Գիտական Բացատրութիւնը. Ինչո՞ւ Ամառը Կը Ծուլացնէ Մեզ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ, ԹԷ ԿԱՊ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԽՈՆԱՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ, ՇՈՂԱՑՈՂ ԱՐԵՒՈՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԸՐ» ԹԵՐԹԻ ՊԼՈԿԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱՐԻԱ ՔՈՆԻՔՈՎԱ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ «ԱՄՐԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ». ՅԱՅՏՆԱԲԱՐ ԼԱՒ ԿԼԻՄԱՆ, ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ` ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՋԼԱՏԷ ՄԵՐ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ, ԱՄԱՌԸ ՀԱՆԳԻՍՏԻ ԵՒ ՊԱՂՊԱՂԱԿԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է, ԻՆՉ ՈՐ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՎԱՏ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ՉԷ…
Հարվըրտ համալսարանի գրադարանապետ Ճոն Լենկտըն Սիպլի 1846-1882 իր մանուածապատ օրագրութիւններուն մէջ յաճախ դժգոհութիւն կը յայտնէ ամրան եղանակի թուլացնող տաքին մասին: «Տաքը կը թմրեցնէ, կը ջլատէ եւ կը հիւանդացնէ զիս», գրած է ան 1852-ին: Սիպլի ապրած է օդափոխիչ սարքերու յայտնութենէն առաջ, սակայն վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ անոր դիտարկութիւնը տակաւին ի զօրու է. ամառը իրապէ՛ս կը թուի ըլլալ նուազ արդիւնաբեր ժամանակ մը, եւ մեր ուղեղը իրապէ՛ս կը թառամի` փոխաբերական իմաստով:
Գլխաւոր հարցերէն մէկը մղումն է: Երբ օդը հաճելի չէ, ոչ ոք կը փափաքի դուրս գալ: Սակայն, երբ արեւը կը շողայ, օդը ջերմ է եւ երկինքը` պայծառ, հաճելի ժամանցը կը կանչէ մեզ: 2008-ին ամերիկացիներուն ժամանակի գործածութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ անձրեւոտ օրերուն տղամարդիկ միջին հաշուով օրական 30 վայրկեան աւելի կ՛աշխատին` բաղդատած արեւոտ օրերուն: Հարվըրտի եւ Չեփըլ Հիլի Նորթ Քարոլայնայի համալսարաններէն խումբ մը ուսումնասիրողներ վիճակագրութիւն մը կատարած են դրամատուներու մէջ աշխատող ճափոնցիներու վրայ եւ ի յայտ բերած են նմանօրինակ երեւոյթ մը. վատ կլիման աւելի արդիւնաբեր կը դարձնէ աշխատաւորները: Անոնք այս եզրակացութեան յանգած են հաշուելէ ետք այն ժամանակը, զոր պաշտօնեաները յատկացուցած են փոխատուութեան դիմումնագիրներու առնչուած գործեր ամբողջացնելու:
Ի տարբերութիւն` արդիւնաբերութիւնը կը նուազի լաւ օդին: Գիտնալու համար, թէ ինչո՞ւ այսպէս է, ուսումնասիրողները Հարվըրտ համալսարանի ուսանողներէն պահանջած են համակարգիչին մէջ տեղեկութիւններ տեղադրել արեւոտ եւ անձրեւոտ օրերուն: Նախքան աշխատանքի սկսիլը անոնք ուսանողներէն ոմանց ցոյց տուած են գեղեցիկ օդին բացօթեայ ժամանցի, ինչպէս` նաւով պտոյտի կամ ճաշի 6 լուսանկարներ, իսկ այլ ուսանողներէ պահանջած են նկարագրել իրենց սովորական առօրեան: Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ մասնակցողները նուազ արդիւնաբեր են, երբ կը դիտեն բացօթեայ հաճելի ժամանցի լուսանկարներ: Փոխանակ իրենց աշխատանքին վրայ կեդրոնանալու` անոնք կը սկսին մտածել, թէ աշխատելու փոխարէն ի՛նչ պիտի փափաքէին ընել, անկախ` թէ դուրսը կլիման արեւոտ էր կամ անձրեւոտ (թէեւ այս ներգործութիւնը աւելի ուժեղ էր արեւոտ օրերուն): Ինքնին հաճելի այլընտրանքներու մասին մտածելը պատճառ կը դառնար, որ մարդիկ նուազ կեդրոնանային իրենց աշխատանքին վրայ:
Սակայն, իւրաքանչիւր եղանակ ունի իրեն յատուկ գրաւիչ օրերը. դահուկողի մը ուղեղը շատ աւելի առիթներ պիտի ունենար դեգերելու խոր ձմրան: Այսուհանդերձ, որոշ ապացոյցներ կը փաստեն, թէ ամրան եղանակին ինքնին մեր մտածելու կարողութիւնը պարզապէս կը ծուլանայ: 1994-ին Ճերըլտ Քլոր անունով մասնագէտ մը, առաջին անձը, որ կ՛ուսումնասիրէր մթնոլորտի ներգործութիւնը տրամադրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` իմացական կարողութեան եւ դատողութեան, ի յայտ բերած էր, թէ հաճելի օդը յաճախ կրնայ առաջնորդել խանգարող մտազբաղութեան: Քլորի գլխաւորած ուսումնասիրողներու խումբը 122 ուսանողներու վրայ վիճակագրութիւն մը կատարած էր լաւ եւ վատ օրերուն. ուսանողներ հրաւիրուած էին մասնակցելու բարձր ուսման վերաբերող ուսումնասիրութեան մը: Ի յայտ եկած էր, թէ որքա՛ն լաւ ըլլար օդը, այնքա՛ն աւելի դիւրին էր ուսանողներուն «ծախել» վիճարկութիւն մը, որ «ոտքի չէր կանգներ»: Արեւոտ, պայծառ եւ ջերմ օրերուն ուսանողները պատրաստ էին ընդունելու տկար կամ զօրաւոր վիճարկութիւններ, որոնք կը պաշտպանէին տարեվերջի համապարփակ քննութիւններու թեզը: Իսկ երբ օդը անձրեւոտ էր, ամպոտ եւ ցուրտ, անոնց ուղեղին քննական մօտեցումը բարելաւուած էր: Այս պայմաններուն մէջ միայն զօրեղ վիճարկութիւնները համոզիչ էին: Քլոր եւ իր պաշտօնակիցները եզրակացուցած են, թէ հաճելի կլիման մարդիկը կը մղէր մտային երկրորդական ճամբաներ ընտրելու` փոխանակ որդեգրելու իրերը շեշտակի վերլուծելու մօտեցում մը:
Ամառնային կլիման, մանաւանդ տաք եւ խոնաւ օդը նաեւ կրնան տկարացնել մեր ուժը եւ կեդրոնանալու կարողութիւնը: Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, խոնաւութեան բարձր համեմատութիւնները կը տկարացնեն մեր կեդրոնացումը եւ կը վատթարացնեն անքնութիւնը: Կլիման իր ժխտական ազդեցութիւնը գործած է նաեւ այս ուսումնասիրութեան մասնակցած անձերուն քննական ձեւով մտածելու կարողութեան վրայ. որքան տաքցած է օդը, անոնք նոյնքան նուազ հակամէտ եղած են հարցականի տակ առնելու իրենց լսածը:
Դէպի անմտութիւն այս թեքումին պատճառը հաւանաբար մեր զգացումներն են: Ուսումնասիրողներ կատարած են հասարակաց յայտնաբերում մը. անոնք կ՛եզրակացնեն, թէ կապ մը գոյութիւն ունի շողացող արեւուն եւ ուրախութեան միջեւ, թէեւ անոնք, որոնք կ՛ապրին Հարաւային Քալիֆորնիոյ նման համեմատաբար արեւոտ վայրերու մէջ, աւելի ուրախ չեն, քան` անոնք, որոնք կը բնակին Կեդրոնական արեւմուտքի կլիմայական աւելի խիստ պայմաններուն մէջ: Մէկ օրէն միւսը արեւուն փոփոխութիւնները եւս հզօր ներգործութիւն կ՛ունենան: Մարդիկ աւելի ուրախ կը զգան, երբ օրերը կ՛երկարին, կը տաքնան եւ կը մօտենան ամրան եղանակի արեւադարձին: Անոնք նուազ ուրախ կը զգան, երբ օրերը կը ցրտեն եւ կը կարճնան: Անոնք նաեւ կեանքէն աւելի գոհ կը զգան, երբ օդը համեմատաբար հաճելի է: Հետեւաբար ամէնէն ուրախ եղանակը ամառն է:
Այլ խօսքով, լաւ տրամադրութիւնը իր կարգին կ՛առնչուի մտային երկրորդական ճամբաներ ընտրելու եւ համեմատաբար անմտօրէն մտածելու նոյն այն հակամէտութեան հետ, զոր Քլոր նկատած է հաճելի օդին ներգործութեան ենթակայ անձերու քով: Միւս կողմէ` վատ տրամադրութիւնը հակամէտ է գրգռելու աշխուժ մտածելու եւ վերլուծելու գործընթաց մը: Հետեւաբար տրամադրութեան վրայ օդին ներգործութիւնը կրնայ իր դերը ունենալ այն որոշումներուն վրայ, զորս կը կայացնենք կեանքի մէջ, նոյնիսկ` ծանր որոշումներուն: Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ հոգեբան Եուրի Սիմընսըն ի յայտ բերած է, թէ աւելի հաւանական է, որ ուսանողներ արձանագրուին ակադեմական աշխուժ կեանքով հռչակաւոր համալսարան մը, երբ երկինքը ամպոտ է: Երբ կլիման կը վատթարանայ, ուսանողներ աւելի արժէք կու տան ակադեմական մակարդակին:
Այսուհանդերձ, տաքը մինչեւ որոշ սահման մը ներգործութիւն կ՛ունենայ մեր տրամադրութեան վրայ: Երբ ջերմաստիճանը կը հասնի ամառնային ամէնէն բարձր կէտերուն, որոնք կը նշեն տաքի ալիքները աշխարհի տարածքին, տաքին ծանօթ ներգործութիւնը շատ արագ կը տկարանայ: Այս տարի տնտեսագէտ Մարի Քոնոլիի կատարած է ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ այն օրերուն, երբ ջերմաստիճանը կ՛անցնի 30-ը, ուրախութեան զգացումին վրայ անոր ներգործութիւնը շատ աւելի ժխտական է, քան` կողակիցի մը մահուան կամ ամուսնալուծումի հետեւանքներուն պատճառած լարուածութիւնը:
Միւս կողմէ` մեր ուղեղին վրայ տաքութեան ներգործութիւնը ամբողջութեամբ ժխտական չէ: Հոգեբաններ կ՛ուսումնասիրեն ելեւէջներով յատկանշուած վարուելակերպեր. մինչ գործօն մը կը սկսի հետզհետէ աւելի տիրական դառնալ, անոր հետ առնչուած վարուելակերպի երեւոյթ մը կը սկսի զարգանալ, հասնիլ գագաթնակէտի մը, ապա` տկարանալ: Հռչակաւոր օրինակ մըն է Ճըրքիզ-Տատսընի կոր գիծը, որ կը քարտէսագրէ հոգեկան լարուածութեան ներգործութիւնը` անձի մը պարտականութիւն մը կատարելու կարողութեան վրայ: Երբ թեթեւ կամ չափազանց ծանր հոգեկան լարուածութենէ կը տառապինք, պարտականութիւն մը կատարելու մեր կարողութիւնը կը տկարանայ: Պարզապէս կ՛ուզենք սխալ մը չգործել: Նոյնպէս ալ` կը թուի, թէ իմացական մեր կարողութիւնները կը բարելաւուին մինչեւ որոշ ջերմաստիճան մը, ապա, երբ ջերմաստիճանը շարունակէ բարձրանալ, անոնք շատ արագ կը տկարանան: Աւելի կանուխ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ իտէալ ջերմաստիճանը 22 է: Իսկ նորագոյն ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ 27-ը: Այսուհանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ, որ այս ուսումնասիրութիւններէն ոչ մէկը հաշուի առած է խոնաւութիւնը կամ շողացող արեւը. գլխաւոր երկու ազդակներ, երբ հարցը կը վերաբերի վարմունքի վրայ ամրան եղանակի ներգործութեան:
Թերեւս ամէնէն լաւը այն է, թէ խիստ տաքը մեզի կու տայ կատարեալ պատճառ մը` ըմբոշխնելու պաղպաղակ մը. ուսումնասիրութիւններ տեւաբար ցոյց տուած են, թէ արեան մէջ շաքարի համեմատութիւնները կապ ունին իմացական կարողութեան եւ վճռակամութեան հետ: Քաղցր եւ սառն պատառ մը կը պարենաւորէ շաքարի մեր պահեստները եւ հաւանաբար միակ բանն է, որուն կարիքը ունի ուղեղը, երբ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ եւ կը հասնի գագաթնակէտի մը: