Գիտական Բացատրութինը. Ինչո՞ւ Դէմքեր Կը Տեսնենք Բլուրներու Վրայ, Լուսնի, Եւ` Չորցուած Հացի…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Դէմքեր` Ռուսիոյ արեւելեան Մակատան շրջանին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՐԴԻԿ ՀԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ Ի ՎԵՐ ԴԷՄՔԵՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ, ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՒՈՎ ԱՃԱԾ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՒ, ՆՈՅՆԻՍԿ` ՉՈՐՑՈՒԱԾ ՀԱՑԻ: ԻՍԿ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿՈՎ ՀՆՁԵԼ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ` ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՓՆՏՌԵԼՈՎ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵՐՊԱՐԸ ՅԻՇԵՑՆՈՂ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՈՒՐԿԷ՛ ԿՈՒ ԳԱՅ ՄԵՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԴԷՄՔԵՐ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ԱՅՍ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ:

Շատեր չեն լսած փարետոլիայի մասին: Սակայն գրեթէ ամէն ոք ապրած է զայն:

Ոեւէ մէկը, որ լուսնին նայած է եւ երկու աչքեր, քիթ մը եւ բերան մը տեսած է անոր վրայ, կը նշանակէ, թէ ապրած է փարետոլիայի փորձառութիւնը:

Փարետոլիան «երեւակայական պատկերացումն է կրկնօրինակի մը կամ իմաստի մը գոյութեան, հոն, ուր անիկա իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի», ինչպէս կը բացատրէ «Ուըրլտ ինկլիշ» բառարանը: Անիկա հանգուցուած կոճղի մը մէջ դէմք մը գտնելու կամ ամպերուն մէջ կենդանաբանական պարտէզ մը տեսնելու մղումն է:

«Կուկըլի Դէմքեր»

«Անֆորմաթիւ» անունով ձեւագծումի գերմանական ընկերութիւն մը ձեռնարկած է հաւանաբար աշխարհի ամէնէն լայնատարած եւ հետեւողական փարետոլիային: Ընկերութիւնը իր «Կուկըլի դէմքեր» ծրագիրով յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն դէմքեր յիշեցնող պատկերներ պիտի փնտռէ «Կուկըլի քարտէսներուն» մէջ:

«Կուկըլի դէմքեր» ծրագիրով քանի մը անգամ եւ տարբեր դիտանկիւններէ պիտի նկարուի ամբողջ երկրագունդը: Ցարդ այս ծրագիրով յայտնաբերուած են շարք մը կերպարներ, ինչպէս խորհրդաւոր դիմաստուերներ` Ռուսիոյ հեռաւոր Մակատան շրջանին մէջ, մազոտ ռունգերով կերպար մը` Անգլիոյ Քենթ շրջանին Փրայորի պողոտային վրայ, եւ բզկտուած արարած մը` Ալասքայի լեռներուն մէջ:

Վստահաբար ասիկա առաջին ծրագիրը չէ դէմքեր յայտնաբերելու հոն, ուր անոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին:

Անցեալ շաբաթ ամերիկեան Ճէյ. Սի. Փենի վաճառատան մէջ սպառեցաւ թէյնիկ մը, զոր ոմանք ընկերային լուրերու փոխանակումի Ռետիթ ցանցին մէջ նմանցուցած էին Հիթլերին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի կերպարը յիշեցնող չիքըն նակեթ մը անցեալ տարի աւելի քան 8100 տոլարի վաճառուեցաւ համացանցի աճուրդի գլխաւոր վաճառատան` իՊէյի մէջ:

Իսկ 10 տարի առաջ շուրջ 20 հազար քրիստոնեաներ ուղեւորուեցան Պանկալոր` յարգանքի տուրք մատուցելու համար չափաթա անունով խմորեղէնի մը, որուն այրած մասը կ՛ուրուագծէր Քրիստոսի կերպարը: Ոմանք նոյնիսկ աղօթեցին ապակեայ տուփի մէջ զետեղուած չափաթային:

Համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող Թամպլր ցանցը, որուն մասնագիտութիւնը «բաներ» գտնել է, 2011-ին հրապարակեց Սուանսիի մէջ բնակարանի մը պատկերը` զայն նմանցնելով Հիթլերին: Բնակարանին երդիքը կը յիշեցնէ Հիթլերին մազերը, իսկ դրան վերի մասը` անոր բնորոշ պեխը:

Ռոնտայի մէջ Ալըն ընտանիքը 2009-ին Յիսուսի դէմքը նշմարած էր պահածոյ ուտելիքի մը շիշին կափարիչին մէջ եւ զայն պահած էր շիշը վերջացնելէ ետք:

Իսկ ամերիկացի Տայանա Տայզըր 1994-ին խածած էր հացի չորցուած շերտ մը եւ դէմ յանդիման գտնուած էր Աստուածածինը յիշեցնող կերպարի մը. հացին այրած մասը կը յիշեցնէր անոր դէմքը: Տայզըր շուրջ տասը տարի պահած էր զայն, մինչեւ որ աճուրդի դրած էր իՊէյի վրայ. հացը արժանացած էր 1.7 միլիոն հոգիի ուշադրութեան եւ վաճառուած էր 28 հազար տոլարի:

«Կուկըլի դէմքերու» հեղինակները` Սետրիք Քիֆըր եւ Ճիւլիա Լոպ փարետոլիայի ներշնչումով ձեռնարկած են իրենց ծրագիրին:

Տեսնելէ ետք 1976-ին ծիրի վրայ զետեղուած «Վայքինկ 1» արբանեակին նկարած «Հրատի դէմքը» եւ ուսումնասիրելէ ետք դէմքեր ճանչցող արհեստագիտական միջոցները, անոնք սկսած են մտածել, թէ արդեօք «փարետոլիայի հոգեբանական առեղծուածը կարելի՞ է վերարտադրել մեքենայով», ինչպէս կը բացատրէ Քիֆըր:

«Հրատի դէմքը» 1976-ին, եւ` աւելի նոր լուսանկարի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Անոնք չէին յուսար, որ իրենց ծրագիրը մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէր, սակայն շուտով Ռուսիոյ տափաստաններուն եւ Բրիտանիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ դէմքերու իրենց լուսանկարները սկսան տարածուիլ համացանցի վրայ:

«Կը թուի, թէ փարետոլիան կը հմայէ», կ՛ըսէ Քիֆըր:

Կարգ մը նմանութիւններ կը յիշեցնեն շարժուն գծանկարի կերպարներ եւ վերացական արուեստի գործեր, իսկ այլ նկարներ «այնքա՛ն իրական կը թուին ըլլալ, որ դժուար է հաւատալ զուգադիպութեան», կ՛աւելցնէ ան:

Եղափոխական Ժառանգութիւն

Սակայն ինչո՞ւ մարդիկ դէմքեր կը տեսնեն արատի մը մէջ, տձեւ պատկերի մը կամ` ժայռի տարօրինակ կազմուածքի մը:

Մասամբ ասիկա արդիւնք է մեր եղափոխական ժառանգութեան, կը բացատրէ Հարվըրտի համալսարանէն Նուշին Հաճիխանի: Մարդիկ «սկիզբէն լարուած են» դէմքեր փնտռելու` իրենց ծնած օրէն:

«Մանուկ մը ծնելէն քանի մը վայրկեան ետք կը սկսի իր ուշադրութիւնը ուղղել դէպի դէմքի նմանող բաներ, եւ ոչ այնպիսի բանի մը, որ կը պարունակէ նմանօրինակ տարրեր` պարագայական շարուածքով», կ՛ըսէ ան:

«Մոնա Լիզան» կամ Աստուածածինը` տերեւի մը վրայ:

Բրիտանիոյ հոգեբաններու միութեան անդամ Քրիսթաֆըր Ֆրենչի համաձայն, մարդը ծանօթ կերպարներ փնտռելու հակամէտ եղած է առաջին օրէն:

«Մեր ուղեղը եղափոխուած է այնպէս, որ մտածէ արագ եւ ծուռ ձեւերով, որոնք յաճախ ճիշդ են, սակայն երբեմն մեզ կրնան առաջնորդել մնայուն կողմնակալութեան», կը բացատրէ ան:

«Դասական օրինակ մըն է քարէ դարու մարդը, որ մօրուքը քերելով կը մտածէ, թէ արդեօք թուփերուն մէջ խլրտացող բանը սրածայր ատամներով վա՞գր մըն է: Շատ աւելի հաւանական է, որ ան վերապրի, եթէ ենթադրէ, թէ իրօք վագր մըն է, եւ անմիջապէս խոյս տայ, այլապէս կրնայ դառնալ անասունին կերը»:

Այլ մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ փարետոլիան արդիւնք է տեղեկութիւններ ամբարելու ուղեղին գործընթացին: Ուղեղը տեւաբար կը մաղէ պարագայական գիծեր, ձեւեր, մակերեսներ, գոյներ, կ՛ըսէ Նորթուեսթըռն համալսարանէն ջղագէտ Ճոէլ Վոս:

Ուղեղը նման պատկերներ կը հասկնայ` իմաստ մը տալով անոնց, յաճախ զանոնք նմանցնելով իր երկարատեւ գիտութեան շտեմարանին մէջ պահուած բաներու: Սակայն քիչ մը «երկդիմի» իրերը երբեմն կը բաղդատենք այնպիսի բաներու հետ, զորս աւելի դիւրութեամբ կրնանք բնորոշել, եւ որուն արդիւնքն է փարետոլիան, կը բացատրէ ան:

Ակնկալութիւններու Եւ Խաբկանքի Միջեւ

Փարետոլիան նաեւ կրնայ արդիւնքը ըլլալ մարդոց ակնկալութիւններուն, կ՛ըսէ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընէն ջղագէտ Սոֆի Սքոթ:

«Երբ Յիսուսի դէմքը կը տեսնենք չորցուած հացի կտորի մը վրայ, ասիկա շատ աւելի բան կ՛ըսէ մեզի մեր ակնկալութիւններուն մասին եւ մեր ակնկալութիւններուն հիմամբ աշխարհը վերլուծելու մեր մօտեցումին, քան թէ` հացի շերտին վրայ որեւէ իրական բանի մը», կ՛ըսէ ան:

Իսկ անգամ մը, որ Աստուածածինի կամ Ճորճ Ուաշինկթընի դիմաստուերը տեսնենք տեղ մը, այնուհետեւ իրողապէս անկարելի կ՛ըլլայ չտեսնել զանոնք, կ՛ըսէ Պրուս Հուտ, հեղինակը` «Տը սելֆ իլուժըն. հաու տը սոշըլ պրէյն քրիէյց այտենթիթի» (ինքնախաբէութիւնը. ընկերային ուղեղը ինչպէ՛ս կը ստեղծէ ինքնութիւնը) գիրքին:

«Խաբկանքի յատկանիշներէն մէկն է այս. անիկա շատ հակամէտ է կազմուելու ուղեղիդ մէջ եւ շատ դժուար է չմտածել անոր մասին», կ՛ըսէ ան:

Սակայն պարզապէս պատառ մը ուտելիքի վրայ կամ ցանկապատի մը մէջ դէմք մը նշմարելը չի բացատրեր այն հարցը, թէ ինչո՞ւ ոմանք հազարաւոր տոլար կը ծախսեն ունենալու համար զանոնք կամ ուխտի կ՛երթան` տեսնելու զայն:

Փարետոլիան չափազանց ոգեշնչող է, մանաւանդ երբ մէկը կը հաւատայ հրաշքներու, կ՛ըսէ Սքոթ:

«Անիկա անհաւատալի երեւոյթ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն հզօր են նման ներգործութիւնները ուղեղին վրայ: Մենք իրապէ՛ս կ՛ուզենք դէմքեր տեսնել բաներու վրայ, իրապէ՛ս կ՛ուզենք լսել բաներ, ինչպէս` մարդկային ձայներ, եւ մեր հասկնալու համակարգը կը լծուի այս գործին»:

Հուտի համաձայն, ոմանց համար  փարետոլիան գերբնականին ապացոյցն է: «Մարդիկ նման բաներ կը փնտռեն միջամտութեան մը յոյսով», կ՛ըսէ ան:

Իրը ինքնին կրնայ ստանալ որոշ կարեւորութիւն, կ՛ըսէ Ֆրենչ: Մարդիկ կը մտածեն, որ եթէ անիկա երկնային արտադրութիւն է, ապա կը կրէ «Աստուծոյ հպումը» եւ «բախտաբեր է», կ՛ըսէ ան:

Սակայն հաւատացեալ ըլլալը պայման չէ փարետոլիայով խանդավառուելու համար:

«Բնաւ չեմ մտածեր, թէ կրօնական կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ անիկա, կամ` որեւէ այլ իմաստ,- կ՛ըսէ Ֆրենչ: – Սակայն բաւական տպաւորիչ է, այնպէս չէ՞»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )