Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 22-ամեակին Առիթով. Այսօր Հանրահաւաք Պիտի Կատարէ
Այսօր` 2 սեպտեմբերին Արցախի անկախութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-ամեակին առիթով ՀՅԴ-ն Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրէ հանրահաւաքի:
Հանրահաւաքին պիտի յաջորդէ տօնական շքեղ համերգ: Ձեռնարկին շրջագիծին մէջ պիտի հնչեն ազգային-հայրենասիրական երգեր: Պիտի մասնակցին նաեւ ազգագրական պարային խումբեր, իսկ երեկոյի աւարտին պիտի կատարուի հրավառութիւն:
Տօնական ձեռնարկները այսքանով պիտի չսահմանափակուին: Յաջորդ օրերուն տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ զինուորական եւ քաղաքական գործիչներու հետ:
CATEGORIES Հայկական

