«Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» (Յուշատետր -79) Հատոր Բ. (Հեղինակ` Ռոպէր Հատտէճեան)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013-ին, Պոլիս, լոյս տեսաւ պոլսահայ վաստակաւոր գրագէտ, թատերագիր, գրականագէտ եւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն-Միմի Յարութիւնեաններուն:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 320 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 82 յօդուածներ, որոնք տպուած են «Մարմարա» օրաթերթին մէջ 2012 թուականին:

Հեղինակը սոյն հրատարակութեամբ կը պտտի հայոց լեզուի բառարանին մէջ առօրեայ կեանքի գործածութենէ զրկուած բառեր հաւաքելու մտադրութեամբ: Այս յղացքով, ան կ՛օգտագործէ Աճառեան, Մալխասեան եւ Հայկազեան բառարանները: Այսպէս, յիշեալ բառարաններէն քաղելով շահեկան ծանօթութիւններ` կ՛ըսէ, թէ «Ը» տառը պէտք չէ գործածել այն բառերուն մէջ, որոնց մէջ «ը» տառը գոյութիւն չունի:

Կ՛ըսէ, թէ մենք մեր գիրերը կը սիրենք թէ՛ լեզուաբանական եւ թէ՛ գրական տեսակէտէ:

Թէ` բառերը ունին թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական իմաստներ: Այսպէս, ան կը յիշէ գրողը` իբրեւ գրականութեան մարդու, որուն շահագրգռութեան առարկան կը հանդիսանան գիրերն ու բառերը: Կ՛ըսէ նաեւ, թէ ըստ Մալխասեան բառարանի, գրող կը նշանակէ մահուան հրեշտակ կամ չար ոգի, որ շիրմային զգացումներ կը յառաջացնէ մարդոց մէջ:

Մաքուր հայերէն սորվեցնելու նախանձախնդրութեամբ, հեղինակը կը թելադրէ, որ փոխանակ ըսելու` ձայներնիս, ձայներնիդ, ձայներնին, հարկ է որ օգտագործենք մեր ձայները, ձեր ձայները եւ անոնց ձայները ասութիւնները:

Մաքուր հայերէն խօսելու համար անհրաժեշտ է ըսել` կ՛երթամ, կու գամ, առանց գործածելու կ՛երթամ կոր, կու գամ կոր ձեւերը:

Ապա հեղինակը կ՛անդրադառնայ տեղերու անուններու, որոնք շինուած են «արան» յետադաս մասնիկով, ինչպէս` դեղարան, խաղարան, դասարան, վեհարան, եւ այլն: Կարելի է ստեղծել նոյնպէս տեղի անուններ «տուն» յետադաս մասնիկով, օրինակ` գործատուն, վերնատուն, գրատուն, դարմանատուն եւ այլն:

Շարունակելով իր պտոյտը հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ` Ռոպէր Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ «աստան» կամ «ստան» յետադաս մասնիկներով եւս կարելի է կազմել տեղի անուններ, օրինակ` Հայաստան, Հնդկաստան, Վրաստան եւ այլն:

Աւելի՛ն. «իա» յետադաս մասնիկով նաեւ կան տեղի անուններ, ինչպէս` Սպանիա, Իտալիա, Պուլկարիա եւ այլն:

Հեղինակը կը յիշէ զարտուղի կերտուածք ունեցող անուններ, ինչպէս` Մեքսիքա, Փանամա, Արժանթին եւ այլն:

Ապա կ՛անցնի «անոց» յետադաս մասնիկին, որուն միջոցով կազմուած են խոհանոց, խենդանոց, հիւանդանոց, հիւրանոց եւ այլ բառերը:

Կը թուէ «ոց» յետադաս մասնիկով կազմուած կարգ մը բառեր, ինչպէս` փքոց, հնոց, քշոց, փռոց, եփոց, զռոց, տփոց, սղոց, օթոց, գրոց եւ ֆշշոց:

Դիմելով Մալխասեան բառարանի օգնութեան` Հատտէճեան կու տայ ցանկը նաեւ «ոց» յետադաս մասնիկով շինուած բառերու, ինչպէս` հաստոց, խայթոց, մարտկոց, կռկռոց, ծաղկոց, վարժոց, կապոց, Զուարթնոց եւ Մաշտոց: Մաշտոցը բառ մըն է, որ կը նշանակէ մաշտել կամ կտրել: Իսկ Մաշտոցը այն ծիսարանն է, այն գիրքը, որ կը պարունակէ եկեղեցական աղօթքներ ու ծիսակատարութիւններ: Մեսրոպ վարդապետն է, որ պատրաստած է Մաշտոց ծիսարանը եւ այս պատճառով կոչուած է Մեսրոպ Մաշտոց:

Բացատրելով մակագրել բառին իմաստը` Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ երբ նոր գիրք մը հրատարակուի, անոր հեղինակը գիրքին առաջին էջին վրայ կը գրէ իր բարեկամին ուղղեալ դրուատական քանի մը խօսք, որուն տակ կը ստորագրէ իր անունն ու մականունը:

Թէ` իրերանման բառերու միջեւ կան նուրբ տարբերութիւններ, որոնք չունին նոյն իմաստը, ինչպէս` հոտիլ ու բուրել բառերը: Օրինակ, կ՛ըսենք` սխտորը կը հոտի, ծաղիկը կը բուրէ:

Նոյնը չեն ծնրադրել ու ծունկի գալ բայերը: Ծնրադրել կը նշանակէ արժէքաւոր անձի մը կամ երեւոյթի մը առջեւ խոնարհիլ, իսկ ծունկի գալ կը նշանակէ ուժի մը դիմաց պարտուիլ:

Նոյնպէս` տարբեր իմաստ ունին շուքն ու ստուերը: Շուքը հոմանիշ է փառքի, ինչպէս` փառաշուք կամ վեհաշուք բառերը: Այս իմաստով կ՛ըսենք` «մարդը շուք ունի»: Իսկ ստուերը ունի ժխտական իմաստ, որ հոմանիշն է արատաւորել բային:

Հատտէճեան կը մատնանշէ լեզուական ընդհանրացած սխալ մը, երբ կ՛ըսէ, թէ մենք ծնիլ բայը կը գործածենք «աշխարհ գալ» իմաստով: Մինչդեռ ծնիլ բառը իր ճշգրիտ առումով կը նշանակէ աշխարհ բերել կամ` ծնունդ տալ: Հետեւաբար պէտք է ըսենք Տէմիրճիպաշեան ո՛չ թէ ծնաւ, այլ աշխարհ եկաւ Պոլսոյ մէջ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ կան մարդիկ, որոնք թէեւ անսխալ հայերէն կը խօսին, բայց անսխալ չեն կրնար գրել: Անհրաժեշտ է գրել բառ մը` իր ճշգրիտ ուղղագրութեամբ, այլապէս, սխալ գրուելու պարագային` կրնայ տարբեր իմաստ տալ, ինչպէս` կարգ եւ կառք բառերը:

Կ՛ըսէ, թէ հայ լեզուն ճիշդ գործածելու համար պայման է, որ գիտնանք շատ բառեր եւ գիտնանք նաեւ զանոնք իրենց տեղին գործածել: Այս առնչութեամբ, կու տայ հետեւեալ թելադրանքները: Այսպէս, եթէ մէկու մը հետ ձեր կապը դադրեցնէք, պէտք է ըսէք, որ ձեր «յարաբերութիւնները խզեցիք»: Եթէ մէկու մը հետ բարեկամացաք, պէտք է ըսէք, որ` «բարեկամութիւն հաստատեցիք»: Եթէ ամուսնացաք մէկու մը հետ, պէտք է ըսէք, որ` «ամուսնութիւն կնքեցիք» եւ այլն:

Կ՛ուզենք ըսել, թէ «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» խորագրեալ հատորին ուշագրաւը այն երեւոյթն է, որ Ռոպէր Հատտէճեան պահ մը դուրս կ՛ելլէ հայոց բառարանին մէջ իր կատարած շահեկան պտոյտներէն եւ կը շրջի հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ` ներկայացնելով Կոմիտասի աշակերտ Արմենակ Շահմուրատեանը, լիբանանահայ գրող եւ խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի անձնասպանութեան պատմութիւնը, պոլսահայ վարպետ բանաստեղծներ` Զահրատն ու Զարեհ Խրախունին, ապա կրկին կը դառնայ բառարանին մէջ իր կատարած  պտոյտներուն:

Պէտք է ըսել, որ սոյն գործով Ռոպէր Հատտէճեան թափած է բաւական աշխատանք` լոյս աշխարհ բերելով բառարաններու մէջ անյայտ մնացած բազմաթիւ բառեր:

Մարտ 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • remy 10 years

    կարդացէք,կ’արժէ:

  • Disqus ( )