Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցումները Կը Պատկերասփռուին Երկու Ընկերութիւններու Կողմէ
Յառաջիկայ երեք տարիներուն, Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ը 850 միլիոն եւրոյի շահ մը պիտի ապահովէ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ցուցադրումին իրաւունքներուն վաճառքէն:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով sovsport.ru կայքէջը:
Եթէ նախապէս մրցումները կը պատկերասփռէր «Պի. Սքայ»-ը, այժմ անոր կու գայ միանալու «Պրիթիշ Թելեքոմ»-ը (Պի. Թի.):
Այդ պատկերասփիւռի կայաններուն միջեւ տեղի ունեցած մրցակցութեան պատճառով է, որ անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ին հսկայ եկամուտ կ՛ապահովուի:
CATEGORIES Մարզական

