Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կը փափաքիք ձեր շուրջ համախմբել ձեր ընտանիքը: Սիրալիր էք բոլորին հետ, որպէսզի յաջող կերպով կատարէք ձեր փափաքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տնտեսական մարզի մէջ խոհեմ եղէք: Այսպիսով կրնաք դասաւորել ձեր պիւտճական խնդիրները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ երաժիշտ էք կամ արուեստագէտ, երաժշտութեամբ աշխատեցէք, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ արդիւնաւէտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի հաստատէք որ արդէն ինքնավստահ էք ձեր գործին մէջ եւ պիտի շարունակէք նոյն ընթացքով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը ձեզի պիտի ընծայէ յատուկ եւ հաճելի անակնկալ մը: Մնացէք լաւատես:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ծխող էք որոշում պիտի տաք դադրեցնելու այս մոլութիւնը, որքան ալ ուշացած ըլլաք, կարեւորը նախաձեռնելն ու որոշումին տէրը ըլլալն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ծրագիրները լաւ ընթացքի մէջ են: Պիտի բազմապատկէք ձեր յարաբերութիւնները այս մարզին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հապճեպ որոշումներ մի տաք, ժամանակ տրամադրեցէք խոկալու լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խղճամիտ էք, եւ ձեր բարեացակամ վերաբերումը պիտի երջանկացնէ բազմաթիւ անձեր: Գոհ պիտի մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ցոյց տուէք ձեր շուրջիններուն, որոնք կը կասկածին ձեր տնտեսական ինքնաբաւ վիճակին, թէ կը սխալին: Անհոգ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի անդրադառնաք, թէ կարիքը ունիք ուրիշներու օգնութեան: Խոհեմ եղէք, կ՛օգտուիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր երազները նշաններ պիտի ըլլան, կամ` պատգամներ, դուք ձեզ աւելի լաւ հասկնալու համար:

