ՀՄԸՄ-Ի ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ
Երէկ` կիրակի, 5 յունիսին, իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ ֆութպոլի խումբերը շարքով դաշտ մուտք գործեցին` ֆութպոլասէր համակիրներու ներկայութեամբ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու ֆութպոլի պատասխանատու Խորէն Գուլաճեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր, եղբայրներ եւ համակիրներ,
Հաւաքուած ենք հոս միասնաբար բաժնելու ուրախութիւնը ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումներուն:
Փետրուար 2011-ին սկսած այս մրցաշարքերուն մասնակցեցան 46 խումբեր` տարիքային առումով բաժնուած 4 դասակարգերու, եւ իւրաքանչիւր շաբաթավերջին` 4 ամիս շարունակ, շուրջ 600 մարզիկներ փորձեցին իրենց լաւագոյնը տալ ու մարզական ոգիով մրցակցիլ` լաւագոյն արդիւնքները արձանագրելու համար:
Շնորհակալական խօսք ունինք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեր յանձնախումբին վստահեցաւ այս մրցաշարքին կազմակերպումը, մօտէն հետեւեցաւ մեր աշխատանքներուն` ի հարկին անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով:
Շնորհակալական խօսք ունինք նաեւ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, մասնաճիւղերու ֆութպոլի յանձնախումբերուն եւ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտի յանձնախումբին, որոնք ճիգ չխնայեցին, որպէսզի այս մրցաշարքը հասնի իր յաջողութեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ շեփորախումբին:
Նախորդ տարիներուն պայմաններու բերումով ՀՄԸՄ չմնաց Ա. դասակարգին մէջ, սակայն վստահ ենք, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը աւարտող մարզիկները, ինչպէս նաեւ երկրորդական խումբերուն փայլուն ֆութպոլիստները վաղուան օրը պիտի գան կրելու «դեղին սատանաներ»ուն շապիկը` իբրեւ իտէալ ունենալով 60-ական թուականներու մեր մեծ ֆութպոլիստները, ինչպէս էին եղբայրներ` Ճոքին, Լեւոնը, Աբոն, Զաւիկը, Միկէն, Ռաղեպը եւ «ոսկի գլուխ» Յակոբիկը, ապա անոնց յաջորդած սերունդի մարզիկները, ինչպէս` Տարօնը, Փանոսը, Լեւոնիկը, Ռազմիկը, Խալոյեանն ու Դրոն:
Այսօրուան մեր մարզիկները պիտի ըլլան վաղուան ՀՄԸՄ-ի փառքի կերտումը շարունակող հերոս տղաքը:
Մեծ յոյսով կը նայինք ապագային:
Կեցցե՛ն ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու բոլոր մարզիկները:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը»:
Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ ըսաւ.
«Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր, եղբայրներ եւ համակիրներ,
Հաւաքուած ենք հոս ներկայ գտնուելու ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերուն յատկացուած բաժակի աւարտական մրցումներուն:
Կը հաստատենք, որ յիշեալ մրցումները վախճանը չեն այս մրցաշարքերուն, այլ` միայն աւարտը ֆութպոլի ծրագիրի իրագործման Ա. հանգրուանին եւ սկիզբը երկրորդ հանգրուանի մը:
Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, ամիսներ տեւած աշխատանքով, թաղային առումով մեր երկրորդական խումբերը կազմուեցան, որպէսզի գոյատեւեն, եւ ճիգ պիտի չխնայենք, որ անոնք դառնան մնայուն խումբեր:
Այսօր, այո՛, կ՛աւարտին բաժակի մրցաշարքին մրցումները, սակայն, վաղն իսկ երկրորդական խումբերու յանձնախումբը կը ձեռնարկէ երկրորդական խումբերու յատուկ ախոյեանութեան մրցաշարքի ծրագիրի գործադրութեան:
Այժմ, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցին մէջ կրտսեր մարզիկներ կը պատրաստուին` մասնակցելու համար Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւններուն, մասնաճիւղերու երկրորդական խումբերը պիտի ըլլան այն կամուրջը, ուրկէ լաւագոյն մարզիկները պիտի ընտրուին` մաս կազմելու համար ներկայացուցչական խումբին, բարձր պահելու համար ՀՄԸՄ-ի դրօշը` ֆութպոլի մարզին մէջ:
Նախաքայլը առնուած է արդէն:
Մրցաշարքի յաջող ընթացքն ու աւարտական մրցումներուն կայացումը ինքնին յաղթանակ մըն է միութեան համար:
Այսօր, աւարտական բոլոր մրցումներուն յաղթական կամ պարտուած խումբեր պիտի չըլլան, ինչ որ ալ ըլլան մրցումներուն արդիւնքները, բոլորս յաղթական ենք, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ն է յաղթականը:
Շնորհակալական խօսք ունինք ՀՅԴ ակումբներու բոլոր պատասխանատու մարմիններուն, որոնք անվերապահօրէն մեծ ներդրում ունեցան եւ օժանդակեցին այս խումբերու կազմաւորման աշխատանքներուն:
Կը շնորհաւորենք մասնաճիւղերու վարչութիւնները, որոնք այլեւս կոչուած են ստանձնելու այս խումբերը եւ հոգ տանելու անոնց:
Կը գնահատենք երկրորդական խումբերու յանձնախումբի անդամներուն աշխատանքը. անոնք ծրագրեցին եւ չորս ամիս շարունակ հետեւողական կերպով իրագործեցին այդ ծրագիրը` փորձելով լաւագոյնս կազմակերպել ամէն շաբաթավերջին տեղի ունեցող տարիքային բաժանումով բաժակի չորս մրցաշարքերը:
Գնահատանքի խօսք ունինք նաեւ վերոյիշեալ մրցաշարքերուն մասնակցած 46 խումբերու պատասխանատուներուն եւ մարզիկներուն:
Յաջողութիւն կը մաղթենք այսօրուան աւարտականներուն հասած բոլոր խումբերուն` յուսալով, որ մարզական ոգիով ու եղբայրական մթնոլորտի մէջ կ՛ընթանան մրցումները, ձգտելով տալ լաւագոյնը եւ հասնիլ բարձրագոյնին, միշտ ի մտի ունենալով ՀՄԸՄ-ի անզուգական «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:
Ա՛յս կամքով եւ հաւատարմութեամբ ՀՄԸՄ-ի երթը պիտի շարունակուի:
Ապրի՛ք տղաք:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
Յաւե՛րժ ապրի Լիբանանը»:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք սկսան ֆութպոլի աւարտականի մրցումները:
1999-ի ծնունդ եւ վեր դասակարգին մէջ տիտղոսին տիրացաւ Աքատեմի, որ 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռոստոմի:
1996-97-98-ի ծնունդ դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Այնճար 6 – 1 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Անթիլիասի տիրացաւ տիտղոսին:
1993-94-95-ի ծնունդ դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Դրօ) – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Գարեգին Նժդեհ) մրցումը աւարտեցաւ 1 – 1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ Անթիլիաս փենալթիներով (2 – 0) յաղթելէ ետք տիրացաւ տիտղոսին:
Վերջին բաժինին, որ յայտագիրին ամէնէն հետաքրքրական բաժինն էր, իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ-ի վեթերան – 1 եւ ՀՄԸՄ-ի վեթերան – 2 խումբերը: Յաղթական հանդիսացաւ վեթերան – 1 խումբը` 2 – 0 արդիւնքով:
Մրցաշարքին աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան գնահատագիրներ ստացան նաեւ ՀՄԸՄ-ի անցեալի վեթերան մարզիկները:






