Ամրօրէն Կառչած Անցեալին… Գրաճեանի Գրապաճոյճ Գործը

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 

Կարելի չէ հրաժեշտ տալ անցեալին, այդ անմոռանալի օրերուն… անցեալ կատարեալին:

Առ այդ, կառչած անցեալին` Գրիգոր Գրաճեան լոյս ընծայած է «Վերադարձ դէպի անցեալ»-ը:

Առաջին հերթին հետաքրքրական է նշել մասնագիտութեամբ դեղագործի մը ցուցաբերած յարգանքն ու սէրը` գիր ու գրականութեան, իսկ ոճը` այնքան մը իւրայատուկ, որ տեղին է յաւելեալ մանրամասնութիւններով եւ խոշորացոյցով պեղել:

25 պատմուածքներէ կազմուած այս երկու հարիւր էջերէ բաղկացած գիրքը կը ներկայացնէ զանազան նիւթեր, որոնք ունին քաղաքական, աշխարհագրական, ազգային եւ մշակութային բնոյթ: Անոր ուղեւորութեան մաս կազմած են գրաւեալ հողեր` Արեւմտահայաստանը, Սուրիան եւ բնականաբար իր ծննդավայր` Լիբանանը: Ան նոյնիսկ մրոտած է էջեր ցայսօր հպարգելք (թապու) հանդիսացող Լիբանանի 1958-ի դէպքերուն մասին:

Այս գրութիւններէն քանի մը հատը նախապէս հայ մամուլին մէջ առանձնաբար հրապարակուած էին, որոնց կարգին յատկապէս` Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման առթիւ. «Գատադ առնիմ…, գուրպան էղնամ Սուրբ Կիրակոս»-ը, խորհրդաւոր «Արմիկը ո՞ւր է»-ն կամ …Ժամանակին կար ու չկար «Հայկական Շթորան» գրութիւնները:

Սահուն է Գրաճեանին գրիչը: Ան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ թուղթին կը յանձնէ իր տեսածն ու յիշածը, կարդացածն ու իմացածը, երեւակայածն ու երազածը: Էջեր կան, ուր կարդացողը գրեթէ ստանձնած կրնայ ըլլալ ակնդիրի պաշտօն: Հմուտ վրձնահար մը կրնայ ամենայն հարազատութեամբ ներկայացնել այդ զրոյցը, դէպքը կամ ակնթարթը, ըլլան անոնք տեսարաններ, դէպքեր կամ նոյնիսկ անշարժ բնութիւն` նաթիւր մորթ: Դեռ աւելի՛ն, Գրաճեանի գրիչը, բեմագրողին եւ բեմադրիչին գործն ալ դիւրացուցած է` ներկայացնելով շարժուն նկարագրականներ, որոնք իրենց կարգին կ’ընդգրկեն դէպքեր, տեսարաններ, անցուդարձեր, զրոյցներ եւ այլն:

Թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է այս ոճը իրականացնել: Գրաճեան դիմած է իր սուր յիշողութեան եւ շարունակ դիմելով արխիւներու` կրցած է վերապրեցնել մոռցուածը, փոշիներու մէջ ծածկուածը` անցեալը: Դիտելու եւ երեւակայելու կարողութեան տէր, «Վերադարձ դէպի անցեալ»-ին էջերը յատկանշուած են պարզութեամբ եւ բնական ոճով: Սրամտութիւնն ալ անպակաս է, այս էջերուն մէջ եւ երբեմն` այնքան հաճելի եւ համով… նոյնիսկ երբ կը յայտնէ, թէ իր մանկութեան օրերուն կիրարկած է ծիրանի անհամ կուտին հետ առնչուող ամէն տեսակի խաղերը:

Այսպէս, հանրահռչակ ֆրանսացի վիպագիր Մարսել Փանիոլի («La Gloire de Mon Père» եւ «Le Château de Ma Mère» եւ այլն), Ֆլաման գեղանկարչութեան դպրոցի հանրածանօթ վրձնահարներու (Վան Այք, Պրիւկըլ եւ այլն) եւ եօթներորդ արուեստի աշխարհէն ներս իտալացի Ճուզեփէ Թոռնաթորէի («Cinema Paradiso», «Stano Tutti Beni» եւ այլն)  ոճը կը յիշեցնեն այս պատմութիւնները` մերթ իրենց իրապաշտութեամբ եւ մերթ երեւակայութեամբ, եւ անշուշտ` միշտ ու միշտ խոր տպաւորութիւն ձգելով:

Այս հրատարակութեան նախաբանէն առաջ իսկ, առանձին էջի մը մէջ, տեղադրուած է հայկական առած մը` «Ծառն արմատով է ծառ, մարդն անցեալով է մարդ»: Նաեւ յիշատակելի է գիրքին կողքը, որ գեղանկարչական մէկ գործն է Գրիգորի վաղամեռիկ կողակից Լիլային: Գործը պատրաստուած է 2000-ին եւ անունն է «Հրաժեշտ»… Այսինքն` հրաժեշտ ներկային եւ վերադարձ, վերազարթնում դէպի անցեալ, առանց նահանջի… ո՛չ ալ երգի, հեռո՛ւ շահնուրեան մտահոգութիւններէ, բոլորովին տարբեր պայմաններու եւ բնագաւառներու մէջ:

Հուսկ, Գրաճեանի գրապաճոյճ ոճով ներկայացուցած անցեալի այդ անբացատրելի քաշողական ուժը, մագնիսի մը նման, առաջին հերթին գրողը եւ ապա  կարդացողը կը փոխադրեն այդ երբեմնի ապրող անցեալը եւ… կը կամրջեն ներկան` կերտելով ապագայ աւիշն ու սերունդը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )