«Թաքվիմ» «Ի՞նչ Կ՛ընենք 2015-ը Դիմագրաւելու Համար»

«Թաքվիմ» թերթի համացանցի էջին վրայ Մէհմէտ Չէթինկիւլէչ հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ի՞նչպիսի պատրաստութիւն կը տեսնէ դիմագրաւելու համար 1915-ի հարիւրամեակը:

Պատասխանը ա՛յս է: Հայկական ահաբեկչութեան կողմէ 1973-1984 թուականներու միջեւ սպաննուած 34 թուրք դիւանագէտներու ի յիշատակ, Իզմիրի Պայրաքլը թաղամասին մէջ յուշարձան մը պիտի կանգնեցուի:

Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ պիտի զետեղուին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայերուն կողմէ սպաննուած թուրքերու ի յիշատակ երկու յուշարձաններ:

Տոքթորայի կամ բարձրագոյն ուսման համար արտասահմանէն Թուրքիա եկած ուսանողներուն, նաեւ զբօսաշրջական ուղեցոյցներուն արդէն կը տրուին տեղեկութիւններ 1915-ի պատահարներուն մասին: Այս մէկը պիտի շարունակուի:

Պիտի հիմնուի նաեւ «Օսմանեան շրջանի ազգերու թանգարան» անունը կրող թանգարան մը, որ ցոյց պիտի տայ, թէ Օսմանեան շրջանին բազմաթիւ ազգութիւններ իրարու հետ կ՛ապրէին անդորրութեան մէջ:

Բայց այս բոլորը ներսի հանրային կարծիքին ուղղուած են: Դուրսիններուն համար ի՞նչ պիտի կատարուի, երբ հայերը կը պատրաստուին ամբողջ աշխարհը ոտքի հանել:

Նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ` նկատի առնելով, որ Հայկական հարցը ամբողջ աշխարհը կրկին պիտի բռնկեցնէ հարիւրամեակին առիթով, կը ջանար արգելք հանդիսանալ կարգ մը անհաճոյ զարգացումներու: 2008-ին ան Երեւան գնաց, 2009-ին ալ Պուրսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ դիտեցին Հայաստան – Թուրքիա ֆութպոլի մրցումները: Մերձեցումի այս մթնոլորտին մէջ երկու երկիրները ստորագրեցին նշանաւոր արձանագրութիւնները: Բայց «մեր ազերի եղբայրները» շատ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուին այս մերձեցման: Սփիւռքի ծայրայեղ ու ազգայնապաշտ հայերն ալ գոհ չէին այս մերձեցումէն: Այսպիսով ազերիներն ու մոլեռանդ հայերը մնացին նոյն դիրքաւորման մէջ, ինչ որ ազերիներուն ուզածը չէր անշուշտ:

Յօդուածը կը շարունակուի այս խորհրդածութիւններով.

Հիմա կը սպասենք տեսնելու, թէ Հայաստան ինչպիսի՞ նոր յարձակում պիտի գործէ հարիւրամեակի առիթով: Տեսնենք, թէ մեր ազերի եղբայրները, որոնք եթէ բարկանան, նահատակաց գերեզմանոցին մէջէն մեր դրօշակը իջեցնելու չափ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց կու տան, ինչպիսի՞ շահ մը պիտի ապահովեն, երբ Թուրքիա նեղ կացութեան պիտի մատնուի ամբողջ աշխարհին առջեւ: Յայտնի է, որ ազերիները զգացական հակազդեցութիւն ցոյց կու տան, բայց ատիկա նեղ կացութեան կը մատնէ իրենց երէց եղբայր` Թուրքիան: Մինչդեռ Թուրքիա, երբ հայերուն կը մերձենար, պայման կը դնէր նաեւ ղարաբաղեան հարցի լուծումը: Այսինքն Ազրպէյճան – Հայաստան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը թերեւս Թուրքիոյ միջնորդութեամբ կրնար լուծուիլ: Չեղաւ:

Հայերը հիմա կը պատրաստուին ամբողջ աշխարհի մէջ դարձեալ Հայկական հարցին մասին խօսելու: Մենք միայն յուշարձան բանալով կրնա՞նք ազդեցութիւն գործել համաշխարհային հանրային կարծիքին վրայ, որ արդէն նոր բան մտիկ ընել չ՛ուզեր: Թուրքիա իր ունեցած փաստաթուղթերով պէտք է նախաձեռնութիւններու դիմէ դէպի դուրսի աշխարհը: Դժուար է մանաւանդ Եւրոպային ընդունիլ տալ բաներ, զորս ան իմանալ չ՛ուզեր: Դժուար է, բայց անկարելի չէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )