Մեր Ապագայ Արձակուրդները Ծրագրենք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եթէ ձանձրացած էք ամառնային երկար արձակուրդները ծովափը անցընելէ, կամ գիւղ երթալէ, կամ նոյնիսկ` պարզապէս տունը մնալէն, կրնաք այսօր իսկ ծրագրել ձեր ապագայ արձակուրդները իւրայատուկ ձեւով անցընել, եւ ինչո՞ւ ոչ… անջրպետին մէջ պանդոկ մը` երկրագունդէն 300 քմ բարձր:

Նման ծրագիր մը ո՛չ երեւակայական է, ո՛չ ալ անկարելի: Անջրպետին մէջ պանդոկի մը կառուցման առաջին փորձերը արդէն սկսած են: Այդ պանդոկը կրնայ հիւրեր ընդունիլ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն: Եւ մեր սիրելի երկրագունդը անջրպետէն տեսնելու, առանց ճնշումի թռչիլ անջրպետանաւուն մէջ, այս բոլոր արտասովոր զգացումները միայն աստղանաւորդներուն յատկացուած պիտի չըլլան: Մենք ալ կարելիութիւնը պիտի ունենանք այս բոլորը զգալու անջրպետային ապագայի պանդոկին մէջ:

Սակայն ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ այս տարօրինակ պանդոկը: Անիկա կառոյց մըն է, որ կը դառնայ մեր մոլորակին շուրջ, բայց անիկա կ՛ընդունի զբօսաշրջիկներ, կամ գիտնականներու խումբեր` քանի մը օրուան կամ քանի մը ամսուան համար: Տասնեակ մը հաստատութիւններ արդէն սկսած են աշխատիլ պանդոկի այս ծրագրին վրայ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է «Պիկըլոու աէրօսփէյս» ամերիկեան ընկերութիւնը:

Այս ընկերութիւնը մտածած է շինել ուռող կառոյցներ բազմաթիւ բաժանմունքներով` զբօսաշրջիկները ընդունելու համար սենեակներով օժտուած:

Նման շինութեան մը առաւելութիւնը այն է, որ անիկա զինք փոխադրող հրթիռին մէջ շատ տեղ չի գրաւեր: Երբ անիկա անջրպետ կը հասնի, կը տարածուի տեղւոյն վրայ եւ կ՛ուռի:

***

Սակայն դժբախտաբար սկիզբը այս իւրայատուկ պանդոկը միայն շա՜տ, շա՛տ հարուստ զբօսաշրջիկներուն համար հասանելի պիտի ըլլայ, եթէ անոնք ուզեն արձակուրդի նուէր մը ընել: Այդ պանդոկին մէջ 2 ամսուան կեցութիւնը պիտի արժէ աւելի քան 26 միլիոն տոլար:

Ասոր կողքին, երկրագունդէն 300 քմ բարձրանալու համար պէտք է ֆիզիքական լաւ պայմաններ ունենալ եւ ծանր մարզումի հետեւիլ բազմաթիւ ամիսներ: Այո՛, մարմինը պէտք է պատրաստ ըլլայ տոկալու բացառիկ արագացումներու եւ դանդաղացումներու` գետնէն բարձրանալու եւ երկրագունդ վերադառնալու ընթացքին: Ասոր կողքին, ենթական պէտք է վարժուի օդին մէջ ծփալու` ձգողութեան չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար զբօսաշրջիկին կեցութիւնը հանգիստի շրջան մը պիտի չըլլայ:

***

Հակառակ ասոր, ճամբորդական կարգ մը գրասենեակներ արդէն սկսած են տեղեր ապահովել. սակայն նման ճամբորդութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ 2 կամ 3 տարիէն առաջ: Մինչ այդ անոնք, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ ձգողական ուժի չգոյութեան զգացումներուն ծանօթանալ, կրնան արդէն փորձեր կատարել երկրագունդին վրայ: 15 մարտէն ի վեր կարգ մը օդանաւեր կը ստեղծեն աստղանաւորդներուն նման ծփալու համար պէտք եղած պայմանները: Սակայն նոյնիսկ այս պարագային թռիչքի տոմսերը բոլորին համար չեն. 6 վայրկեան ծփալու համար պէտք է վճարել մօտաւորապէս 8000 տոլար եւ 18 տարեկանը ամբողջացուցած ըլլալ:

 

Աշխարհին Շուրջ

Փաքիստանի Զարդարուն
Փոխադրակառքերը

 

 

 

 

 

 

Փաքիստանի ճամբաները լեցուն են վառվռուն գոյներով եւ ճոխ զարդարանքներով փոխադրակառքերով:

Մեքենային տէրն է, որ կը վճարէ այդ աշխատանքներուն համար: Սակայն զարդարանքները, արուեստագէտն ու փոխադրակառքին քշողն են, որոնք կ՛ընտրեն ինչպէս զարդարել կառքը: Զարդարանքի ամբողջ աշխատանքը ձեռքով կ՛ըլլայ եւ կրնայ ամիսէ մը աւելի տեւել:

Հակառակ որ իւրաքանչիւր փոխադրակառք իւրայատուկ է, սակայն բոլորը ընդհանուր օրինակի մը կը հետեւին: Առջեւի բաժինը ունի ընդհանրապէս կրօնական նիւթ մը, եւ կառքին վրայ շինուած աւելորդ ցցուն փայտէ բաժին մը` թաժը: Կողքի բաժինները զարդարուած են տեսարաններով կամ անասուններու պատկերներով: Ետեւի բաժինը ընդհանրապէս կ՛ունենայ դիմանկար մը` ծաղիկներու պատկերներով կամ երկրաչափական ձեւերով շրջապատուած: Կառքին վրայ գեղեցիկ ձեռագիրով գրուած կրնան ըլլալ աղօթքներ, բանաստեղծութիւններ եւ նոյնիսկ հաճելի ասացուածքներ:

Փոխադրակառքերը զարդարելու աշխատանոցներուն մէջ իւրաքանչիւր աշխատող ունի իր մասնագիտութիւնը: Կան աշխատողներ, որոնք կը շինեն թաժը եւ կ՛անցընեն ազդատախտակները: Ուրիշ գործաւորներ կը զարդարեն կառքէն վարէն կախուած մետաղէ զարդարանքները եւ կ՛անցընեն ղօղանջող սկաւառակներ: Ատաղձագործները կը փորագրեն դռներուն տախտակները, եւ անշուշտ, արուեստագէտները կը գծեն նկարները եւ խճանկարները: Նոյնիսկ փոխադրակառքին մէջը զարդարուած է պզտիկ հայելիներով, կերպընկալէ ծաղիկներով եւ ձեռագործ բարձիկներով եւ պատուհանի փեղկերով:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Միացեալ Նահանգներուն մէջ Թեքսասը միակ նահանգն է, որ իրաւունք կու տայ իր քաղաքացիներուն քուէարկել անջրպետէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տարեկան փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ Հոլանտայի մէջ` ի պատիւ կարմիր մազ ունեցող անձերուն:

Ըստ առասպելին, իշխող ազթեք Մոքթեզումա օրական 50 գաւաթ տուրմ կը խմէր:

 

 

 

 

 

 

 

 

Աշխարհի 50 ամէնէն մեծ լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:

Ափրիկէի մէջ գոյութիւն ունի մողէս մը, որ ունի իր գլխուն վերը զետեղուած երրորդ աչք մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Փանամայի մէջ Փանամա Սիթի աշխարհի մէջ միակ մայրաքաղաքն է, որ արեւադարձային անտառ մը ունի քաղաքին սահմաններուն մէջ:
  • Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ ֆութպոլի դաշտը կը գտնուի Ռիօ տը Ժանեյրոյի մէջ, Պրազիլ: Անիկա կրնայ ընդունիլ մինչեւ 100 հազար հանդիսատես:
  • Փերուի մէջ կարգ մը անձեր դեղին ներքնազգեստ կը հագնին Նոր տարուան օրը` իբրեւ բախտաբեր նշան:
  • Պոլիվիոյ մէջ փոխադրակառքերու կանգառը յղացուած է Կիւսթաւ Էյֆելի կողմէ: Յիշենք, որ Էյֆել Փարիզի մէջ շինած է իր անունով կոչուող նշանաւոր աշտարակը:
  • Մարդ մը Վիէննայէն (Աւստրիա) գնաց Փարիզ` ձեռքերուն վրայ քալելով: Անոր ճամբորդութիւնը տեւեց 55 օր:
  • Աշխարհի մէջ ամէնէն շատ տուրմ սպառող երկիրը Զուիցերիան է, ուր տարեկան, միջին հաշուով, ամէն մարդ կ՛ուտէ մօտաւորապէս 11 քիլօ տուրմ:
  • Սահարայի անապատը գրեթէ Միացեալ Նահանգներու մեծութիւնը ունի:
  • Թանզանիոյ մայրաքաղաք Տար Էլ Սալամի մէջ ապրող 3,2 միլիոն մարդոց կէսէն աւելին երեխաներ են կամ պատանիներ:
  • Թայլանտի մէջ կարգ մը կապիկներ իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն ակռանին մաքրել պարանով:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ բնակուած պալատը կը գտնուի Ասիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Պրունայ երկրին մէջ: Անիկա ունի 1788 սենեակ:
  • Աւստրալիա ժամանակին ծառայած է իբրեւ անգլիական աքսորավայր:
  • Աւստրալիոյ ապորիճին բնիկները գծած են իրենց անձնական աստղերու քարտէսը:
  • Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի ծաղիկ մը, որ իր ամբողջ կեանքը կ՛անցընէ գետնին տակ:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 87` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուք

Կրնա՞ս գտնել, թէ պզտիկ տղուն բռնած պարանին ծայրը ի՞նչ կայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES