ԽՈԶԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱ՞ՆՔ… ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Թերեւս միշտ այսպէս եղած է բոլոր դարերուն: Ընդունելով հանդերձ, որ կրնամ սխալիլ, կամ` տեղեկութիւններս անբաւարար ըլլալ, երբ կը դիտեմ ժամանակակից ընկերութիւնները, զանոնք յուզող խնդիրները, կը հասնիմ համատարած տագնապի մը ըմբռնումին, որ կայ, սակայն չի տեսնուիր ելքը: Ելքը իրապէս փնտռող ալ չկայ: Կամ ես անկարող եմ տեսնելու:
Կրօնները, քաղաքակրթութիւնները, արժէքները, տնտեսութիւնները, մարդկութեան բնավայր մոլորակը եւ անոր բնակիչներու յարաճուն (յաւելումը արդէն եօթը միլիառ), յարաշարժութեան շեշտուած ընթացքը, արմատական փոփոխութիւններ կը կրեն եւ ոչ ոք կրնայ նախատեսել տեւաբար արագացող վազքի յաջորդ հանգրուանը: Համաշխարհայնացումը տեսական-վերացական ըմբռնում մը կը մնայ, եթէ մեր մօտեցումը ըլլայ մակերեսային, մասնակի, եթէ անոր ետին եռացող բարդութիւնները չտեսնենք:
Քաղաքակրթական, մշակութային եւ կրօնական խնդիրներ խճճուած են, եւ հակառակ խօսուած ճառերու` համակարգում մը չի տեսնուիր հորիզոնին վրայ: Իւրաքանչիւր երկիր ինք կը փորձէ լուծումներ գտնել, որոնք ընդհանուր կանոն չեն, անմիջական եւ ժամանակաւոր են: Անհատներու եւ ազգերու միջեւ յարաբերութիւնները Լա Ֆոնթենի առակի սահմանումէն անդին չեն անցած, Միացեալ Ազգեր եւ պետութիւններ. «Հզօրին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է»… Այդպէս էր Լենկթիմուրի ժամանակ, այդպէս է այսօր, շապիկները փոխուած են:
Գաղութարարութեան պատճառով չարաշահութեամբ աճած դրամատիրութիւնը դրամի կուտակում յառաջացուցած է եւ կը շարունակէ` փոխանակ վերածուելու մարդոց համար բարօրութեան միջոցի: Դրամը այլեւս աշխատանքի հատուցումը չէ, հարստութիւն եւ բարօրութիւն չեն նուաճուիր աշխատանքով, այլ` սակարանային խաղերով, նստած` համակարգիչի մը առջեւ, բաժնեթուղթ առնելով եւ ծախելով: Հսկայական գումարներ կը շահուին եւ կը կորսուին, որոնք աշխատանքի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին: Այդ անբարոյ խաղին պատճառով ֆրանսական դրամատուն մը շուրջ հինգ միլիառ եւրօ վնասի ենթարկուեցաւ. Միացեալ Նահանգներու մէջ, առանց աշխատանքի շահ ապահովելու համար, մարդիկ իրենց խնայողութիւնները բազմապատկելու յոյսով, սակարանային աւազակային խաղին մասնակցեցան եւ մեծ կորուստներ ունեցան: Այդ խաղը կը նմանի կրկէսի մէջ առանց ապահովութեան ցանցի օդին մէջ ոստումներ կատարելու…
Քաղաքակիրթ ձեւերով կողոպուտ տեղի կ՛ունենայ, անոր պատճառով անհաւասարութիւնները կը շեշտուին: Վերջին տասնամեակի ահաբեկչական արարքները եւ պատերազմները, գումարուելով դրամատիրական անբարոյութիւններուն վրայ, յառաջացուցին դրամի կուտակումներ, սնանկացումներ, գործազրկութիւն: Միացեալ Նահանգներ այս կացութեան թատերաբեմն են, եւ միւս երկիրները կը հետեւին: Միջազգային ոստիկանութիւն մը պիտի ստեղծուի՞ երկիրներ եւ ժողովուրդներ կողոպտողները հետապնդելու, անոնք ըլլան նախագահ, իշխան, հին ու նոր աւատապետ…
Ժողովներ գումարուեցան մոլորակը փրկելու համար բազմաբնոյթ ապականումներէ (մթնոլորտը եւ ովկիանոսները), սակայն կեանքին սպառնացող վտանգները չյաղթահարուեցան: Մարդկութիւնը եւ բնութիւնը այսօր անկարող են արտադրուած աղբը մաքրելու:
Անհաւասարութիւնները եւ սպառնալիքները ծնունդ տուին պատերազմներու, ահաբեկչութեան, որ պատերազմ է, կրօնական ծարայեղութիւններու, որոնք պարարտ հող կը գտնեն այս խառնակ վիճակին մէջ կամ հակազդեցութիւններ են: Զարգացման այս դարուն մարդկութիւնը չյաջողեցաւ կրօն եւ քաղաքական իշխանութիւն անջատել` դաշտը ազատ ձգելով կիրքերու հրահրման առջեւ: Վայրագ դրամատիրութեան տեւաբար աճման եւ անոր պատճառով ծնունդ առնող եւ շեշտուող անհաւասարութիւնները, կը հանդիսանան պարարտ ենթահող ծայրայեղութիւններու արմատացման: Երբ միլիոնաւոր մարդիկ սոված են, երբ նոյնքան մարդիկ ամէն օր կը մեռնին ջուրի պակասի պատճառով, երբ վեց տարեկան մանուկներ կը յանձնուին տարապարփակ աշխատանքի, կամ հացի համար մանուկ աղջիկներ մարմնավաճառութիւն կ՛ընեն, անբնական կարելի չէ համարել ծայրայեղութիւնները, ահաբեկչական ահաւորութիւնները:
Ո՞ր աշխատանք-քրտինքով կը չափուին անհատներու միլիառները: Քաղաքակիրթ մարդը, որ կ՛ըսէ, թէ անտառի օրէնքով չ՛ապրիր, ինչպէ՞ս կրնայ նստիլ միլիառներու դէզին վրայ, երբ հազարաւորներ կը մեռնին սոված եւ ծարաւ: Անհատներու պատկանող այդ միլիառները շարունակութիւնն են անտառի օրէնքին, ոչ մէկ մարդկային օրէնք կրնայ ըսել, թէ անոնք արդար են: Դրամի այս սահմաններ չունեցող նոր տեսակի կայսրութիւնը մարդկութեան համար բարիք չէ, մինչդեռ սովորութիւն է ճառել իրաւունքէ, հաւասարութենէ, արդարութենէ: Օրէնքներ մշակուած են պաշտպանելու համար սահմաններ չունեցող անաշխատ դրամի կայսրութիւնը, որ իր մէջ կը կրէ ամէն կարգի ծայրայեղութիւններու ժահրը, ըմբոստացումներ, յեղափոխութիւններ, ահաբեկչութիւն, մաֆիա… Ծայրայեղութիւնները, ժամանակակից արհեստագիտական հնարաւորութիւններով, անզսպելի հզօրութիւններ են:
Հարկ է եսասիրական խոզակէ դուրս գալ, անհատներ եւ երկիրներ, եւ մշակել նոր հիւմանիզմը, այսինքն` մարդը դարձնել նպատակ, քանի դեռ ուշ չէ, փոխել գործակցութիւններու ձեւը, ընդունիլ նոր արժեչափեր:
Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակներու դէմ գործուած եղեռնագործութիւնը դիրքերը կարծրացուց, կը շարունակենք դառնալ սադայէլի շրջանակին մէջ: Փոխանակ երթալու չարի եւ ցաւի արմատը` զայն բառնալու համար:
Պարզ պէտք է ըլլայ. բնութեան եւ գիտութեան բարիքները հաւասարապէս պէտք է ծառայեն մարդոց:
Դեռ պիտի շարունակե՞նք ուշանալ նոր հիւմանիզմի ծնունդ տալու ճանապարհին…
Հետեւանքները պէտք չէ զարմացնեն: Անոնք հեռու մոլորակի վրայ չեն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ