ՔԵՐՄԷՍ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ

Անցնող շաբաթավերջին` 28 – 29 մայիսին, Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: Արդարեւ, շաբաթ, 28 մայիսին քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած քերմեսը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այցելուներուն մօտ: Բակին մէջ տեղադրուած էին զանազան տեսակի խաղեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին այցելուները, որոնք նաեւ համտեսեցին Տիկնանց օժանդակ մարմնի պատրաստած համեղ ուտելիքները:

Կիրակի, 29 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում` հովանաւորութեամբ քոլեճի հոգաբարձութեան: Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին զանազան բնոյթի ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ` գծագրութիւններ: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ բարձր գնահատեցին, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան հետեւողականութիւնը, ինչպէս` նաեւ աշակերտներուն աշխատանքը:

Նոյն օրը ժամը 8-00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբի համերգը` խմբավարութեամբ  Նեկտար Ֆալազեանի: Արդարեւ, 45 հոգիէ բաղկացած երգչախումբը աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց հայերէն եւ անգլերէն երգերու փունջ մը արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Share this Article
CATEGORIES