Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Առաջին Անգամ Հայաստանի Մէջ «ՎիվասելԷմ.Թի.Էս.»-ը
Իրականացուցած Է Մշակութային Վայրերու Մէջ
Տեսակրպակներու Տեղադրման Նախագիծ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Խոր Վիրապի վանական համալիրի տարածքին մէջ տեղադրած է տեսակրպակ: Հայաստանի մէջ նման տեսակրպակ առաջին անգամ տեղադրուած է Էջմիածինի Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Նախագիծին նպատակը հայկական մշակութային յուշարձաններու մասին տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացումը եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան նպաստելն է:

Տեսակրպակը տեղադրուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ առջեւ: Եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուի այն վիրապը, ուր բանտարկուած էր Գրիգոր Լուսաւորիչ: Տեսակրպակին այցելուներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի նկարահանելու մէկ վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ եւ զայն ելեկտրոնային փոստով ուղարկելու մտերիմներու եւ ընկերներու: Ծառայութեան արժէքը 500 դրամ է: Տեսասարքը տեղադրուած է այնպիսի դիրքով, որպէսզի տեսագրութեան երկրորդ ծրագրին մէջ երեւի յուշարձանը: Հաղորդագրութեան մէջ ներառուած է տեղեկատուական ծանուցում` տուեալ յուշարձանին մասին: Այդ  հաղորդագրութիւնը կարդացողին կարելիութիւն կ’ընձեռէ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուողէն ողջոյն ստանալուն զուգահեռ` ծանօթանալ նաեւ յուշարձանի պատմութեան: Սարքը թոյլ կու տայ հաղորդագրութիւնները ուղարկելու անգլերէնով, հայերէնով կամ ռուսերէնով:

«Տեսակրպակը յիշարժան պահերը առցանց յաւերաժացնելու եւ տպաւորութիւններով կիսուելու ամէնէն դիւրին եւ արագ կարելիութիւնն է` օտարութեան մէջ գտնուող ընտանիքի անդամներուն եւ ընկերներուն հետ: Այս լուծման եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գերարագ համացանցին շնորհիւ, պատմական եւ մշակութային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հերթական վայրը այսուհետեւ ապահովուած է աշխարհին գրաւչութիւնը ցուցադրելու յարմարաւէտ կարելիութեամբ: Ընդհանուր առմամբ, տեսակրպակներու տեղադրման նախագիծը հրաշալի գործիք է Հայաստանը զբօսաշրջային հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկիրներու շարքին մէջ ընդգրկելու համար: Այս լուծումը պիտի օգնէ նաեւ զբօսաշրջիկ-Հայաստան զգացական կապի  ստեղծման եւ  քաղաքակրթութիւններու զարգացման տիրոյթին մէջ մեր հայրենիքին անունը մտապահելու աշխատանքին», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը նախատեսէ տեսակրպակներ տեղադրել նաեւ Հայաստանի պատմական մշակութային այլ յուշարձաններու տարածքին:

Տեղեկացնենք, որ պատմական մշակութային յուշարձաններու մասին ամբողջական տեղեկութիւնները կը տրամադրեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Արցախի Տիգրանակերտի Մէջ Յայտնաբերուած Է
Նոր Եկեղեցի

Արցախի Տիգրանակերտի մէջ  պեղումները կը շարունակուին: Հնագէտները կ’աշխատին հին թաղամասին եւ քաղաքային միջնաբերդին մէջ, ինչպէս նաեւ` կանուխ միջնադարեան եկեղեցւոյ շրջակայքը: Նշենք, որ վերջերս կայացած պեղումներուն ընթացքին եկեղեցւոյ շրջակայքը յայտնաբերուած է այս տարուան ամէնէն հետաքրքրական հնութիւններէն մին` նոր եկեղեցի մը իր տապանաքարերու շրջափակով:

Արցախի հնագիտական արշաւախումբիՆ անդամները առաջին անգամ բացած են նորաբաց եկեղեցւոյ պատին կից յայտնաբերուած տապանաքարը:

Աշտարակի «Նոր Հալէպ» Թաղամասին Մէջ
Ապրիլ Ուզողներուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման անհրաժեշտ աշխատանքները սկսած են արդէն: 14 օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ թաղամասի հիմնադրման աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ճարտարապետական կոմիտէի, «Սուրիահայերուն հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան, Ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու համահայկական միութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան ծրագիրի իրականացման ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին հետ կապուած հարցեր:

«Այսօր մենք քննարկեցինք «Նոր Հալէպ» թաղամասի գլխաւոր յատակագիծը, որմէ ետք կը համակարգուին այս աշխատանքները: Պէտք է աջակցինք, օգնենք եւ արագացնենք շինարարութիւնը», յայտնած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Անոր համաձայն, հետզհետէ կ’աւելնայ դիմող ընտանիքներուն թիւը. անոնք արդէն 328-ի հասած են:

Երեւանի պետական ճարտարապետական-շինարարական համալսարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքի ղեկավար Տիգրան Բարսեղեան նշած է, որ նախորդ հանդիպման ընթացքին որոշում տրուած է կառուցապատում իրականացնել Աշտարակի մէջ այս նպատակին յատկացուած 4.8 հեկտար հողատարածքին մէջ: «Աշտարակի մէջ տեղակայուած քաղաքատիպ թաղամասը չորս-հինգ յարկանի բնակելի շէնքեր կ’ունենայ», յայտնած է Բարսեղեան: Ըստ անոր, նոր թաղամասին մէջ նկատի պիտի առնուի կառուցապատման համար անհրաժեշտ շուկայական ամբողջ պահանջը: Ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու համահայկական միութեան ղեկավար Վահէ Թութունջեանի համաձայն, բնակելի թաղամասը շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ: «Մեր նպատակն է, որ համագործակցութեան եւ փորձի փոխանակում ստեղծուի Հայաստանի եւ արտասահմանի մասնագէտներուն միջեւ», յայտնած է Թութունջեան:

Կառավարութեան կից ճարտարապետութեան պետական կոմիտէի նախագահ, Երեւանի նախկին գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան նշած է, որ տակաւին լիարժէք կերպով չէ ուսումնասիրած նախագիծը, սակայն ներկայացուածը շատ մասնագիտական եւ ընդունելի է ճարտարապետութեան մէջ:

Նիստի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան թելադրած է Նարեկ Սարգսեանին` մէկ շաբաթուան ընթացքին յստակացնել նախագիծի հաստատման մանրամասնութիւնները եւ իրականացնել մասնագիտական քննարկումները: Ան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն խորհուրդ տուաւ աւելի մեծ քարոզչութիւն ընել թաղամասի շինարարական աշխատանքներուն մասին, որովհետեւ այս նպատակով եղած իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն կարեւոր է:

 Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական
Միութեան Ամառնային Ճամբարը Արցախի Մէջ

5-16 օգոստոսին Ստեփանակերտէն  8-16 տարեկան 200 պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը պիտի անցընեն ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուող ճամբարին մէջ:

Մէկ տարուան ընթացքին միութեան անդամները տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպած են, ծաղիկ ծախած են, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել իրենց նպատակը եւ ճամբար կազմակերպել Արցախի մէջ:

Ֆրանսայէն Արցախ եկած են 8 անձեր, որոնց Արցախի մէջ օգնած են ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները:

Ճամբարի առօրեան ընթացած է ըստ նախօրօք հաստատուած օրակարգին` ազգային երգի եւ պարի ուսուցում, դասախօսութիւններ` հայրենասիրական, դաստիարակչական նիւթերով, ձեռային աշխատանք եւ այլն:

ՀՅԴ «Նոր սերունդ»  երիտասարդական միութեան «Երկիր» ծրագրի պատասխանատու Կարին Կարապետեանը որեւէ դժուարութիւն չի տեսներ ճամբարի կազմակերպման, պատանիներուն հետ կապի հաստատման իմաստով, սակայն ան նշած է, որ առաջին քանի մը օրը գրեթէ բոլորը արցախեան բարբառը հասկնալու դժուարութիւն ունէին, սակայն ժամանակի ընթացքին վարժուեցան:

«Նման ճամբարներ կազմակերպելով` մենք կ’ուրախանանք, որովհետեւ մենք ալ շատ բան կը սորվինք մեր այն հասակակիցներէն, որոնք հայրենիքի մէջ կ’ապրին. Կ’ուրախանանք, որովհետեւ կրկին առիթ կ’ունենանք հայրենիքի մէջ գտնուելու եւ հայերէն խօսելու: Ուրախ եմ, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի մէջ ապրող երիտասարդները հայրենիքին առնչուած ընդհանուր մտահոգութիւններ ունին, սակայն անհամեմատելի են այն յիշողութիւնները, այն ապրումները, զորս իմ հասակակիցներս ունեցած են եւ կ’ունենան` պատերազմը ապրելով. անոնք նաեւ ունին նոյն մտահոգութիւնները, զորս մենք ունինք Ֆրանսայի մէջ», յայտնած է Կարին Կարապետեանը:

20-ամեայ Շանթը Հայաստան այցելած է 9 տարի առաջ, սակայն Արցախ կը գտնուի առաջին անգամ ըլլալով: Կը խոստովանի, որ պատկերացումները եւ իրականութիւնը տարբեր են:

«Ես կը կարծէի, որ Ստեփանակերտը փոքր գիւղաքաղաք է, եւ որ պատերազմի հետքերը պիտի տեսնեմ այստեղ, սակայն հաճելիօրէն սխալած էի, հրաշալի տեղ է, հրաշալի մարդիկ, զարմանալի է արցախցիին հոգին, զիս եղբօր նման ընդունեցին: Ես հայրենիքի մէջ եմ, եւ ես ինծի լիովին երջանիկ կը զգամ, վստահ եմ, որ պիտի վերադառնամ», հաստատած է Շանթ:

Նաւասարդը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ
Գառնիի Տաճարին Մէջ

Օգոստոս 11-ին Գառնիի հեթանոսական տաճարին առջեւ տօնուեցաւ Հայկ նահապետի փառապանծ յաղթանակը` Նաւասարդը:

Նաւասարդը ազգային յաղթանակի եւ կայացման տօնն է: Այս առիթը օգտագործուեցաւ հանրութեան ծանօթացնելու համար նաեւ  հայկական աւանդական ուտեստեղէնները, որոնք բնականաբար ծիսական եւ իմաստաւորուած են:

Տօնակատարութիւնները ճոխացան երգերով եւ պարերով:

Հայրենի ժողովրդագրագէտները դիտել կու տան,  որ Նաւասարդի նշումները թափ առած են վերջին տարիներուն եւ վերագտած են իրենց երբեմնի ժողովրդականութիւնը` զուգակցուելով ազգային այլ փառատօներու եւ տօնախմբութիւններու: Այս տարուան Նաւասարդը յատկանշուեցաւ Չարենցի կամարէն դէպի Գառնի տաճար ուղղուած քայլարշաւով` նուիրուած Հայկի մեծ յաղթանակին եւ հայոց տոմարի 4505-ամեակին: Տողանցքին ներկայացուեցան հայկական տարբեր թագաւորութիւններու եւ հանրապետութիւններու 11 զինանշանները եւ դրօշակները: «Երբ Հայկը սպաննեց Բելին, հրամայեց այդ յաղթանակի թուականը նկատել հայկական տոմարի սկիզբ: Օգոստոսեան այս օրերուն կը կազմակերպուէին մարզական մրցումներ, երգի եւ պարի տօներ: Նաեւ մասնակիցները կը խմէին ծաղիկներու թերթիկներէ եւ արմատներէ պատրաստուած նաւասարդեան գինին: Յոյս ունինք գալ տարի նման գինի պատրաստած ըլլանք», դիտել տուաւ «Նաւասարդ» խումբի ղեկավար, պատմաբան Սամուէլ Յունանեանը:

Յուլիսին Հայաստանի Մէջ Վերապատրաստուած Են
Սփիւռքահայ 26 Ուսուցիչներ

Երեւանի թիւ 2 տարածաշրջանային պետական քոլեճին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման 2013-ի ծրագիրի փակման եւ վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն փոխանցած են, որ մասնակիցները ողջունած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցիչներուն` նշած է, որ գովելի պիտի ըլլայ, եթէ վերջիններս իրենց մասնագիտական եւ մանկավարժական փորձառութիւնը փոխանցեն Հայաստանի իրենց գործընկերներուն: «Ոչ միայն դուք, այլ նաեւ մենք ձեզանից սովորելու շատ բան ունենք», հաստատած է նախարարի տեղակալը` կոչ ուղղելով տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն աւելի աշխուժ մասնակցութիւն բերելու վերապատրաստման դասընթացքներուն:

Այս տարի Հայաստանի մէջ վերապատրաստուած են 26 ուսուցիչներ աշխարհի 13 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Պուլկարիայէն, Ուրուկուէյէն, Քանատայէն: Ռուսիայէն մասնակցած են 6 տարբեր կրթօճախներու ներկայացուցիչներ: Ուսուցիչները վերապատրաստուած են հինգ ուսումնական խումբերու բաժնուելով` մանկապարտէզի, միօրեայ դպրոցներու, դպրոցներու կառավարման, լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման, լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման վերապատրաստողներու:

Հայագիտական Գիտելիքներու Համահայկական
6-
րդ Ողիմպիականը Համախմբեց Հայաստանի,
Արցախի Եւ Սփիւռքի Դպրոցականները

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայ դպրոցականներու մասնակցութեամբ սկսաւ Հայագիտական գիտելիքներու համահայկական 6-րդ ողիմպիականը: Հայաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ, արդէն վեցերորդ անգամն ըլլալով, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու հայ աշակերտներ իրենց ուժերը կը չափեն հայոց լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի պատմութեան բնագաւառներուն մէջ:

Ողիմպիականի բացման արարողութեան Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Արամ Անանեան կարդաց վարչապետին ուղերձը` մասնակիցներուն ուղղուած: Վարչապետը ուրախութիւն յայտնած է, որ տարբեր երկիրներէ դպրոցականներ «մասնակցած են ազգաճանաչողութեան եւ հայ ինքնութեան բացայայտման նուիրուած այս հետաքրքրական ստուգատեսին»: Ան նշած է. «Ձեր հետաքրքրութիւնը հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթին, մեր գեղեցիկ լեզուին եւ հերոսական պատմութեան նկատմամբ ոգեւորիչ է: Եւ այս մէկը դրական ազդակ է ձեր հազարաւոր սերնդակիցներուն, ինչպէս նաեւ կը խթանէ անոնց հետաքրքրութիւնը հայագիտական առարկաներու նկատմամբ»: Վարչապետը իր ուղերձին մէջ յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութեան համար հայագիտութեան զարգացումը գիտական քաղաքականութեան ոլորտի հիմնականներէն կը նկատուի: «Մենք կը խրախուսենք, որ դուք մասնագիտական կողմնորոշում ունենալու նախապատուութիւնը տաք հայագիտութեան: Յոյսով եմ, որ ողոմպիականին իբրեւ արդիւնք` աւելի լաւ կը ճանչնաք Հայաստանը եւ բոլորս կ’ուրախացնէք ձեր նորանոր յաջողութիւններով», նշած է ան:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղած եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանած են նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Մանուկ Մկրտչեանը եւ սփիւռքի փոխնախարար Վահէ Ջիլարեանը:

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան մրցում, որ տեղի կ’ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի անմիջական հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան վրդ. Նաւասարդեանը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան ներառումը մրցումներուն մէջ: «Եթէ մենք չհարստացնենք մեր գիտելիքները, անոնք պիտի ճահճանան: Այս պատճառով կարեւոր են նման ձեռնարկները, որպէսզի թարմացուի իւրաքանչիւրիդ գիտելիքը: Վերադառնալով այն երկիրը, ուրկէ եկած էք, դուք պէտք է տարածէք հայ գիրը եւ խօսքը եւ դառնաք հայերէնի քարոզիչներ», յայտնած է Վարդան վրդ. Նաւասարդեան:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ ողիմպիականը կայացաւ 9-15 օգոստոսին, եւ որուն մասնակցած են 14 տարեկանը ամբողջացուցած եւ անհրաժեշտ գիտելիքներ ունեցող դպրոցականներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:

Հայագիտական 6-րդ ողիմպիականի մասնակիցներուն համար իրականացուած են նաեւ ասմունքի, ճարտասանութեան, հայրենասիրական երգի մրցումներ, որոնցմէ մէկուն մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մասնակիցներուն համար պարտադիր է: Մրցանակակիրները ստացած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոյ գիրերը եւ խրախուսական մրցանակները:

Գինեգործական Երկրորդ Փառատօնին
Պիտի Ներկայացուին Հայկական
Աւանդական Գինիներ Եւ Պարեր

«Գինեգործական երկրորդ փառատօնը Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղ եկած հիւրերուն կը ներկայացնէ գործարանային եւ տնական արտադրութեան գինիներ եւ յուշանուէրներ` Հայաստանի տարբեր մարզերէ», յայտնած է «Արենի փառատօն» հիմնադրամի տնօրէն, փառատօնի կազմակերպիչ Նունէ Մանուկեան: Անոր համաձայն, գինիի փառատօնին մեկնարկը  պիտի տրուի խաղողօրհնէքի արարողութեամբ: «Նորավանքի մէջ կը կատարուի խաղողօրհնէքը, որմէ ետք կը հասնինք Փարաքար` իրականացնելու փառատօնը: Ցանկութիւն ունինք փառատօնը դարձնելու ամէնամեայ:

«Մենք կը փորձենք Փարաքարը դարձնել այնպիսի վայր, ուր մարդիկ կարենան գտնել իրենց ուզած գինին եւ հաճելի ժամանակ անցընեն: Փարաքարը ընտրած ենք անոր համար, որ մօտ է օդակայանին, եւ կարծես այնտեղէն կը սկսի Հայաստան եկող հիւրերուն ճանապարհը: Փառատօնին ընթացքին կը ներկայացուին ո՛չ միայն հայկական գինիները, այլ նաեւ` աւանդական պարերը», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Մանուկեան:

Փառատօնին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Կարին» երգի ու պարի ազգագրական համոյթը: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանը նշած է, որ այսպիսով պիտի փորձեն զբօսաշրջիկները եւ հիւրերը ծանօթացնել հայկական գինիներուն, ինչպէս նաեւ` մշակոյթին, երգին եւ պարին: «Մենք կը յայտնուինք այնտեղ, ուր կայ հայ մարդ եւ կը փորձենք վերակենդանացնել հայկական մշակոյթը: Նման տօնախմբութիւններ յաճախ տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ, երբ մարդիկ կը հաւաքուին կալերու եւ հանդերու մէջ` երգով, պարով եւ գինիով ժամանակ անցընելու: Այժմ կը ցանկանք այդ մէկը աւելի զանգուածային դարձնել: Փարաքարը Հայաստանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կեդրոններու խաչմերուկն է, եւ այն կէտը, որ առաւելապէս մօտ է Հայաստան եկող եւ մեկնող զբօսաշրջիկներուն», յայտնած է Գինոսեանը:

Յիշեցնենք, որ գինեգործական երկրորդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 18 օգոստոսին, Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղին մէջ:

«Թումանեանական Հեքիաթի Օր» Միջազգային
8-
րդ Փառատօնը` 7-13 Սեպտեմբեր

Սեպտեմբեր 7-13 Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թումանեանական հեքիաթի օր» միջազգային 8-րդ փառատօնը, որուն այս տարուան խորագիրն է` «Տիկնիկներն յանուն բարեկամութեան եւ մշակոյթներու մերձեցման»: Այս մասին փոխանցուած է մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:

Փառատօնին կազմակերպիչն է «Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն»-ը` «ԻՒՆԻՄԱ-Հայաստանը»: Փառատօնին նպատակն է նպաստել հայ մշակոյթի տարածման, տարբեր ազգերու միջեւ մշակութային փոխանակումներու եւ երկխօսութեան զարգացման:

Փառատօնը աւանդաբար տեղի կ’ունենայ սեպտեմբերի առաջին տասնօրեակին` հիւրընկալելով տիկնիկային թատրոններ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, ինչպէս նաեւ` արտասահմանեան երկիրներէ: Նախորդ եօթը տարիներուն փառատօնին մասնակցած են տիկնիկային թատրոններ եւ տիկնիկային արուեստի գործիչներ` աշխարհի 22 երկիրներէ:

Փառատօնին մասնակցելու դիմումներ ներկայացուած են տարբեր երկիրներու տիկնիկային թատրոններէ` Վրաստան, Լիթուանիա, Ռուսիա, Իտալիա, Դանիա, Պուլկարիա, Սերպիա, Գերմանիա, Իրան, Ուքրանիա, Չեխիա, Ղազախստան, Ֆրանսա եւ այլն:

Փառատօնի օրերուն տեղի պիտի ունենայ սեմինար` նուիրուած հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի գործունէութեան: Այս տարի նախատեսուած է յատուկ սեմինար` «Տիկնիկներու եւ տիկնիկային արուեստին դերը փոքրիկներու մտաւոր եւ հոգեբանական հարցերու գործին մէջ» խորագիրով:

Ամէն օր գիւղապետարանի դահլիճին մէջ պիտի կազմակերպուի «Երեկոյեան ակումբ»-ը, որուն ընթացքին պիտի կատարուին քննարկումներ, միտքերու փոխանակումներ: Աշխարհահռչակ տիկնիկային գործիչներու կողմէ պիտի տրուին վարպետութեան դասեր:

Ինչպէս նախորդ փառատօներուն, այս տարի եւս 13 «Կարապետ» մրցանակ պիտի շնորհուի այս տարուան ընթացքին իւրայատուկ աշխատանք տարած տիկնիկային գործիչներուն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )