ՀԲԸՄ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔԸ` ԱՆԹՈՒՐԱՅԻ ՀԱՅ ՈՐԲՈՒԿՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄԻՆ

Շաբաթ 7 մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոնի հայերէն լեզուի դասընթացքի հետեւող աշակերտները եւ խումբ մը ծնողներ ուղղուեցան Անթուայի Սէն Ժոզէֆ քոլեճ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Անթուրայի մէջ թաղուած 300 հայ որբերուն` գլխաւորութեամբ Միսաք Քէլէշեանի, որ բացայայտած էր Անթուրայի հայ որբերու ճակատագիրը: Ան շատ հետաքրքրական ձեւով բացատրեց այն վայրերը, ուր որբուկները ապրած էին` ապացոյց ունենալով նկարները: Աշակերտները ազդուած, ուշի ուշով մտիկ կ՛ընէին ու հարցումներ կ՛ուղղէին` չհաւատալով հայ որբերուն չարչարանքներուն եւ անօթութիւններուն մասին իրեն լսածներուն եւ այդ բոլորը քանի որ անոնք հայերէն կը խօսէին կամ կ՛աղօթէին: Բոլորը շրջեցան քոլեճի ամէն մէկ անկիւնը: Տեսանք ճաշարանը, ուր ընդհանրապէս ճաշ ուտելու տեղ անօթի կը մնային (կամ բնաւ չէին ուտեր իբրեւ պատիժ), բակը, ուր աշակերտի մը համար ամէնէն հաճելի վայրն է, իսկ խեղճ որբուկներուն չարչարանքի ու պատիժի վայրն էր:

Վերջապէս մեր աշակերտներն ու հիւրերը բարձրացանք որբուկներու շիրիմին` ձեռքերնիս մէկական վարդ ու մոմ: Խաչքարին առջեւ «Հայր մեր» աղօթեցինք, մոմ վառեցինք եւ վարդերը զետեղեցինք անոնց շիրիմին վրայ` ուխտելով, որ մեր միտքին մէջ պիտի պահեն հայ որբուկներուն յիշատակը եւ հպարտօրէն հայերէն պիտի խօսինք ու աղօթենք:

Share this Article
CATEGORIES