Ակնարկ. Ցեղասպանութեան Արծարծումը` Համաշխարհային Ա. Պատերազմի 100-ամեակի Շրջագիծին Մէջ

Թուրքիա սպառնացած է Աւստրալիոյ  Նիւ Սաութ Ուէյլզի երեսփոխաններուն իրաւունք չտալ 2015-ին Թուրքիոյ Կալիփոլի (Չանաքքալէ) քաղաքին մէջ կայանալիք արարողութեանց մասնակցելու: Նշեալ արարողութիւնները նուիրուած են նոյն քաղաքին մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած ճակատագրական ճակատամարտի հարիւրամեակին եւ պիտի իրականանան  Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի զինուորական ուժերու՝ ԱՆԶԱՔ-ի -ի (The Australian and New Zealand Army Corps) նախաձեռնութեամբ:

Այստեղ ճիշդ է, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանականներուն առած քայլը Ցեղասպանութեան ճանաչման իրադրային նշանակութիւն ունի։ Բայց խնդիրը միայն ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական քայլերուն Անգարայի դրսեւորած հակադարձութեան չի վերաբերիր։ Այլապէս, նման մակարդակի քաղաքական գործիչներ, տարբեր երկիրներու, յայտարարական հակազդեցութիւններու արժանացած են։ Ամենայն հաւանականութեամբ անոնցմէ շատեր ալ Անգարա գտնուած են նմանատիպ ձեռնարկներու կամ խորհրդաժողովներու մասնակցելու համար։

Այս արգելքը, որ Անգարան կը դնէ աւստրալիացի խորհրդարանականներուն նկատմամբ դիտարժան քանի մը շարժառիթներ կրնայ ունեցած ըլլալ։ Նիւ Սաութ Ուէյլզը այն նահանգն էր, որ վերջերս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Այս երկկողմանի ճանաչումն է հաւանաբար առաջին շարժառիթը, որ Անգարան կը մղէ յայտարարականէն անդին քաղաքական քայլ առնելու եւ ուղղակի հակադարձելու աւստրալիացի խորհրդարանականներուն դէմ։ Չմոռնանք նաեւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ անցեալ ամիս կատարուած աւստրալիացի պետական անձնաւորութիւններու այցելութիւնները Երեւան եւ Ստեփանակերտ, ինչ որ բնականաբար աննկատ չէր կրնար անցնիլ ինչպէս Պաքուի, այնպէս նաեւ Անգարային կողմէ։

Արարողութիւներուն մասնակցելու արգելքը, որ կ՛արծարծէ Անգարան, խորքին մէջ համազօր է Թուրքիա մուտքի արգելքի։ Եթէ աւստրալիացի խորհրդարանականները Թուրքիա պիտի մեկնէին նման միջոցառումներու մասնակցելու համար  եւ որոնց կ՛արգիլուի այդ մասնակցութիւնը, կը նշանակէ, թէ անոնք նոն կրաթա են թրքական իշխանութիւններուն համար։ Ինչ որ իր հերթին կը յուշէ սեւ ցուցակի վրայ ընդգրկուած ըլլալու փաստը։ Իսկ այդ սեւ ցուցակը միայն Անգարան չէ, որ կիրարկելու փորձ կը կատարէ, այլ նաեւ Պաքուն։

Ուրեմն երկկողմանի այս ճանաչումը խորքին մէջ երկկողմանի նոն կրաթա իբրեւ ընկալուելու տեղի տուած է, ինչ որ նաեւ իր հերթին մտածել կու տայ, որ իրօք Նիւ Սաութ  Ուէյլզի առած քայլերը անհանգստացուցած են թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Անգարայի վարիչները։

Բայց անկախ հայկական հարցերուն վերաբերեալ քաղաքական աշխատանքներէն եւ նոն կրաթայականներու  non grata դասակարգման Պաքուին հետ համակարգելու Անգարայի դրսեւորած այս վարքագիծէն, կայ այլ կարեւոր խնդիր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ իբրեւ որդեգրուած մարտավարական կարեւոր մօտեցում անպայման մանրադիտակի տակ պէտք է առնել։

Ի վերջոյ առաջադրուած արարողութիւններուն բնոյթն ու յայտարարուած անունը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած ճակատագրական ճակատամարտի հարիւրամեակ, ո՛չ յատուկ ցեղասպանութիւն բառը կ՛օգտագործէ, ո՛չ ալ ուղղակի անոր նշումը կը կատարէ։

Ի՞նչն է, որ Անգարան մտահոգած է այսքան, եւ կը մղէ, որ նման քայլ առնէ աւստրալիացի խորհրդարանականներուն դէմ։ Կը թուի, որ հարցը Պաքուի հետ միացեալ անբաղձալիներու սեւ ցուցակ ճշդելէն եւ Պաքուին տուրք տալու մղումէն աւելին է։ Անգարան ինք վտանգ կը տեսնէ նման համաթեքսթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումի երեւոյթին մէջ։

Այս մէկը իր հերթին իբրեւ մարտավարական մօտեցում մտածելու առիթ կու տայ հայկական կողմին։ Աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Համաշխարհային Ա. պատերազմին հարիւրամեակը։ Նշումի այդ տարողութիւնը ինքնին կը յուշէ նաեւ պատերազմի ընթացքին պատմական նշանակութիւն ունեցող պատահարներու, պետութիւններու կիրարկած  քաղաքականութիւններու, եւ …կանխամտածուած, պետական մակարդակի վրայ կազմակերպուած ցեղասպանութիւններու մասին։

Այստեղ արդէն միայն հայկական կողմի նախաձեռնութեան մասին չէ խօսքը, այլ ներգրաւուելու համաշխարհային  տարողութեամբ ծրագիրներու։ Այնպիսի նախաձեռնութիւններու, ուր գերտէրութիւնները իրենք առաջադրանքներ ունին գործադրելիք, ուր իրենք ուղերձներ ունին փոխանցելիք, ուր իրենք ժամանակակից պատմութեան կապուած խնդիրներու այժմէականացման կարգով հրատապ թեմաներու անդրադարձ կատարելու հրամայականը ունին։ Այդ ուղերձներն ու առաջադրելի թեմաներէն շատեր աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու բերումով կրնան կապ ունենալ Անգարայի հետ։ Ուրեմն Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը ճիշդ ու պատեհ շրջագիծն է, որուն մէջ պէտք է տեղաւորել նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը։

Անգարայի մերժումը խորքին մէջ ա՛յս մօտեցումին կանխարգիլման փորձն է։

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )