«ԱԼԻՍ ՆԵՐԿԻԶԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ 38 ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 26 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2010 թուականի դեկտեմբերին հիմնադրուած` վարժարանիս «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի առաջին տարեշրջանի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:

Ասիկա իւրայատուկ հանդիսութիւն  մըն էր ոչ միայն այն առումով, որ նոր հիմնադրուած մանկամսուրի մը տարեշրջանը կ՛եզրափակէր, այլեւ աննախընթաց երեւոյթով մը կ՛առանձնանար, քանի որ այս հանդիսութիւնը,  նաեւ վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մըն էր, որուն ընթացքին մանկամսուրի աւարտական վկայականներ շնորհուեցան 38 փոքրիկներու, որոնք այսպիսով ստացան մանկապարտէզի մուտքի «իրաւունք»:

Վարժարանիս տեսչական կազմի անդամներէն Իզապել Լեւոնեան, ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեանը` փոխանցելու համար իր խօսքը: Ս. Մուղալեան բարի գալուստի խօսքէն ետք, նշեց, որ օրը յատուկ է եւ յուզական բոլորին, յատկապէս մանուկներուն ծնողներուն համար: Ան վկայեց, որ հակառակ վկայական ստացող մանուկներէն գրեթէ ոչ ոք պիտի յիշէ ապագային այս օրը, սակայն անոնց ծնողները «պիտի ըլլան կամուրջը իրենց յիշողութեան, որպէսզի ապագային գիտնան, որ իրենք այս մանկամսուրին մէջ անցուցած են իրենց կեանքին գեղեցիկ եւ երջանիկ տարիները»: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որ իրենց հոգեհատորներուն խնամքը վստահած են «Ալիս Ներկիզեան մանկամսուր»ին, ուր իրենց երեխաները «կը խաղան կը գծեն, կը ներկեն, կը պատրաստեն ձեռային աշխատանքներ. այս բոլորը կը կատարեն փայլուն ժպիտով եւ հոգեկան գոհունակութեան իսկական զգացումով, կ՛ուտեն փորձառու խոհարարին պատրաստած ճաշերը` համեղ ու սննդարար»:

Իր խօսքին մէջ Ս. Մուղալեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի մաքրութեան հետեւող մայրիկներուն, բոլոր դաստիարակչուհիներուն, որոնց «կատարած գործը ակնկալուածէն շատ աւելին է», եւ որոնք` «բացառիկ են, մանկամսուրի հոգատար դիմագիծի գլխաւոր բանալին են»: Իր խօսքի աւարտին Սալբի Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր անհատի, որ զօրավիգ կանգնած է հանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ մանկամսուրի երեք խումբերու բոլոր մանուկները յաջորդաբար ներկայացուցին հետաքրքրական գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր` պար, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեր եւ արտասանութիւններ: Այս յայտագրին զուգահեռ, բեմին ձախ անկիւնը տեղադրուած մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր յատուկ այս առթիւ պատրաստուած ժապաւէնը, որ կը պատմէր հանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին: Այս ժապաւէնի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ բեմի գեղեցիկ ու ճաշակով յարդարումի հեղինակը լիբանանահայ յայտնի արուեստագէտ, նկարիչ Ռազմիկ Պերթիզլեանն էր, որուն աւելի ուշ իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնը շնորհաւորեց բոլոր ծնողները իրենց զաւակներուն այս ուրախ առիթին համար: Ան յայտնեց, որ հանդէսին ներկայ էր նաեւ ամերիկահայ մանկական երգերու անզուգական կատարող, երգչուհի Թալին, զոր հրաւիրեց բեմ` կատարելու համար վկայականաց բաշխումը: Մանկամսուրի տնօրէնուհիին հետ միասնաբար,  Թալին բոլոր մանուկներուն մէկիկ-մէկիկ յանձնեց իրենց վկայականները եւ յիշատակի համար լուսանկարուեցաւ անոնց հետ: Ան նաեւ պատրաստած էր գեղեցիկ նուէր` օրուան հերոսներուն համար, զանոնք ողջունելով իր կատարումով:

Հանդէսը աւարտ գտաւ «Շնորհաւորութիւններ» երգի հետ զուգահեռ ճոխ հրավառութեամբ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES