ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄԱՆԷԻ ԳՈՅՆԵՐԸ

ԱՐԴԵՕՔ ԱՆՀՐԱԺԵ՞ՇՏ Է ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԶՆՆԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏԸ: ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՂ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ Ի՛ՆՉ ԲՈՅԹ, ԷՏՈՒԱՐ ՄԱՆԷԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՊՍՊՂԱԼ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՐԻԱՆ ՀԱՄԻԼԹԸՆ, ԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾԱԾ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԵՏԱՀԱՅԵԱՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ:

Այցելու մը կը դիտէ Մանէի «Պատշգամը» գեղանկարը, իրագործուած` 1869-ին:

Շուրջ 30 տարի անցած է Մանէի գործերուն նուիրուած յետահայեաց գլխաւոր վերջին ցուցահանդէսէն: Հետեւաբար Փարիզի մէջ այս գարնան բազմութիւններ ներգրաւող նոր ցուցահանդէս մը յատկանշական իրադարձութիւն մը պէտք էր ըլլար, ինչպէս է արդէն: Մոռցէ՛ք Մոնէն, որուն նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր Կրան Փալէի մէջ: Երբ հարցը կը վերաբերի արուեստի պատմութեան իսկական մեծերուն, Էտուար Մանէ կը դասուի լաւագոյններուն շարքին: Կարելի չէ յագենալ` դիտելով անոր գործերը:

Ցուցահանդէսը կազմակերպողներուն գլխաւոր դժուարութիւնը նորութիւն մը ըսելն էր, մանաւանդ` 1983-ի ցուցահանդէսին համապարփակ բնոյթէն ետք: Սակայն, նաեւ կարելի է մտածել, թէ ի՞նչ կարիք կայ անպայման նորութիւն մը ըսելու: Մէկուկէս սերունդ ետք շատեր անծանօթ են կատարուած վերջին ճիգին, իսկ անոնք որոնք ծանօթ են, շատ ուրախ պիտի զգային պարզապէս կանգնելով եւ իրենց հայեացքը սեւեռելով Մանէի պատկերած մութ սեւերուն, պայծառ ճերմակներուն եւ անկեղծ դէմքերուն: Ինչպէս ալ ձեւենք Մանէն, ան արտասովոր կարողութիւնը ունի իր տեսլականով եւ խուսանաւումներով ջերմ կապ մը ստեղծելու ակնդիրին հետ: Եւ ուր որ ալ տեղադրենք զայն, ան բոլորէն մեծ է` արուեստի իր թեքնիքին արմատական տարբերութեամբ եւ իր դիտանկիւնին անհատական դրոշմով:

Անշուշտ ներկայ ժամանակներուն ցուցահանդէս կազմակերպողները այս ձեւով չեն դիտեր իրերը: Հետեւաբար Միւզէ տ՛Օրսէյի մէջ անոնք մեզ կը դիմաւորեն աւանդական յետահայեաց ցուցահանդէսէ մը տարբեր մօտեցումով: Մանէ այլեւս չի նկատուիր իր վրձնահարուածներով, յղացքով եւ գոյներով արդի գեղանկարչութեան մեծ «նախահայրը»: Շատ աւելի հեռու` ան կը նկատուի իր ժամանակներուն յատուկ մարդ մը, որ շատ բան կը պարտի ուսուցումներուն, Թոմաս Քութուրի ուսուցումներուն, որ գիտակցաբար կամրջած է վիպերգական աւանդութիւնը` արդիապաշտութեան, որ կը շարունակէր իր գործերը ցուցադրել սալոններու մէջ` զզուանք պատճառելով իրեն ժամանակակից տպաւորապաշտներուն, եւ որ քաղաքական եւ մշակութային մակարդակներու վրայ լիովին դերակատար էր իր ժամանակներու ընկերային եւ ճարտարարուեստական յեղափոխութիւններուն մէջ:

«Յիսուս` նախատուած զինուորներուն կողմէ». Օրսէյի թանգարանին մէջ:

Կատարելապէս ընդունելի մօտեցում մըն է այս: 30 տարի առաջ քննադատներ համակուած էին հին ու նոր արուեստագէտներով` Վերածնունդի ժամանակներէն մինչեւ արդիապաշտութիւն, չափելով գեղանկարչութեան զարգացման մէջ անոնց ռահվիրայի դերին տարողութիւնը: Սակայն, թէեւ Մանէ ճամբայ ելած էր վերստեղծելու իր ստացած գեղանկարչական արուեստի ուսմունքը, ան ինքզինք չէր նկատեր արդիապաշտ մը այս առումով, եւ թերեւս մենք ալ պէտք չէ այս ձեւով դիտենք զայն:

Մինչեւ 3 յուլիս շարունակուող «Մանէ. մարդը, որ վերստեղծեց արդիապաշտութիւնը» վերնագիրով ցուցահանդէսին առաջին գործը Ֆանթեն Լաթուրի «Յարգանքի տուրք` Տըլաքրուայի» գործն է, զոր վիպերգակ գեղանկարիչը աւարտած է իր մահէն մէկ տարի առաջ: Ասիկա այն գործն է, որ կազմակերպողներուն մտքին մէջ արթնցուցած է ցուցահանդէսին բնաբանը: Այստեղ Մանէ կը դասուի Ուիսլըրի եւ Պոտլերի կողքին` իբրեւ վիպերգական աւանդական մեծ աւանդութեան պահապանն ու զայն արդիականացնողը եւ ոչ թէ` քանդողը:

Յաջորդ սրահին մէջ արդար վերաբերմունք ցոյց տրուած է Մանէի ուսուցիչ Քութուրի եւ անոր ներգործութեան, թէեւ ցուցահանդէսին պատասխանատուները ոչ նոյնքան յաջող կերպով զայն կ՛առնչեն Պոտլերի քաղաքային արդի կեանքի նոր ձեւի գեղանկարչութեան, որ կը միտէր փոխարինել այդ ժամանակներու պատմական եւ բարոյական գեղանկարչութիւնը: Ինչպէս հետագային տպաւորապաշտ գեղանկարիչներ պիտի նկատէին` Մանէ չէր յարմարեր այն դերերուն, զորս իրեն ժամանակակիցները պարտադրած էին իրեն: Ան գեղանկարիչ մըն էր, որ գիտէր իր արժէքը: Իրմէ առաջ Թըռնըրի պէս եւ իրմէ վերջ` Փիքասոյի, ան ճամբայ ելած էր մարտահրաւէր ուղղելու հին վարպետներուն, ոչ թէ տարբեր տեսլականով մը, այլ` նոր ոճով մը: Իրեն համար վրձնահարուածը ամէն ինչ էր, եւ զայն կ՛օգտագործէր` վերանորոգելու համար իր ժամանակներու արուեստը, ոչ թէ մարտահրաւէր ուղղելու ակնդիրին, այլ առիթ տալու, որ ան նոր ձեւով դիտէր զայն:

Ասիկա կարելի է վկայել սկիզբէն, առաջին սրահին մէջ, ուր կողք – կողքի ցուցադրուած են Քութուրի եւ անոր երիտասարդ աշակերտին կողմէ իրագործուած երկու դիմանկարներ. ծերունի գեղանկարիչին «Տ՛Ամիտի Պերժէի դիմանկարը», զոր ան գծած է 1852-ին եւ Մանէի «Մարդու մը դիմանկարը»` գծուած 3 տարի ետք: Քութուրի գործը ուժական է եւ պատշաճ, Մանէի դիմանկարը արդէն կ՛արտացոլէ ծանծաղ վրձնահարուածներ, նուրբ ակնարկութիւն մը կայ բարակ պեխի մը, աչքերը կը բացայայտեն ներքին զգացական կեանքը:

Ոչ մէկ արուեստագէտ երբեւիցէ իր պատկերած անձերը օժտած է արտաքին երեւոյթին ետին գտնուող բաներու զգացողութեամբ: Մանէ այս ձեւով կը գծէ աչքերը: Սակայն խորհրդաւոր կը մնայ, թէ ինչպէ՛ս: Անոր պատկերած տղամարդիկն ու կիները կը բացայայտեն միայն անցեալի յատուկ զգացում մը: Իր ապագայ քենիին` գեղանկարիչ Պերթը Մորիզոյի դիմանկարներով լեցուն պատ մը ապշահար կը ձգէ ակնդիրը: Մորիզօ իր կարգին հրաշալի գեղանկարիչ մըն էր եւ անոր գործերը ցոյց կու տան, թէ ան որքան լաւ արուեստագէտ մըն էր` Մանէի ոճով, սակայն իր սեփական զգացողութեամբ): Կարեւոր չէ, թէ այս դիմանկարները կը պատկերեն հոմանիներ, նորաձեւութեան հետեւող կիներ կամ գրագէտներ (ցուցահանդէսին մէկ մասը մեծ ճիգ կը թափէ Մանէն ներկայացնելու իբրեւ իր ժամանակներու կեանքի մեկնաբան մը), այլ կը նայինք անձի մը, որ իրական կեանք մը ունի իր ետին: Ասիկա Մանէն կը վերածէ Ռամպրանթի նման գերագոյն հաղորդականութեամբ օժտուած անձի մը, որ կ՛արտացոլէ այն ինչ որ մարդկային է:

«Մեռած մարդը» իրագործուած` 1864-1865-ին:

Հակառակ իր բազմաթիւ գեղանկարներուն մեծ ծաւալին, Մանէ այնքա՛ն հետաքրքրուած էր անհատով, որ չէր մտածեր կոթողայնութեան մասին: Ասիկա պատճառ դարձած է, որ ան չյաջողի իբրեւ կրօնական գեղանկարիչ: Ցուցահանդէսը սրահ մը յատկացուցած է անոր քրիստոնէական արուեստին: Ձգտումը ներկայ է: Թեքնիքը թարմ է, սակայն «Յիսուս` նախատուած զինուորներուն կողմէ» եւ «Մահացած Յիսուս` հրեշտակներուն հետ» գեղանկարները կը մնան ամօթալի: Օրսէյի թանգարանը այս մէկը կը վերագրէ արդի զգացողութիւններու փոփոխութեան, սակայն իրականութիւնը այլ է: Մանէ չի կրնար զգալ յաւիտենականն ու մականցականը: Իրեն համար այս նիւթին պատկերումը աւելի արհեստագիտական փորձ մըն է, միջոց մը` հին աւանդութեան մը մէջ կիրարկելու նոր ձեւի գոյներ:

Փարիզի սալոնները մեծ չափի գեղանկարներով տպաւորելու ձախողութենէն ետք Մանէ պատռած է մասեր իր պաստառներէն` սրելու համար ակնդիրին հայեացքը եւ աւելի հզօր ներգործութիւն ունենալու: Ցուցահանդէսին մէջ հոյակապ բաժին մը յատկացուած է անոր այս որոշումին: «Մեռած ցլամարտիկը», կատաղի ուժ խտացնող գործ մը, կու գայ ցլամարտի դաշտ մը պատկերող աւելի մեծ չափի գեղանկարէ մը: Ջուր խմող գեղջուկի մը նկարը կտրուած է աւելի բազմամարդ խումբ մը պատկերող «Գնչուները» գեղանկարէն:

Մանէ իր այնքա՛ն սիրած սպանական արուեստէն սորված էր, թէ ինչպէ՛ս հոյակապ մանրամասնութիւն մը, օրինակ` ծաղիկներով լեցուն ծաղկաման մը կամ պնակ մը ձուկը կրնար խորք տալ գեղանկարի մը: Թերեւս նման անշարժ կեանքերու ժողովրդականութեան գիտակցութիւնը ցուցահանդէսը կազմակերպողներուն մղած է զանոնք անտեսելու` իբրեւ արուեստի շուկային հաճելի թուելու ճիգի արդիւնք, թէեւ անոնք նկատառելի թիւ մը կը կազմեն Մանէի գործերուն մէջ: Անտեսումը սխալ է, որովհետեւ անշարժ կեանքերը համարկուած էին Մանէի տեսլականին հետ:

Մանէն այս ձեւով սահմանելու ճիգը կը տկարանայ շուտով եւ կը ծառայէ արուեստագէտը դնելու նեղ շրջագիծի մը մէջ, փոխանակ լայնօրէն բանալու զայն: Ասիկա ճիշդ վարմունք մը չէ Մանէի նման մարդկային եւ անվերջ փորձարկութիւններու սիրահար արուեստագէտի մը նկատմամբ: Եթէ տրուած բացատրութիւններուն լրջօրէն կարեւորութիւն ընծայենք, ապա կը զգանք, թէ բռնի ներգրաւուած ենք դէպի ակադեմական հայեցակէտ մը:

Լուծումը հետեւեալն է. փորձութեան չմատնուիլ: Արհամարհել ցուցահանդէսին տարբեր մասերուն ներածականները: Պարզապէս թափառիլ ստեղծուած բաժանմունքներուն մէջ, դէմ հանդիման գալ Օլիմփիայի մերկութեան, զգալ անոր սեւամորթ ծառային երգիծանքը, եւ շատ աւելի սուր կերպով` տխրահռչակ «Ճաշ` խոտի վրայ» գեղանկարին մէջ պատկերուած մերկուհիին հանդուրժողութեամբ լեցուն նայուածքը:

Ցուցահանդէսէն բացակայ է «Մաքսիմիլիընի սպանութիւնը» գործը, սակայն ներկայ է անոր աւելի ճեպանկարային մէկ տարբերակը` բերուած Պոսթընէն: Մինչ ցուցահանդէսը զուրկ է «Գինետուն մը Ֆոլի Պերժերի մէջ» եւ «Ճաշ` խոտի վրայ» գեղանկարներէն, որոնք վերջերս միասին ցուցադրուեցան Քուրթոյի մէջ, անդին` անիկա կը պարունակէ  Ֆոլի Պերժերի գեղեցիկ ճեպանկարային մէկ իւղանկարը` Լոնտոնէն:

Անշուշտ պիտի նպաստէր Մանէի բազմութիւններ պատկերող տեսարաններուն ներկայութիւնը ցուցահանդէսին մէջ: Սակայն անոր դիմանկարները ներկայ են մեծ թիւով, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Մանէի ամէնէն գեղեցիկ գործերը մեծ մասամբ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու թանգարաններուն մէջ: Օրսէյի թանգարանը իր սեփական մանէներուն երկար շարքին կողքին ցուցադրած է թանկարժէք այլ գործերու հոյլ մը: Իրօք, հրաշալիքներ են անոնք: Իսկ եթէ մտաւորական մեկնաբանութիւնը պիտի հրապուրէր այցելուն, ապա ան իր տրամադրութեան տակ պիտի գտնէ պատկերագիրք մը` լեցուն նորագոյն ուսումնասիրութիւններու յատկացուած գրութիւններով եւ ամփոփումներով:

 

ՄՈՆԷԻ ՋՐԱՇՈՒՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԸ

ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՔԼՈՏ ՄՈՆԷ ԺԻՎԵՌՆԻ ԻՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ ՍՏԵՂԾԱԾ ԷՐ ՏԱՐԲԵՐ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՊԱՐՏԷԶ ՄԸ, ՈՐ ՀԻՄՔԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՐ ԱՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ: ԱՅԺՄ ՆՈՐ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ ՎԱՅՐԻՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Մոնէի «Ճերմակ ջրաշուշաններ»ը գծուած` 1899-ին (աջին) եւ Ճէյմս Փրիսթ` Ժիվեռնի նոր պարտիզպանը:

Բրիտանացի պարտիզպան մը պիտի ստանձնէ հոգատարութիւնը աշխարհի ամէնէն պաշտելի վայրերէն` ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Քլոտ Մոնէի աւելի քան մէկ դար առաջ ստեղծած պարտէզին:

Յունիսէն սկսեալ 53 տարեկան Ճէյմս Փրիսթ պիտի դառնայ գլխաւոր պարտիզպանը Նորմանտիի Ժիվեռն գիւղաւանին մէջ Մոնէի բնակարանին, ուր գեղանկարիչը ապրած է 43 տարի: Պարտէզը ներշնչման աղբիւր էր Մոնէի ամէնէն աւելի սիրուած գործերուն, ներառեալ` հռչակաւոր ջրաշուշանի պաստառներուն:

Փրիսթ, որ պարտիզպանի իր վարժութիւնը կատարելագործած է Բրիտանիոյ թագաւորական Քիւ պարտէզներուն մէջ, կը դառնայ ինքնին Մոնէի յաջորդը: Գեղանկարիչը մինչեւ իր մահը  (86 տարեկանին) անձամբ ձեւագծած է եւ ձեւաւորած աւելի քան 20 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ ծաղիկի տնկարաններն ու շուշաններու աւազանները:

«Ասիկա մեծ պատիւ է եւ միայն նոր կ՛անդրադառնամ, թէ ինչպիսի՛ ծանր աշխատանք մը պիտի ըլլայ,- կ՛ըսէ Փրիսթ:- Առաջին ակնարկով պարտէզը շատ պարզ կը թուի: Սակայն, որքան աւելի ուշադիր նայինք, այնքան աւելի կը համոզուինք, թէ շատ հարուստ պարտէզ մըն է, շատ խորախորհուրդ պարտէզ մը: Աւելի՛ն. հանրային եւ լրատուական անսահման ուշադրութեան առարկայ է այս վայրը: Ֆրանսական լրատու գործակալութիւններ արդէն հարցազրոյցներ կատարած են հետս: Նման բան տեղի չէ ունեցած իմ վարած նախորդ պաշտօններուս ժամանակ»:

Փրիսթ, որ կու գայ Լիվըրփուլէն, 26 տարի աշխատած է Ֆրանսայի մէջ, վերահսկելով շարք մը մեծ կալուածներու պարտէզներուն: Ան 17 տարի աշխատած է Շանթիյի մօտակայ Պարոն Էլի տը Ռոթշիտի կալուածին մէջ: Ժիւեռնի մէջ ան կը փոխարինէ Ժիլպեռ Վահէն, որ 1970-ական տարիներու վերջերուն վերանորոգած է Մոնէի չափէն աւելի աճած եւ վայրենացած պարտէզը, վերականգնելով անոր երբեմնի փառքը: Վահէ, որ 35 տարի ետք այժմ հանգստեան կը կոչուի, պիտի կատարէ խորհրդատուի դեր:

Պարտէզը` գարնան:

Պարտէզին ամէնէն աւելի ծանօթ անկիւններէն է ճափոնական կիսաբոլորակաձեւ կամուրջը` ջրաշուշաններու աւազանի մը վրայ: Անիկա նկարուած է Վուտի Ալընի Նորագոյն ժապաւէնին` «Միտնայթ ին Փարիզ»ի մէջ, որ ցուցադրուեցաւ այս տարի Քաննի փառատօնին բացումին առիթով:

Փրիսթ պիտի գլխաւորէ 8 պարտիզպաններէ բաղկացած խումբ մը: Ան կը բացատրէ, թէ իր նպատակն է պահպանել Ժիվեռնի «իւրայատուկ ինքնութիւնն ու նկարագիրը»: «Ասիկա անգլիական պարտէզ մը չէ, թէեւ ունի անգլիական կարգ մը յատկանիշներ: Նաեւ ամբողջութեամբ ֆրանսական պարտէզ մը չէ,- կ՛ըսէ ան:- Արուեստագէտի մը պարտէզն է, որ ձեւով մը զուգահեռն է անոր գծած պարտէզներուն: Մոնէ իր պաստառները կառուցած է ներկի խաւերու կուտակումով` տարբեր ձեւերով պատկերելու համար լոյսը: Նոյնպէս կ՛անդրադառնանք, թէ ծաղիկներուն տնկարանները յղացուած են բարձրութեան եւ գոյնի այնպիսի խաւերով, որ լոյսով ողողուին»:

Ժիվեռնի մէջ Մոնէի բնակարանին եւ պարտէզին հոգատարութիւնը ստանձնած է Քլոտ Մոնէի հիմնադրամը: Պարտէզը ամէն տարի կը ներգրաւէ աշխարհի տարբեր կողմերէն աւելի քան 500 հազար այցելուներ: Արուեստագէտը Փարիզէն 96 քմ դէպի արեւմուտք գտնուող ժիվեռնի շրջանը փոխադրուած է 1883-ին: Ան սկիզբը պարտէզ մը աճեցուցած է` կտրելու համար ծաղիկներ, որպէզի զանոնք  նկարէ իր բնակարանին մէջ, ամպոտ կամ անձրեւոտ օրերուն: «Յայտնապէս ան շուտով տեղի տուած է ախտագին մարմաջին, պարտէզ մը մշակելու սէրին», կ՛ըսէ Փրիսթ: Մոնէի ամէնէն աւելի սիրուած գեղանկարներէն ոմանք կը պատկերեն Ժիվեռնը, ներառեալ` քալելու յատուկ ճափոնական կամուրջին տակ ծփացող ջրաշուշաններուն հսկայական պաստառները:

Բնակարանը` ամրան:

Մոնէ առիթով մը գրած է. «Գծելէ եւ պարտէզ մշակելէ զատ ոչ մէկ բանի ատակ եմ»:

Մոնէի մահէն ետք (1926-ին) անոր բնակարանն ու պարտէզը աստիճանաբար սկսան աւերուիլ: Վերանորոգութիւնը սկսաւ 1977-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1980, օգտագործելով տեղական բոյսերու մասին արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ` Մոնէի նամակները, լուսանկարներն ու գեղանկարները:

Այս տարուան չոր եւ արեւոտ կլիման առիթ տուած է, որ Մոնէի պարտէզը ծաղկի սովորական ժամանակացոյցէն շատ աւելի կանուխ: «Եթէ չոր կլիման այսպէս շարունակուի, հաւանաբար կրնանք մտածել նուազ ջուր պահանջող բոյսեր ցանելու մասին,- կ՛ըսէ Փրիսթ:- Մէկը հարց տուաւ, թէ արդեօք կը մտածէի՞ Ժիվեռնի մէջ կանկատունկեր (քաքթիւս) ցանելու մասին: կը կարծեմ, թէ տակաւին հոն չհասանք»:

 

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES