Ի՞ՆՉ Է «ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԻՒՆԸ»
Խոստովանինք, թէ երբեմն մենք կ՛ուզէինք ըլլալ համակարգիչ մը, որուն կը ներարկեն քիլոն հինգ տոլար արժող երեք հարիւր կրամ արուեստական խելացութիւն: Ասիկա շատ գործնական կրնայ ըլլալ քննութիւններուն համար: Սակայն դժբախտաբար ասիկա անկարելի բան մըն է, որովհետեւ մենք ոչինչ կրնանք աւելցնել մեր ուղեղին վրայ: Միայն մեքենաները օժտուած են արուեստական խելացութեամբ:
Երբ դուք ճատրակ կը խաղաք համակարգիչի մը դէմ, դուք քար մը կը տեղափոխէք, եւ համակարգիչը կը հաշուէ բոլոր կարելիութիւնները, իր քարերէն մէկը շարժելէ առաջ: Սակայն ան պիտի բաւարարուի կարելիութիւններու իր հսկայական պաշարին մէջ փնտռելով ամէնէն լաւ լուծումը:
Այս պարագային կ՛ըսուի, թէ համակարգիչը ունի արուեստական տկար խելացութիւն մը, որովհետեւ ան բնաւ նոր բան չի սորվիր: Այս պատճառով է, որ մարդ արարած մը կրնայ երբեմն յաղթել անոր:
Մարդիկ կը ծրագրեն ապագային շինել արուեստական մեծ խելացութեամբ օժտուած սարքեր, որոնք կարելիութիւն պիտի ունենան ոեւէ նոր պարագայի յարմարելու: Այս ձեւով անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան հասկնալու եւ սորվելու: Անոնք նաեւ պիտի չբաւարարուին պարզապէս տրամաբանական ձեւով բանելու: Անոնք նաեւ պիտի մտածեն:
Այս հանգրուանին հասնելու համար, պէտք է մէջտեղ բերել ելեկտրոնային շրջաններ, որոնք կը բանին մեր ուղեղի բջիջներուն նման: Սակայն հոս մեծ հարց մը կը դրուի. եթէ մեքենայ մը կարողութիւն ունենայ մարդ արարածի մը նման մտածելու եւ մեզմէ շատ արագ հաշուելու, ան արդեօք կրնա՞յ օր մը ուժը իր ձեռքը առնել…
ԻՆՉՈ՞Ւ ԲՈԼՈՐ ՉԻՆԱՑԻ ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒՆ ԾԱՆՕԹ ԵՆ
ՊԶՏԻԿ ԿԱՊԻԿԻ ՄԸ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Չինական գրականութեան ամէնէն ծանօթ գրութիւններէն մէկը կը պատմէ արկածախնդրութիւնները նշանաւոր եւ հնարամիտ կապիկի մը, որ կ՛ընկերակցի ուխտաւորի մը` Չինաստանէն մինչեւ Հնդկաստան:
Այս պատմութիւնը հիմքն է երկար գիրքի մը, որ կը կոչուի «Ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմուտք»: Վանական Թրիփիթաքայի եւ Կապիկին կողքին, անոր գլխաւոր հերոսներն են խոզուկը եւ բարակ Աւազ: Այս չորս ընկերակիցները կ՛ապրին արտասովոր դէպքեր` կախարդներով եւ հրէշներով լեցուն եւ մեծ վտանգներ կը դիմագրաւեն: Անոնց արկածախնդրութիւնները ծանօթ են ո՛չ միայն Չինաստանի մէջ, այլ նաեւ բոլոր դրացի երկիրներուն: Անոնք անդադար շարժապատկերի ժապաւէնի նիւթ կը դառնան, կը ցուցադրուին պատկերասփիւռէն եւ գիրքերու մէջ կը տպուին:
ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐ
Պէտք ունիս
- Լամային համար – Գունաւոր թուղթերէ 1.5 սմ լայնքով երիզներու, 1 եւ 2 սմ լայնք 12 սմ երկայնքով երիզներու (ոտքեր), երիզներու 3 եւ 4 – 7 սմ (ուղղահայեաց մարմին), երիզներու` 5 եւ 6 -16 սմ (հորիզոնական մարմին), երիզի` 7 -14սմ (գլուխ):
- Կրիային համար – Գունաւոր թուղթերէ 1.5 լայնքով երիզներու, երիզի` 1-14.5 սմ երկայնքով (ոտքեր), երիզի` 2-9 սմ (ուղղահայեաց մարմին), երիզի` 3-9 սմ (հորիզոնական մարմին), երիզի` 4-14.5 սմ (գլուխ):
- Խէժի եւ սեւ ներկ մատիտի:
Բացատրութիւն
Լամա

1- Թուղթէ երիզներ երկուքի ծալէ: Թիւ - 5 երիզին ներսի բաժինին վրայ խէժ դիր եւ զայն բաց ձգէ` հորիզոնական ձեւով պահելով:

2-1, 3, 4 եւ 2 երիզները թիւ 5 երիզին վրայ անցուր հետեւեալ ձեւով. երիզ 1-ը` ետեւի լեզուակին վրայ, երիզ 3-ը` առջեւի լեզուակին վրայ, երիզ 4-ը` ետեւի լեզուակին վրայ եւ երիզ 2-ը` առջեւի լեզուակին վրայ: Թիւ 5 երիզին երկու բաժինները իրարու սեղմէ, որպէսզի իրարու փակին:

3- Նոյն ձեւով, թիւ 6 երիզին մէջ խէժ դիր եւ հակառակը ըրէ. երիզ 1-ը երիզ 6-ի առջեւի լեզուակին մէջ անցուր, երիզ 3-ը` ետեւի լեզուակին մէջ, երիզ 4-ը` առջեւի լեզուակին մէջ եւ երիզ 2-ը` ետեւի լեզուակին վրայ:

4- թիւ 7-ը երիզին մէջ խէժ դիր եւ զայն ուղղահայեաց կերպով անցուր երիզներ 5 եւ 6-ի միջեւ, բաց կողմը դէպի վեր: Առջեւի լեզուակին ծայրը դէպի ձախ կողմ ծալէ` գլուխը ընելու համար. սեւ մատիտով գծէ աչքը եւ բերանը:
ԿՐԻԱՆ

Բ- Թիւ 4 երիզի ներսի բաժինին վրայ խէժ դիր եւ թիւ 1 երիզը անոր մէջտեղը անցուր: Ապա թիւ 2 երիզը ուղղահայեաց կերպով անցուր թիւ 1 երիզին մէկ կողմէն միւսը եւ թիւ 4 երիզի ետեւի լեզուակին վրայ:

Գ - թիւ 3 երիզին ներսի բաժինին վրայ խէժ քսէ եւ զայն հորիզոնական ձեւով անցուր թիւ 1 երիզի ոտքերուն վրայէն` թիւ 2 երիզին մէջէն անցնելով: Սեւ ներկով գծէ աչքը եւ բերանը:
ԻՆՉԻ՞ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ
ՈՒՂՏԻՆ ՍԱՊԱՏՆԵՐԸ
Ուժանիւթի պահեստներ ամբարելու:
Այս սապատները ուղտին ուտելիքի «պահարաններն» են. այս պահեստները անասունին կարելիութիւնը կու տան անապատին մէջ երկար ատեն քալելու` առանց ուտելու եւ առանց խմելու: Ասիական ուղտերը երկու սապատ ունին: Մինչ ասիական ցամաքամասին արեւմուտքը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գտնուող ուղտերը ունին միայն մէկ սապատ: Այս վերջինը հաւանաբար երկու սապատով ուղտին նախահայրը եղած է: Այս երկու տեսակներն ալ յարմարած են անապատային կեանքին:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԱՅՐԻ ՈՒՂՏԵՐՈՒ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Ուղտը Աւստրալիա բերուեցաւ 1880-ական թուականներուն, որպէսզի Եւրոպայէն եկած գաղթականներ կարենան տեղափոխուիլ անապատին մէջ: Յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին այս անասունները փոխարինուեցան բեռնակառքերով, եւ հետեւաբար բնութեան մէջ արձակուեցան:
Այժմ կ՛ենթադրուի, որ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 500 հազար ուղտեր: Աւստրալիոյ մէջ. Անոնք 19-րդ դարու վերջաւորութեան Աֆղանիստանէն բերուած անասուններուն «Թոռներն» են: Անոնք կ՛ապրին յատկապէս երկրին կեդրոնը, հիւսիսը եւ արեւմուտքը: Այս անասունները շատ արագ կը բազմանան, որովհետեւ բնութեան մէջ անոնց որսացող անասուններ գոյութիւն չունին: Նոյն ատեն, այս անասունին բազմանալը կրնայ ազդել միւս անասուններուն վրայ, որովհետեւ ան իր անցած շրջաններուն մէջի բուսականութեան մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը կ՛ուտէ:
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել փոխադրակառքին հասցնող ճամբան, առանց մոռնալու ճամբուդ վրայ հաւաքելու երաժշտական գործիքները
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ