«Ագշամ». Հայոց Պատրաստութիւնը 2015-ի Համար
«Ագշամ» թերթին մէջ սիւնակագիր Ֆիգրէթ Այտէմիր «2015» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ, որ Հայաստան յայտնապէս մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի ամբողջ աշխարհին յիշեցնէ 1915-ի պատահարները:
Այտէմիր կը խօսի Ժան Լէյըրզ անունով շարժանկարիչի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնի մը մասին, որուն մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Հայաստանի:
Վաւերագրականին մէջ կը յիշեցուի Հայաստանի նախագահ Սարգսեանի կողմէ երիտասարդութեան ուղղուած հետեւեալ խօսքը. «Ղարաբաղը մենք առինք, Արարատն ալ ձեր գործն է»: Վաւերագրականին մէջ կը բացատրուի, որ այդ լեռը Հայաստանի ազգային խորհրդանշանն է եւ կ՛աւելցուի, որ հայերու համար այդքան կարեւորութիւն ներկայացնող այդ խորհրդանշանը «70 տարի առաջ, երբ սահմանները կը գծուէին, յաւիտենական թշնամի Թուրքիոյ մօտ մնաց»:
Արարատ լեռը հայերուն համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ Նոյեան տապանը կը գտնուի անոր վրայ, եւ որ Նոյեան տապանի մէջ գտնուող միակ երկու անձերը հայեր էին:
Հայաստանի եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ ամէն մարդ Արարատ լերան մասին կը մտածէ, այնքան որ սահմանամերձ Խոր Վիրապի մէջ այդ լեռը դիտելու մասնաւոր բեմահարթակ մը կառուցուած է:
Յօդուածագիրը կը յիշէ նաեւ յայտնի պատմաբան Վերժինէ Սվազլեանը եւ կը գրէ, որ այս գիտնականը իր ամբողջ կեանքը յատկացուցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան: 1915-ի մասին 70 գիրք գրած է, հազարաւոր բանախօսութիւններ տուած է եւ անոր ալ երազն է տեսնել, որ օր մը Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչնայ 1915-ի ցեղասպանութիւնը եւ թուրքերուն կողմէ Աղրը կոչուած այդ լեռը վերադարձնէ Հայաստանի: Սվազլեան հետեւեալը կը հարցնէ. «Խորհրդային սահմանները 90-ական թուականներուն դարձեալ գծուեցան, նախկին Եուկոսլավիայէն 7-8 նոր երկիրներ ստեղծուեցան: Իսրայէլ դարձեալ հիմնուեցաւ, ուրեմն ինչո՞ւ դարձեալ չգծուին նաեւ Հայաստան – Թուրքիա սահմանները»:
Պելճիքայի պետական հեռատեսիլ կայանին կողմէ պատրաստուած վաւերագրականին մէջ կ՛ընդգծուին երեք նիւթեր: 1) 1915-ի ցեղասպանութիւնը, 2) Արարատ լեռը, 3) Չքաւորութեան պատճառով Խորհրդային Միութեան շրջանին նկատմամբ զգացուած կարօտը:
Ահա թէ ինչո՞ւ սիւնակագիր Ֆիքրէթ Այտէմիր կ՛եզրակացնէ.
«Այնպէս կը հասկցուի, որ Հայաստան 2015-ի համար լուրջ պատրաստութիւն կը տեսնէ, որպէսզի ամբողջ աշխարհին մէջ յիշատակէ 1915-ի պատահարները եւ ապահովէ, որ այդ պատահարները չմոռցուին»: