Բարեսիրտ Եւ Ծառայասէր Հայուհիի Պատկերի Մարմնաւորումը (Անի Քէշիշեանի Յիշատակին)
Տարի մը անցաւ արդէն այն օրէն, երբ կեանքէն հեռացաւ ազնիւ հայուհի մը, որ գնաց միանալու իրմէ առաջ գերագոյն լոյսին մէջ բնակող ազնուագոյն հոգիներուն: Իւրաքանչիւր անժամանակ մահուան այցելութեան մը առջեւ պահ մը կ՛անճրկինք ու կը փորձենք պատասխան մը գտնել եղածին` անոր մէջ որոնելով փիլիսոփայականը կամ գերբնականը. սակայն մարդկութիւնը յուզող հիմնական հարցումը` «ինչո՞ւն» առկախ կը մնայ օդին մէջ:
Անի Քէշիշեան ծնած էր 1953-ին, Մկրտիչ եւ Էլիզ Թորոսեաններու յարկին տակ, նախնական կրթութիւնը ստացած էր Կենաց վարժարանին մէջ, աւարտած է «Ռայ. տապլիու Սի. Էյ.» երկրորդական վարժարանը ու քանի մը «տարի անց հանդիպելով իր կեանքի ընկերոջ` Ոսկան Քէշիշեանին, կազմած էր օրինակելի ընտանիք մը, բախտաւորուած էր երկու զաւակներով` Վաչէ եւ Լենա եւ զանոնք ալ հայաշունչ ոգիով կրթելով` կազմած էր տիպար ընտանիք մը:
Եօթը տարիներ հետեւելով դաշնակի դասընթացքներու` տիրապետած էր նուագելու արուեստին:
1970-ական թուականներու սկիզբէն ի վեր կը ծառայէր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ` թէ՛ երգելով եւ թէ՛ նուագակցելով:
Տասը տարի առաջ միայն ճանչցայ զինք Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրաց դասին անդամակցելէս ետք: Մեղմ, ամօթխած ժպիտով, բարեսիրտ եւ ծառայասէր հայուհի մըն էր. ան երեխայի հոգւոյն անմեղութիւնը ունէր եւ մանուկի մը պարզ եւ զուլալ աշխարհահայեացքը:
Տարիներ ծառայեց Ս. Գէորգ եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներուն մէջ, իսկ 1992 թուականէն ի վեր` Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ: Ծառայեց անսակարկելի սիրով` ուխտած ըլլալով ոչինչ գանձել որեւէ մէկ եկեղեցիէ իր նուագակցութիւններուն համար. վերջին տասը տարիներուն դարձաւ նաեւ անդամը եկեղեցւոյս Տիկնանց յանձնախումբին, որուն անդամներուն հետ կը պատրաստէր ամէն շաբթուան Ս. մասը:
Վերջին տարիներուն, երբ անողոք հիւանդութիւնը դարպասեց նաեւ իր հօրաքրոջ աղջիկը` Մարալը, նոյնպէս մեր դպրաց կազմի անդամներէն, Անին մոռցած ինքզինք եւ իր անհանգստութիւնը` օրն ի բուն հոգաց իր զարմուհիին բոլոր պէտքերը, մինչեւ որ Մարալ, թէեւ` իրմէ աւելի երիտասարդ, ի Տէր յանգաւ դեկտեմբերեան օր մը. անկէ ետք իր առողջութիւնը շաբաթ առ շաբաթ նահանջեց, հակառակ որ ինք բնաւ չվհատեցաւ ու շարունակեց նոյն պարտաճանաչութեամբ յաճախել եկեղեցի: Անցեալ տարուան Աստուածածնի օրը եղաւ եկեղեցւոյ մէջ իր երգեհոնի առջեւ նստելու վերջին օրը: Թախծոտ էր ան: Ո՞վ գիտէ` ի՛նչ կը զգար, բայց չէր ուզեր շուրջիններուն ուրախութիւնը որեւէ ձեւով խաթարել: Ինկաւ անկողին յաջորդ օրն իսկ եւ երկու շաբաթ ետք միացաւ երկինքի մէջ իր սիրած ու կորսնցուցած հարազատներուն:
Իր մահուան քառասունքին առիթով անգլերէնով փիլիսոփայական տողեր տպուեր էին իր նկարին տակ, որուն թարգմանութիւնը չէ, որ կ՛ուզեմ ներկայացնել, այլ` իր կեանքին ամփոփ պատկերը.
Ինծի համար մի՛ վշտանաք, ես այլեւս անվախ մարդ եմ, կը սլանամ երկինքներէն, առանց թեւերու կը սաւառնիմ, երբ իմացայ, որ կը կանչեն, հոն վերերը նուագող կ՛ուզեն, պահ մը գացի, որ ստուգեմ, թէ ունի՞ն հոն նոթա, աթոռ, դաշնակ, տաւիղ կամ երգեհոն. ականջիս տակ մէկը հազաց, ես շատ վախցայ Աստուած էր այն. զիս ժպիտով իր քով կանչեց, յառաջացայ. իմ նուագով ոգեւորուած` «Ձգէ,- ըսաւ,- տուն, ընտանիք, գործ, աշխատանք, Ս. Նշանի Տիկնանց մարմին եւ կամ թոռնիկ, եկուր այստեղ տեղաւորուիր սա ծառին տակ ու առ դադար, որ յետայսու քու նուագդ հոսի ասկէ մեղմ ու արդար, եւ ան լեցուի հոգիներուն մէջ ու սէրն հոն ցոլանայ, աշխարհ տեսած մարդոց համար իմաստութեան ճամբայ բանայ, անտաշ անձանց հիանալի զգաստութեան առիթ դառնայ, չարը տանի, բարին բերէ, ցաւն փարատէ, յոյսով պատէ, մութ գիշերին բոցավառուող ջահի մը պէս լուսաւորէ, զինաթափող որպէս ժպիտ անցնի մէջէն եւ քարացած սրտերէն մաքրէ քէնը, հականեխէ չարերը:
Եւ այսպէս, ես, եդեմի մէջ հրեշտակներ կանգնած կողքիս, կը նուագեմ մինչեւ յոգնիմ ու ապա ես կ՛երթամ հանգչիլ ծառին տակ այն նշանաւոր թովիչ խօսքով հմուտ օձին, տեսնեմ արժե՞ր այդ խնձորին համար թողլով բարին գալ բնակիլ մէջն աշխարհին, ծնիլ, մեծնալ, սիրել, սիրուիլ կամ տառապիլ, զրկուած ապրիլ, ապա զատուիլ, տուն տեղ ըլլալ, դպրապետի կին որպէս, ամէն կիրակի օրկ նուագել տիկնանց մարմինի անդամ ըլլալ, կարել, թխել, ցորեն մաքրել, կրակ վառել, ջուր եռացնել, մինչեւ առտու կանուխ ժամեր Հերիսայի շուրջ դառնալ, յետոյ պնակ, աման լեցնել:
Միջինքներուն աղցան շինել, խաւարման օրն ալ երբեմն «Ուր ես մայր իմ» երգել, նուագել զի պարտէզն այս ուրախութեան, որ անուանուած է Ս. Նշան, պէտք է ըլլայ ամէն ինչով սիրտը գերող ու պատուարժան. անկէ բխող խօսքը ըլլայ հոգին կրթող, վստահելի, հպարտութեան, ճշմարութեան պապակն զգացող ամէն հայի. կասկածամիտ մարդոց համար յոյսի կռուան եւ ամուր վէմ, լոյսէ կեանքի դուռը բանայ, ըլլայ անապակ ապաւէն. ու հիմա ես ինծի կը հարցնեմ. կեանքն այս ապրիլ արժէ՞ր, ըլլալու համար բարի անուն մը կամ յիշատակ. այո՛, կ՛արժէր:
Սիրելի՛ Անի, այնքան ատեն որ քու սիրելիներդ եւ քեզ սիրողները կան, դուն ողջ ես անոնց հետ, որովհետեւ քու բնաւորութեանդ պատկերը պատճէնուած է մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:
Ս. ՆՇԱՆԱԿԱՆ ՄԸ

