«Թարաֆ»-ի Հարցազրոյցը Պատմաբան Թաներ Ագչամի Հետ. Թուրքիոյ Տեղական Դրամագլուխը Հիմնուեցաւ Քրիստոնեաներու, Մանաւանդ Հայերու Ապրանքներուն Վրայ

Ինչպէ՞ս Կը Թալանուէին Հայերու
«Լքեալ Գոյքեր»-ը

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Թարաֆ» թերթի լրագրող Թուղպա Թեքերեք հարցազրոյց մը կատարեց պատմաբան Թաներ Ագչամին հետ` միշտ նիւթ ունենալով 1915-ին հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ տարագրուած հայ ընտանիքներու զաւակներուն բաշխումը` մահմետական ընտանիքներու մէջ:

Թաներ Ագչամ, որ Ամերիկայի Քլարք համալսարանի դասախօս է, գրեթէ առաջինը եղած է այն թուրք պատմաբաններէն, որոնք 1915-ը ընդունած են որպէս ցեղասպանութիւն: Այս տեսակէտէ Թաներ Ագչամ միշտ խիզախօրէն եւ սրտբացօրէն պաշտպանած է հայերը եւ գիտական ուսումնասիրութիւններով ու նորանոր փաստաթուղթերու յայտնաբերումով պարզած է, թէ ի՛նչ կար 1915-ի տարագրութեան ետին, եւ թէ ինչպէ՛ս 1915-ը օգտագործուեցաւ, որպէսզի տնտեսապէս մէջտեղէն վերցուի հայ իրականութիւնը, եւ հայերէ մնացած ապրանքներու թալանաձեւ բաշխումով ստեղծուին թրքական տնտեսութիւն եւ քաղքենիութիւն:

«Թարաֆ»-ի հարցազրոյցը, որ բաւական երկարաշունչ է, բացատրութիւններ կու տայ, թէ պետութիւնը ինչպիսի՛ քաղաքականութիւն մը ի գործ դրաւ հայերու «լքուած ապրանքներ»-ուն տէր կանգնելու եւ զանոնք իր յարմար տեսած ձեւով թուրքերու բաշխելու մէջ:

1915-ի տեղահանութեան ընթացքին անոնց ապրանքներուն մասին օրինական կարգադրութիւն մը կատարուա՞ծ էր: Այս հարցումին Ագչամ կը պատասխանէ, որ` այո՛: 30-31 մայիսին նախարարաց խորհուրդը որոշեց, թէ ինչպէ՛ս ձեռք պիտի դրուէր հայերու ինչքերուն վրայ: 10 յունիսին պատրաստուեցաւ մանրամասն հրամանագիր մը եւ, վերջապէս, 26 սեպտեմբեր 1915-ին ընդունուեցաւ 13 սեպտեմբեր 1331 թուականով առժամեայ օրէնք մը: Այս օրէնքի գործադրութեամբ բոլորովին օրինական ենթահող մը պատրաստուած կ՛ըլլար ամէն տեսակ թալանի եւ կողոպուտի գործողութեան: Նախ այդ հողատարածքներուն վրայ «լքուած ապրանքներ»-ու յանձնախումբեր կազմուեցան: Յանձնախումբերուն նպատակն էր` հայերու վերաբերեալ ի՛նչ ապրանք որ կայ, բոլորը արձանագրել: Ջնջուեցան նաեւ բոլոր այն գործառնութիւնները, զորս հայերը առեւտրական գետնի վրայ ըրած էին մինչեւ տեղահանուելէ 15 օր առաջ: Այսպէս, օրինակ, եթէ հայ մը իր մէկ կալուածը դրացիին ծախած էր, այդ վաճառքը ջնջուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, թէ յիշեալ անձը, անշուշտ հասկնալով, որ պիտի աքսորուի, կեղծ համաձայնութեամբ մը իր ապրանքը դրացիին փոխանցած էր: Պետութիւնը կը ջնջէր նմանօրինակ փոխանցումները:

Հետաքրքրական հարց մը, որուն մասին յաճախ գրուած է, հետեւեալն է. դատարաններու կողմէ ընդունուած որոշումներու համաձայն, հայերու ինչքերուն փոխարժէքը, անոնց պարտքերուն զեղչուելէն ետք, իրենց պիտի յանձնուէին անոնց գացած նոր հասցէին վրայ: Յանձնուեցա՞ն այդ փոխարժէքները: Ո՛չ, երբե՛ք: Որեւէ ձեւով այդ փոխարժէքները չվերադարձուեցան: Արդէն ամէնէն կարեւոր հարցը, որուն տակէն այսօր Թուրքիա չի կրնար ելլել, այս է: Ասիկա թուրք իրաւական դրութեան մէջ խոշոր հակասութիւն մըն է: Առկայ օրէնքներուն համաձայն, ապրանքներուն փոխարժէքը պէտք է տրուի հայերուն, բայց չի տրուիր. եւ անոնք կը սեփականացուին: 1918-ի փետրուարին, երբ ամէն ինչ վերջացաւ, կառավարութիւնը այս մասին յանձնախումբ մը կազմեց եւ այս յանձնախումբն ալ տեղեկագիր մը պատրաստեց: Տեղեկագրին մէջ ըսուեցաւ, որ` «Հակառակ որ օրէնքով խոստացած էինք, որ ապրանքներուն փոխարժէք պիտի վճարուէր, չվճարուեցաւ, ասիկա ապօրէն կացութիւն մըն է»:

Ուրիշ հետաքրքրական կէտ մըն ալ այն է, թէ որեւէ տեղ երբեք չգրուեցաւ, որ` «հայերը իրենց ապրանքներուն վրայ իրենց իրաւունքները կորսնցուցած են»: Երբեք չխօսուեցաւ այսպիսի կորուստի մը մասին:

Դարձեալ հետաքրքրական է, որ հայերը, տարագրուելով հանդերձ, Թուրքիոյ քաղաքացիութենէ դուրս չհանուեցան: Ըստ Թաներ Ագչամի, ասիկա կարեւոր տարբերութիւն մըն է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման միջեւ: Գերմանները գերման քաղաքացիութենէ դուրս հանած էին հրեաները, մինչ օսմանեան պետութիւնը պահեց հայերու քաղաքացիութիւնը:

Իսկ ինչպիսի՞ ռազմավարութիւն մը ունէր պետութիւնը հայերէ մնացած ապրանքները գործածելու ուղղութեամբ: Թաներ Ագչամին համաձայն, հինգ նպատակներ կային: Առաջին նպատակն էր` դուրսէն եկած մահմետական գաղթականները տեղաւորել: Գաղթականները ձրիօրէն տեղաւորուեցան հայերէ մնացած տուներու մէջ: Երկրորդ նպատակն էր` ստեղծել թուրք քաղքենիութիւն: Ասոր համար ալ հայկական ընկերութիւնները շատ աժան գիներով փոխանցուեցան թուրք գործարարներու: Երրորդ նպատակն էր` հայերու ապրանքներէն ձեռք բերուած եկամուտով ապահովել պատերազմի ծախսերը: Չորրորդ` ցորենի, խաղողի նման բերքերու վաճառքէն գոյացած եկամուտը եւ կարգ մը կարեւոր շէնքեր տրամադրուեցան բանակին: Ատկէ զատ, հայերու փոխադրութեան վերաբերեալ կառավարական ծախսերն ալ դիմագրաւուեցան հայերու ապրանքներուն եկամուտովը եւ, վերջապէս, հինգերորդ նպատակն էր` հայերէ մնացած մեծ շէնքերը գործածել որպէս պետական հաստատութիւններ, ինչպէս` հիւանդանոց, դպրոց եւ այլն:

Պետութիւնը կրցա՞ւ իրագործել այս նպատակները, թէ՞ ոչ ամէն ինչ հակակշռէ դուրս ելաւ եւ ապրուեցաւ թալանի համաճարակ մը: Պատասխանը հետեւեալն է. երկուքն ալ: Իրականութեան մէջ հայկական ապրանքները «Հասանին պէօրեկին նման» թալանուեցան որպէս անտէր մնացած ապրանքներ:

Հարցազրոյցին անջատ մէկ մասը կը վերաբերի տարագրուած հայ ընտանիքներու զաւակներուն: Հայ մանուկներ ուղղակի «ապրանք»-ի պէս ծախուեցան թուրք ընտանիքներու: Այդ շրջանին կառավարութիւնը հրապարակեց, որ ո՛վ որ հայ մանուկ մը իր քով պիտի առնէր, տէր պիտի դառնար նաեւ այդ մանուկին ընտանիքին ինչքերուն: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մեծ թիւով թուրք ընտանիքներ հայ մանուկներ որդեգրեն: Անշուշտ կային բարի զգացումներով այսպէս շարժողներ: Սակայն մեծամասնութիւնը այդ մանուկները կ՛առնէր տիրանալու համար որոշ նիւթական նպաստներու, քանի որ կառավարութիւնը յաւելուածական գումար մըն ալ կը վճարէր հայ մանուկ մը որդեգրած ընտանիքներուն: Անշուշտ այս ռազմավարութեան նպատակն էր ձուլման ենթարկել մանուկները, զանոնք թրքացնել: Հոս երբ մանուկ կ՛ըսուի, կը հասկցուին միայն 4-12 տարեկան մանուկները: Չորսէն աւելի  պզտիկները խնամքի կը կարօտին եւ ո՛չ մէկը կ՛ուզէ այդքան պզտիկը առնել: Իսկ 14-էն մեծն ալ չի կրնար մոռնալ իր հայկական ինքնութիւնը: Ուստի կը սպաննուէին չորսէն պզտիկները եւ 14-էն մեծերը, եւ 4-12 տարեկանները կ՛օգտագործուէին շահաւէտ նպատակներով:

Ասիկա շատ սրտաճմլիկ եւ ցնցիչ բաժին մըն է: Ագչամ, յիշեցնելով հանդերձ, թէ այդ շրջանին բազմաթիւ թուրք ընտանիքներ զուտ մարդասիրական զգացումներով իրենց տան մէջ պահեցին ու պաշտպանեցին հայերը, այսպէս կը նկարագրէ այս խնդիրը.

«Կարգ մը ընտանիքներ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ կու գային, կը ներէք, անասուն զատելու պէս, մանուկները կը քննէին եւ կը զատէին անոնց ամէնէն առողջները: Ասոնք պիտի գործածուէին արտերու մէջ որպէս մարդուժ, քանի որ այս շրջանին հայերը արդէն ռազմաճակատ մեկնած էին: Որդեգրուած հայ մանուկները, որպէս ստրուկ, շատ ծանր պայմաններու տակ աշխատանքի կը դրուէին արտերու մէջ»:

«ԵՐԿՐԻՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ ՊԱՌԿԱԾ Է

ԿԱԼՈՒԱԾԱԳԻՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՄԷՋ»

(…)

Հարցազրոյցի Բ. մասը վաղուան Հայ դատի էջով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )