Հայ Դպրոցը Գիտական-Քննադատական Միտքի Վրայ Վերակառուցելու Հրամայականը

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Մեկնակէտ. Հայ դպրոցը` հայ ժողովուրդի, եւ ուրեմն Հայ Սփիւռքի գոյութեան ու գոյատեւման խարիսխն է: Հայ սփիւռքի հայեցի կենսունակութիւնը, անոր ընկերային, հասարակական, քաղաքական, մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներուն ամրութիւնն ու տեւականութեան երաշխիքը պայմանաւորուած է Հայ Դպրոցին տեսլականի, ծրագրի, գիտական հիմքի, մարդուժի, նիւթական կարողականութեան եւ ծառայութեան դաշտի-դաշտերու սահմանագիծերու ամրապինդ առկայութեամբ: Այս առումով, ժամանակ է վերատեսութեան ենթարկելու Հայ Դպրոցի հանդէպ որդեգրուած կեցուածքը, գնահատանքի արժեչափերը, բայց մանաւանդ միանգամընդմիշտ որոշելու, թէ ի՛նչ է հայ մարդուն ակնկալութիւնը Հայ Դպրոցէն:

Ժամանակ է սթափելու: Հարցադրումներու, վերաքննութիւններու եւ վերարժեւորումներու անյետաձգելի ժամանակաշրջան է: Հայ Դպրոցը չի կրնար հեռու մնալ այս բոլորէն: Դեռ պիտի ըսել, որ ան սփիւռքի հայկական կառոյցներուն մէջ առաջինը պիտի ըլլայ ենթարկուելու այս բոլորին: Եթէ կը հաւատանք Հայ Դպրոցի մեսրոպեան առաքելութեան, այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Այսօր Հայ Դպրոցը հայ սփիւռքին մեծագոյն յաղթանակն է, բայց եւ… մեծագոյն տագնապը:

Վերջին տասնամեակներուն Հայ Դպրոցը տեղքայլ կ՛արձանագրէ` լճացումի բոլոր երեւոյթները դրսեւորելով: Բազմաթիւ են պատճառները, բայց հարկ է անդրադառնալ էականին: Առանց երկմտելու` ըսենք, որ շուկայական աշխարհի արժեչափերու ճնշումով, մտքերուն մէջ Հայ Դպրոցը սկսաւ հանրախանութի (սիւփըրմարքեթ) ծառայութեան պաշտօնին կոչուիլ: Ծնողք իրենց զաւակները պիտի տանին դպրոց, սակարկեն, վճարեն կրթաթոշակը, ու… սպասեն, որ տարեվերջին անոնք տուն վերադառնան պըրըվէի կամ պաքալորէայի վկայականով: Ու այս պահանջ-սակարկութեան դիմաց, դպրոցներուն առաւելագոյն ճիգը` գովազդել իրենց «վաճառած» ապրանքին որակը, որ պայմանաւորուած է դպրոցին` պըրըվէի ու պաքալորէայի քննութիւններուն  յաջողած իրենց աշակերտներուն թիւով: Այլապէս ի՞նչ կ՛ըսեն տարեվերջին օրաթերթերու մէջ կատարուած մրցակցային ծանուցում-գովազդները…, թէ` ո՛ր դպրոցը յաղթանակի ինչ մրցանիշ հաստատած է:

Տարրական, բայց դժբախտաբար մոռցուած ճշմարտութիւն է, որ դպրոցէն ներս տարուած կրթական-ուսումնական-դաստիարակչական աշխատանքի արդիւնքներէն միայն մէկն է պըրըվէի կամ պաքալորէայի վկայականը, եւ պըրըվէն կամ պաքալորէան առանձին ոչինչ կ՛ըսէ մարդու կրթութեան ու դաստիարակութեան մասին: Եթէ միայն պըրըվէ ու պաքալորէա, ապա ո՞ւր է մարդը: Նախ մարդը, յետոյ` հայը, քրիստոնեան ու ազգային ծառայութեան կողմնորոշումը, որուն որակն ու տարողականութիւնը պայմանաւորուած է առաջին երեքով:

Ու եթէ Հայ Դպրոցի հանդէպ ամէն օր քիչ մը աւելի արմատաւորուող շուկայական այս մտայնութենէն դուրս չգան ծնողք, աշակերտ ու դպրոց կը նշանակէ` Հայ Դպրոցը կը կորսնցնէ իր մեսրոպեան առաքելութիւնը, որ պայմանաւորուած չէ միայն հայերէնի ու հայագիտական առարկաներու դասաւանդումով, այլ` դպրոցի հանդէպ գիտական-քննադատական նոր հասկացողութեան մը տարազումով: Ժամանակ է անդրադառնալու, հասկնալու եւ ընդունելու, որ դպրոցը գիտական օճախ է, գիտական հիմնարկ եւ հաստատութիւն, որ իր զարգացման դարաւոր պատմութիւնը ենթահող ունենալով, իր նորէնոր հասակ առնելուն հետ, նաեւ պիտի նորանայ` գիտակցելով այն տիեզերական ճշմարտութեան, որ դպրոցը շարժակն է քաղաքակրթութեան, ու եթէ այդ շարժակը ժամանակի պահանջներուն չընդառաջէ գիտական հիմքերու վրայ նորանալով, կը ձախողի իր առաքելութեան մէջ, ինչ որ կը նշանակէ` հաւաքականութիւնը, որուն ծառայութեան կանչուած է ան, կը դատապարտուի լճացումի:

Ու մեկնելով այս ճշմարտութենէն` ո՞ւր է սփիւռքահայ դպրոցը այսօր:

Հարցում մը: Ո՞վ կը յիշէ, թէ վերջին տասնամեակներուն հայ մամուլի մէջ ե՞րբ, ո՞ւր եւ քանի՞ մանկավարժական յօդուածի հանդիպեր ու կարդացեր է: Խօսքը չի վերաբերիր Հայ Դպրոցի աշակերտներու թուաքանակի շուրջ արծարծուած մտահոգութիւններուն, պատ քանդելուն կամ բարձրացնելուն, դրամ կայ ու չկայի եղերերգութեան: Հարցումը, Հայ Դպրոցի` աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն, հոգաբարձութիւն աշխատանքի ու համագործակցութեան հետազօտութիւններու, ու կրթական օճախին մանկավարժութեան, գիտական որակի ու մակարդակի բարեշրջման ընթացքը խթանող յօդուածներու մասին է: Չենք հարցներ, թէ ո՞ւր են Հայ Դպրոցի տնօրէններն ու հայ ուսուցիչները, եթէ երբեք անոնք տէր են մանկավարժական մասնագիտութեան: Իրենց դպրոցներուն մանկապարտէզի հանդէսներուն ծաւալուն, նկարազարդ տեղեկագիրները օրաթերթերու մէջ անպայման հրատարակութիւնը հետապնդող մարդիկ ինչո՞ւ օր մը չեն խօսիր նոյն այդ մանկապարտէզներուն դիմագրաւած մանկավարժական հարցերու մասին: Բայց միա՞յն մանկապարտէզներուն:

Հայ Դպրոցի` այսօր տիրող իրականութեան դիմաց, եւ անոր` վաղը սպառնացող անխուսափելիին մասին մտածելով, անյետաձգելի ժամանակ է բարեկարգութեան յեղաշրջող քայլերը առնելու, որոնց իրագործումով միայն կարելի կ՛ըլլայ Հայ Դպրոցը դուրս բերել իր նահանջի անհեռանկար զառիթափէն:

Կրկնենք: Պըրըվէն ու պաքալորէան Հայ Դպրոցի յաղթանակի միակ ու բացարձակ մրցանակը չէ: Դեռ` առանց խօսելու պետական այդ ծրագրին ու քննութիւններուն մանկավարժական իրա՛ւ արժէքին, տարողութեան ու արժանահաւատութեան մասին: Պարտադրուած դրուածք մըն է, զոր պիտի կրել, բայց այդ երբեք չի նշանակեր անոր ստրկանալ` մոռացութեան մատնելով Հայ Դպրոցի կրթութեան, դաստիարակութեան, պատասխանատու ու մտածող հայ մարդ ու քաղաքացի պատրաստելու առաքելութիւնը:

Հիմա փրկութեան լաստեր են պէտք Հայ Դպրոցը դուրս բերելու իր նահանջի զառիթափէն: Հոս, առաջնահերթ մտահոգութիւն է կեդրոնանալ` Հայ Դպրոցը գիտական օճախի, գիտական հիմնարկի ու հաստատութեան վերածելու անհրաժեշտութեան: Եւ այս նպատակը իրագործելու ճանապարհին վրայ առաջին քայլը մանկավարժական մտքի զարթօնքն է, որուն շօշափելի արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ մանկավարժական գիտական հանդէսի մը հրատարակութիւնը: Հանդէսը բաց հրաւէր պիտի ըլլայ մանկավարժութիւնը իրենց համալսարանական մասնագիտութիւն ըրած մարդոց, որոնք գոյ են, կ՛ապրին ու կը գործեն հոս, մեր անմիջական շրջանակին մէջ, ինչպէս եւ` սահմաններէն անդին:

Եթէ սփիւռքի մէջ Հայ Դպրոցը բազմատեսակ հարցեր կը դիմագրաւէ (ոչ ոք կրնայ ուրանալ այս իրողութիւնը), ապա ուրեմն կը նշանակէ, որ այդ հարցերըօ սերտելու, լուսաբանելու, անոնց լուծումներ գտնելու եւ առաջարկելու հեղինակաւոր բեմ մը անհրաժեշտ է: Առաջադրուած մանկավարժական գիտական հանդէսը պիտի ըլլայ այդ բեմը:

Հայ Դպրոցը հեռանկարային առողջ ճանապարհի վրայ դնելու համար պիտի սկսիլ վիճակագրական տուեալներու մէկտեղումով, դասաւորումով, ուսումնասիրելով ու ձեռք բերուած եզրակացութիւնները հրապարակելով, որպէսզի անգամի մը համար, գիտական տուեալներու ապաւինած, կարելի ըլլայ լուծումներու մասին մտածել ու բարեշրջումի քայլերը առնել:

Բայց` ոչ միայն այդ. հանդէսի էական առաքելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ մանկավարժական միջազգային հրապարակներու վրայ ճամբայ հարթող գիտական նոր միտքն ու մտածողութիւնը, վարկածներն ու տեսութիւնները ներկայացնել ու ծանօթացնել Հայ Դպրոցը իրենց ձեռքերուն մէջ պահող ասպարէզի մարդոց եւ ուսումնական-դաստիարակչական կեանքին հասարակական ճամբով ծառայողներուն:

Հանդէսը պիտի ծառայէ հաստատելու, որ սփիւռքահայ դպրոցը իր մտասեւեռումով շարունակութիւնն է 1600-ամեայ Հայ Դպրոցին, ու ժառանգորդը` անոր մանկավարժական միտք ու մտածողութեան, նուաճումներուն եւ առաքելութեան:

Հանդէսը ե՛ւ պիտի ըլլայ սփիւռքահայ դպրոցի պատմութեան արձանագրողը, սկսած` Սուրիա-Լիբանանէն: Դպրոց` իր համապարփակ իմաստով:

Եւ հոս, խնդրանք մը` պահանջելու պէս: Մանկավարժութիւնը իրենց համալսարանական մասնագիտութիւնը ըրած հայորդիները հրաւիրուած են հրապարակաւ եւ հայ մամուլի էջերէն իրենց մասնագիտութիւնը սպաս դնելու Հայ Դպրոցի բարեշրջման: Եթէ կ՛ակնկալենք, որ գիր ու գրականութեան մասին գրողն ու գրականագէտը խօսի, գեղանկարի մասին` գեղագէտ արուեստաբանը, պատմութեան մասին` պատմաբանը, ապա պարտադիր պահանջ է, որ դպրոցի մասին մանկավարժութիւնը իրեն մասնագիտական ասպարէզ ընտրած մանկավարժը խօսի:

Ու պիտի սպասել, որ տասնամեակ մը ու աւելի ուսուցչական ասպարէզի կամ դպրոցի վարչական գործի մէջ եղող մարդիկ, տարիներու իրենց փորձն ու փորձառութիւնը քննութեան տակ առնեն, պարզին քննարկելի հարցերը, տեսութիւններ առաջադրեն ու լուծումներու մասին խորհրդածեն:

Կրկնենք. Հայ Դպրոցը խարիսխն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին: Ահա թէ ինչո՛ւ ժամանակն է, որ վերջ տրուին դպրոցին շուրջ արուեստականօրէն բարդուած բոլոր զգացական ու եսակեդրոն նեղ ու լայն հաշիւներուն, դպրոցը հանրախանութի հետ շփոթելու շուկայական ախտին, մանկավարժական կեանքէն ներս «դպրոց իմացութիւն»-ի անտեղեակ մարդոց` Հայ Դպրոցի ճակատագիրը որոշելու իրաւունքին, ու ամէն ինչ սկսիլ այբ-էն` գիտական ու քննադատական մտածողութեամբ ծրագրելու, որոշելու ու գործադրելու:

Հայ Դպրոցը խարիսխն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին: Կը հաւատա՞նք:

29 յուլիսի 2013, Պէյրութ

 

Յ. Գ.- Մանկավարժական գիտական հանդէսի մը հրատարակութեան անհրաժեշտութիւնը տարիներ շարունակ եղած է մեր մտահոգութեան առարկաներէն մէկը: Այդ առումով, ատենին, մեր դատողութեամբ դիմեցինք առ որ անկ է, ու մինչեւ իսկ գրաւոր ծրագիր մը ներկայացուցինք` հանդէսի բովանդակութեան առնչուած: Դրապէս դիմաւորուեցաւ առաջարկը, սակայն դժբախտաբար մնաց անպատասխանի:

Մենք տակաւին կը կարեւորենք ծրագիրը ու կը յուսանք` հնարաւոր կ՛ըլլայ զայն իրականացնել:

Ե. Հ. Ք.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )