո՞ւր պէտք է հասնի, որ ըլլանք այնքան մը Հա՛յ, որ այդ թուղթի կտորը շպրտենք իրենց մռութին:  Ինչո՞ւ հանդուրժենք ու բարեկիրթ ձեւանալ, երբ թուրք խուժանն ու ներքին գործոց նախարարը այնքան մը կը գռեհկանան, որ քալեն պաստառներու ետեւէն, որոնց վրայ գրուած են «Բոլորդ հա՛յ էք, բոլորդ բիճե՛ր» խօսքերը:

Եւ հուսկ ապա, թող հանգիստ ընեն այդ հրկիզուած բայց կրակէ երիտասարդները` Սիմոնն ու Արան, Վաչէն, Սեդրակն ու Սարգիսը:  Թող վստահ ըլլան, թէ` իրենց առաքելութիւնը չէ աւարտած, թէ` իրենց գաղափարականը կը մնայ անեղծ ու անաղարտ, թէ` անոնց շուրջ բոլորուած է ամբողջ իրենց ժողովուրդը` ամբողջ պողպատէ միասնականութեամբ, եւ թէ` ոչինչ է փոխուած զիրենք հրազինող հաւատքէն, բացի մէկ հատիկ, անդրդուելի ու համայնական մաղթանքէն.

– Տարոսը` Վանին ու Կարսին:

[email protected]

Օգոստոս 1983
Նիւ Եորք

Յուլիս 18, 2013
Լոս Անճելըս

* Հատուած` կարգ մը յաւելումներով, Փարիզի «ՅԱՌԱՋ»-ին մէջ 1985-ին տպուած «Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ» վերնագիրով յօդուածէն: 

Share this Article
CATEGORIES