Բաց Նամակի Պէս. Ազգային Հպարտութեան Եւ Ինքնութեան Վերանուաճման Ի Խնդիր
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Եթէ կորուստի սպառնալիք չըլլար, ոչ ոք պիտի մտածէր խորագրով սահմանուած հարցի մասին: Երբ կորսուին ազգի հպարտութիւնը եւ իրաւ ինքնութիւնը, ազգը կը հիւծի, անոր անդամները կը մտնեն ուրիշ կաղապարի մէջ, ժամանակ մըն ալ պահելով ծագման մը հետզհետէ աղօտող գիտակցութիւն: Շարունակութիւնը կը կասի:
Ազգային հպարտութեան եւ ինքնութեան նուազման եւ կորուստի պատճառներու ախտաճանաչումը եթէ փորձենք ընել` առանց իմաստակութեան եւ ճապկումներու, առանց սեփական եւ այլ շահեր պաշտպանելու, եթէ լսողներ գտնենք,- որոնք, ի դէպ, հետզհետէ կը նուազին, պահելով հանդերձ ազգանուն մը, աւազանի հայկական անունէ հրաժարումը արդէն գրեթէ ընդհանուր չզարմացնող կանոն է,- թերեւս կը մտնենք վերականգնումի հունը:
Ցարդ առաջնորդուեցանք անհեռանկարը եւ անորակը անխուսափելի եւ բնական համարելու (չ)իմաստութեամբ, վարակուած ըլլալով նաեւ դիրքապաշտական ախտէ: Հայերէնի աղճատումները` պետական միջամտութիւններով եւ փերեզակային տեղատուութիւններով, դարձած են ընդհանուր երեւոյթ, ոչ ոք կը բողոքէ, անպատասխանատուութիւնը կը հարուածէ ինքնութեան աւագ կռուաններէն մին` մեր լեզուական ժառանգութիւնը, զայն դարձնելով զանազան առիթներով զարդ, ազգագրական (ֆոլքլորիք) ցուցադրութեան առարկայ, օտարին հրամցուող տեսակ մը համեմ:
Համացանցը դարձած է այս աւերածութեան խոպանը, քանի որ այդ դաշտին մէջ ոչ ոք ոչ մէկ հսկողութիւն կրնայ կատարել, անպատասխանատուութիւնը կանոն է: Ան տիրականօրէն օտարագրութեան եւ օտարախօսութեան անձնատուական դաշտ է: Այս օրերուն, երբ ազգային-քաղաքական հարցեր կը զբաղեցնէին դեռ ազգով-եկեղեցիով հետաքրքրուողները, որոնք բանակ չեն, մեր կեանքին մէջ խուժեց Հայ առաքելական եկեղեցիի նոր տագնապը, որուն սահմանումը եւ սահմանները տարածուած են լրատուամիջոցներով եւ համացանցի անիշխանութեամբ: Կը խուսափիմ ածականներու գործածութենէն (որպէս հայրենասիրական ներկայացող շատախօսութենէ):
Աղէտ-արտագաղթը կը շարունակուի եւ հայրենիք լքելէ ետք, հեռաւոր Խաղաղականի ափերէն մարդիկ «հայրենասիրական» պայքարներ կը կարծեն մղել, մինչ ամչնալ պէտք է գիտնալ: Հայաստանեայց եկեղեցիի օրէնքներուն եւ կանոններուն մասին վարդապետական կարծիքներ կը յայտնուին այլազան լեզուներով, կիսատ-պռատ տեղեկութիւններու եւ ասդին անդին կատարուած կիսատ-պռատ թարգմանութիւններու վրայ հիմնուելով, մէկդի դնելով ազգային ինքնութեան էատարրերէն մին` հայերէնը, որ դարպասն է ազգային պատմութեան եւ ժառանգութեան իւրացման: Օտարագրութիւնը եւ օտարախօսութիւնը հանդուրժելի դարձած էին, նուազ աւերիչ, այդպէս վարժուած էինք, քան ինչ որ կը գտնենք համացանցի վրայ, ուր իւրաքանչիւր հայ կեղծ մարգարէ է կամ կեղծ ակադեմիկոս` «նորահայերէն» կը բարբառի: Եւ որովհետեւ համացանցի բնակիչները նորերն են, չարիքը կ՛ողողէ ազգի ապագան, մեր վաղը:
Քիթին ծայրէն անդին տեսնող իրատեսներ կը փնտռուին:
Ամէն տեսակի անակնկալներու պարարտ հող է հայկական Քալիֆորնիան:
Թէեւ հիմա քիչ մը ամէն տեղ այդպէս է, նոյնիսկ հայրենամերձ կոչուած գօտիները:
Ամէն բանի մէջ առաջնութիւն ուզած ենք ունենալ եւ չէինք կրնար չհետեւիլ հոսանքին, քանի որ մենք ալ միշտ սիրած ենք պոռալ, որ առաջին ժողովուրդն ենք, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը «թագուհի թարգմանութեանց» է:
Եւ ինչե՜ր…
Հիմա «նորահայերէն» կը ստեղծենք-կը ստեղծուի ազատութեան-անիշխանութեան զօրութենական աշխարհին մէջ (virtuel, կամ վիրդուալ` ինչպէս կ՛ըսուի նորահայերէնով): Խոպանի ազատութիւն եւ պարտուածի հասկացողութեան ոգի… Երբեմն ալ շահախնդրութիւն, երբ լրագրող եւ հրապարակագիր չեն խօսիր… «ընթերցող-բաժանորդ» չկորսնցնելու համար, կամ կը հետեւին ընթացքին` արդիականութեան պարեգօտ հագնելու համար:
Տպուած թուղթեր կան, ոչ միայն Քալիֆորնիա, որոնց սիւնակներուն մէջ լեզուական ջարդերը զիրար կը հրմշտկեն, բանալով իրենց «ոջիլի շուկան» (flee market, օսմանցիներէն սորված էինք ըսել «պիթ պազարի»), խառնելով արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, հին եւ նոր ուղղագրութիւններ, ռուսական եւ ամերիկեան օտարաբանութիւններ, ծնունդ տալով արդիական սխալագրութեան եւ սխալախօսութեան: «Մաքուր» հայերէնը թանգարանային հնութիւն է: Որբացածներու խառնիճաղանճի լեզուամշակութային թխածոյ խայտառակ ապուր:
Թիւրիմացութիւն պէտք չէ ըլլայ: Գրաքննութիւնը զզուելի ոտնձգութիւն է ազատութիւններու դէմ: Բայց նաեւ որակի անտեսումը եւ կորուստը, վասն ազատութիւններու, գարշելի է, մեր պարագային` ազգաքանդ: Եթէ կոյր եւ խուլ չենք, պիտի տեսնենք, որ մարդորսական եւ «երեսուն արծաթ»-ի պատճառներով կ՛անտեսուի որակի պաշտպանութիւնը:
Այս բոլորին հանդիսատես եւ ականջալուր էի, միշտ յուսալով, որ վերադարձ-վերականգնում կարելի էր, որ ժողովուրդը, իր բնական եւ ընդոծին ողջախոհութեամբ կը հակազդէր, Բենիամին Թաշեանի «Տիրոջ այգի»-էն դուրս կը դնէր ազգի բախտախնդիր թշնամիները: Այլեւս ուրիշ բնորոշում կարելի չէ տալ կացութեան ինքնագոհ եւ հակամշակոյթ դերակատարներուն, ինչ ալ ըլլան անոնց տրուած կամ ինքնաշնորհուած դափնիները:
Փարիզեան շրջանի արուարձան քաղաքներէն մին. յամի Տեառն օգոստոս 17:
Հարեւանուհիի մը տունն ենք բաժակ մը սուրճի շուրջ զրուցելու: Միջին Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն եկած էին հիւրեր: Օդի եւ ջուրի մասին սովորական խօսքերէ ետք, Հայաստանեայց եկեղեցիի եւ Ֆրանսայի թեմի տագնապի մասին կարծիքներու հասանք: Մտահոգութիւն եւ դժգոհութիւն: Լիոնցի տիկինը յայտնեց, որ անսպառ նիւթ կայ համացանցային կայքի մը վրայ, տուաւ անունը. The truth must be told: Անմիջապէս որ տուն դարձանք, փնտռեցի կայքը: Ճիշդ է, անսպառ նիւթ կար, մանաւանդ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի մասին, քննադատական եւ վարկաբեկող: Այդ մասին չէ, որ կ՛ուզեմ խօսիլ: Ժողովուրդն է դատաւոր եւ ան պէտք է, որ լուսաբանուի: Հրապարակը այնքան խառնակ է, որ քանի մը անգամ սրտցաւութեամբ արտայայտուած եմ:
Լսելով յիշեալ կայքէջի վրայ խօսուած արտառոց հայերէնը, ինչպէս կ՛ըսեն` «հնչած» հայերէնը,- երանի բնաւ չհնչէր,- այդ առատահոս ճշմարտութիւններէն կրնայինք հրաժարիլ:
Ինքնագոհ լրագրողը, Արա Մանուկեան, որ առիթ չի փախցներ յիշեցնելու որ հոգելոյս պատրիարքի մը եղբօրորդին է, որուն համար կ՛ըսուի նաեւ որ մարդկային իրաւանց «activist» է, որ գտնուած է Արցախ, կը խօսէր ամէն վայրկեան իր կողմէ հնարուող «նորահայերէն», Մեսրոպը գահընկէց ընելով, թէեւ եթէ ան այսօր ապրէր, կամ կը սպաննէր կամ անձնասպան կ՛ըլլար: Այսպէս, իր խօսակիցին հետ, ան ըլլար շարքային հայ թէ եպիսկոպոս, կ՛ըսէր անգամ մը «դուք» անգամ մը «դուն», բայերը կը խոնարհուէին ըստ կամս, խնդրառութիւնները` ըստ կամս, լսուածը երբեմն արեւելահայերէն էր, երբեմն արեւմտահայերէն, նոյն խօսքին մէջ երկուքը միասին:
Կը զարմանամ, որ ունկնդիր մը, հեռաձայնող մը, հիւր մը, հրապարակագիր մը, գաղութային աշխարհական կամ եկեղեցական ղեկավար մը, ցարդ չէ փորձած լռեցնել «ոսկեղինիկ»-ի մերօրեայ Թալէաթը: Եթէ թուրքը տեղահանուած հայերը, մեծ ու պզտիկ, կին ու մանուկ, ջարդեց, այս «մարդկային իրաւանց activist»-ը կը ջարդէ հայերէնը, ոտնակոխելով իր հարստութեամբ եւ որակով տեւելու անոր իրաւունքը: Քալիֆորնիոյ, եւ ոչ միայն Քալիֆորնիոյ, ազգով եւ եկեղեցիով դեռ հետաքրքրուող հայերու այլասերման եւ աւազախրման ճահիճ է այդ «նորահայերէն»-ը: Երբ լեզուն ծովամոյն կ՛ըլլայ, անկարեւոր կը դառնան եկեղեցական եւ այլ տագնապներ: Ի հարկէ` ազգի տեսանկիւնէ:
Թէեւ, ճշմարտութեան ճամբուն վրայ մղուող պայքարը պէտք է շարունակուի, բայց հարազատութեան օրինակելի վերականգնումով, ե՛ւ լեզուի, ե՛ւ եկեղեցիի պարագային: Նաեւ ազգային նշանակութիւն ունեցող այլ մարզերու մէջ:
Միթէ՞ նոյն կայքին վրայ խօսուած անգլերէնը հանդուրժելի կ՛ըլլար, եթէ նոյնպէս ճահճային ըլլար:
Յաճախ կը յիշեմ ամերիկեան ժապաւէն մը, որ կը կոչուէր` «Օդանաւին մէջ օդաչու մը կա՞յ»:
Իմ սիրելի սերնդակից բարեկամս, Արմենակ Եղիայեան, յաճախ պատերազմ կը յայտարարէ լեզուական թերացումներու, ազդեցութիւններու եւ խախտումներու դէմ (թէեւ խախտումին աննշանը չկայ), լաւ կ՛ընէ, բայց որքա՜ն լաւ պիտի ընէր եւ լուսաբանուէր յիշուած «ճշմարտութեան» կայքին հանդիսատեսը եւ ունկնդիրը դառնալով: Այս անգամ, ինչպէս ֆրանսական առածը կ՛ըսէ, «ցուլը իր կոտոշներէն պիտի բռնէր» զայն զգետնելու համար, եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը կ՛ունենար առատ նիւթեր, որոնք ճուտիկային չէին ըլլար: Թէեւ, իր եւ ուրիշներու պայքարը, նոր ակադեմիկոսներու եւ նորահայերէնի դէմ, Տոնքիշոթեան արշաւանք է եւ պիտի ըլլար` հայերէնը եւ ազգը տրորող ու ճզմող թալէաթական հողմաղացներու դէմ:
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան առաքելութեան նուիրուած մարմինը, նախաձեռնութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ինչո՞ւ քանի մը հրապարակային նիստեր պիտի չգումարէ Քալիֆորնիա եւ այլ երկինքներու տակ, ի հարկէ, եթէ լսողներ գտնուին:
Այս ճշմարտութիւնն ալ պիտի ըսուի, ինչպէս ըսուած է` must be told…
20 օգոստոս 2013, Պիքֆայա