ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ԿԱՐԳՈՎ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՆՈՒԷՐ ՍՏԱՆԱԼ
Հայ մանուկի տարի հռչակուեցաւ 2011 թուականը, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ: Այս կապակցութեամբ կազմակերպուեցան զանազան հանդիսութիւններ, դասախօսական հանդիպումներ, մանկական ներկայացումներ: Կը շարունակուին այս կարգի նախաձեռնութիւնները: Մանկական երգերու երգչուհիներ Մակի եւ Թալին Պէյրութ հրաւիրուեցան, առաջինը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Կիրակնօրեայ վարժարաններու կազմակերպութեամբ, երկրորդը` հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին հրաւէրով: Ներկայ եղան մանուկներ` իրենց մայրերով, «Յ. Տէր Մելքոնեան» եւ «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահներուն մէջ:
Խանդավառութիւն ստեղծուած է անցեալ տարիներուն կատարուած նման մանկական հանդիպումներու ընթացքին, նոյնը եղաւ նաեւ մայիսեան նոր օրերուն:
Հաճելի, օգտակար, մանուկները զուարճացնող ձեռնարկներ եղան այս երգահանդէսները, սակայն փափաքելի է, որ կազմակերպուէր մէկ երգահանդէս եւս, սրահի մը մէջ կամ բացօթեայ դաշտի մը վրայ, մուտքը ազատ երգահանդէս մը, որուն ներկայ ըլլան մեր բոլոր երիտասարդ մայրերը` իրենց մանուկներով: Կը կարծենք, որ պիտի ստեղծուի մեծ խանդավառութիւն եւ անմոռանալի յիշատակ` մանկութեան ճանապարհին:
Բոլորս ալ գիտենք, որ մանուկները կը սիրեն նուէր ստանալ: Մանուկներու տարուան առիթով կ՛արժէ նուէրով մը մը ուրախացնել զիրենք:
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Վերջին քանի մը տարիներուն լիբանանեան ընկերութեան քանի մը «դաշտերու» մէջ տեսնուեցան հաւաքական հարսանիքներ` եկեղեցական հովանաւորութեամբ կամ կրօնական տարբեր հաւաքականութիւններու նախաձեռնութեամբ:
Հարսանեաց արարողութիւններու վերջին իրագործումը ներկայացուեցաւ «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանէն: 21 կամ գուցէ աւելի թիւով զոյգերու պսակադրութիւնը եւ անոր յաջորդող շնորհաւորական արարողութիւնը կատարուեցան` հոգեկան գոհունակութիւն ստեղծելով ժողովրդային խաւերու մէջ: Այս նախաձեռնութիւնը օգնութիւն մըն է անշուշտ նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ տուայտող եւ ամուսնութեան պատրաստ զոյգերու մօտ, հետեւաբար գնահատելի նախաձեռնութիւն մը եղաւ: Հայկական մեր կառոյցներէն ոչ մէկը տակաւին այս նպատակով չձեռնարկեց աշխատանքի մը` օժանդակելու, «ձեռք երկարելու» ամուսնութեան պատրաստ մեր երիտասարդներուն:
Մեր տեսակէտով յարմար առիթ մը կորսնցուցինք, երբ երկու տարի առաջ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հռչակած էր ընտանիքի տարի: Որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ գոնէ տասնեակ մը զոյգերու ամուսնութեան ծախսերուն թեթեւնալուն օգտակար ըլլայինք` հաւաքական պսակադրութեան մը ձեռնարկելով: Արդեօք դժուա՞ր էր նման նախաձեռնութիւն: Եթէ մեր կառոյցներէն մէկը ձեռնարկէր այսպիսի ազգաշէն գործունէութեան մը, անպայման որ կնքահայր մը կամ կնքահայրեր կրնայինք ունենալ: Ներկայիս, երբ կը տեսնենք մեր շուրջը կատարուածը այս ոլորտին մէջ, կ՛ափսոսանք, որ առիթ մը ձեռքէ հանած ենք:
Արդեօք ե՞րբ պիտի մտածենք մեր ազգային թիւին աճումին մասին…: Մեր շուրջը ամէնօրեայ մահեր կ՛արձանագրուին, օրը նոր` թաղում մը նոր, բայց ասոնց փոխարէն շա՜տ, շա՛տ նուազած է թիւը նոր ծնունդներու: Այս ալ ազգային ցաւ մըն է անկասկած: Հարկ է մտածել այս մասին, վաղը ուշ կ՛ըլլայ:
Ս. Պ.