ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԵՂԱԾ ԱՆՉԵԼՈԹԹԻ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՏԱՐԻ ՄԸ ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ
Չելսիի պաշտօնանկ եղած իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի շաբաթասկիզբին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը ծրագրէ տարի մը հանգստանալէ ետք միայն վերադառնալ մարզիչի ասպարէզ:
Իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին 52 տարեկան Անչելոթթի ըսաւ. «Վեց ամսուան դադարէ մը բացի այլ արձակուրդ չեմ առած, որովհետեւ 1995-էն ի վեր մարզիչի ասպարէզին մէջ եմ: Այժմ կը կարծեմ, որ տարի մը արձակուրդ առնելը շատ լաւ պիտի ըլլայ ինծի համար: Աճապարելու պէտք չունիմ եւ ոչ ալ ատոր կարիքը ունիմ»:
Իտալացի միջազգային նախկին մարզիկ Անչելոթթի, նախորդ տարի Չելսիի հետ իր առաջին տարեշրջանին յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել: Սակայն, այս տարի տարեշրջանը ձեռնունայն աւարտելէ ետք պաշտօնանկ եղաւ լոնտոնեան կազմին կողմէ:
CATEGORIES Մարզական