Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ամառնային եղանակը նոր առիթ մը պիտի ստեղծէ արձակուրդի օրեր անցընելու ձեր ճաշակին յարմար վայրի մը մէջ: Պիտի ծանօթանաք նոր անձերու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մերժէք պտոյտի մը հրաւէրը ընկերական շրջանակի մէջ: Մի՛ մնաք ձեր ծրագիրներուն հպատակ. փոփոխութիւնները կարեւոր են ուրախանալու համար:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օգտակար ելոյթ մը պիտի ունենաք ընկերային շրջանակի մէջ: Ձեր գիտելիքները հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծեն: Ուշադիր եղէք ձեր սնունդին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ մոռնաք, որ արտասահմանի մէջ ունիք բարեկամներ կամ հարազատներ: Անոնք կը սպասեն ձեր լուրերուն: Հաղորդակցութեան կարեւորութիւն տուէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միտքերու փոխանակումը գաղափարներու զարգացում կու տայ: Մի՛ անտեսէք ձեր շրջապատի անձերուն տեսակէտները: Փորձառութիւն կ՛ունենաք անկասկած:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նորութիւններ ունի օրը, ձեր սիրած հարցերուն պատասխանները այսօր կրնաք ստանալ անակնկալ հանդիպումներու միջոցին: Ինքնավստահ եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաճոյակատարութիւնը ընկերային մթնոլորտ կը ստեղծէ, բայց նոյն ատեն զգուշացէք չափազանցութիւններէ: Ամէն ինչ օգտակար է իր չափով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանուկներու հետ գործ պիտի ունենաք: Զանոնք պտոյտի տարէք, որպէսզի օգտուին ամառնային բարիքներէ: Ծովը կրնայ ուրախացնել զանոնք եւ ձեզ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մնացէք ձեր սկզբունքին հաւատարիմ: Նոր առաջարկներու կարեւորութիւն տալը ներկայիս այնքան ալ ձեռնտու չէ: Այդ մասին մտածեցէք աւելի ուշ: Աճապարանքը անօգուտ է այս միջոցին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ոմանք հարցի մը կարգադրութեան համար դիմեն ձեր օգնութեան, լաւ մտածեցէք: Ձեր պատասխանը թող ըլլայ դրական, բայց նոյն ատեն` հեռու կողմնակալութենէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբաթավերջը նորութիւն մը պիտի բերէ ձեզի ընկերային կեանքին մէջ: Ձեզ պիտի փնտռեն ոմանք միասնական օր մը ապրելու բնութեան ծոցին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գումար մը պիտի կորսնցնէք անիմաստ գնում մը կատարելու պատճառով: Պէտք է գիտնաք ծախսել միայն կարեւոր եւ օգտակար պէտքերու համար:

Share this Article
CATEGORIES