50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1963)
Հայկական Կեանք
Հայերը Աւստրալիոյ Մէջ
1000 Հայեր Կ՛ապրին Սիտնիի Եւ Մելպուռնի Մէջ
Աւստրալիական թերթ մը կը գրէ.-
Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր հայերը աչքաբաց եւ ճարպիկ վաճառականի համբաւը ունեցած են: Ներկայիս այնպէս կը թուի, թէ նորէն նոյն դիրքին մէջ են:
Աւստրալիոյ մէջ գտնուող ափ մը հայութիւնը (մօտ 1000 հոգի, որուն կէսը կը բնակի Սիտնիի եւ 200-ը Մելպուռի մէջ) արդէն գլխաւոր յաղթանակ մը տարած է «Ներգաղթի գրասենեակ»-ին մէջ: Այս գրասենեակը ընդառաջելով հայ համայնքի ղեկավարներու խնդրանքին եւ պահանջին` թոյլատրած է Գահիրէ ապրող հազարաւոր հայերու ներգաղթը դէպի Աւստրալիա:
Մելպուռնի մէջ ապրող հայերը ուրախ են այժմ` լսելով կառավարութեան որոշումը: Անոնք ոչ մէկ դժուարութիւն պիտի ունենան գործ գտնելու կամ տեղական լեզուին վարժուելու: Անոնք մեծ դիւրութիւններ ունին օտար լեզուներ սորվելու: Միջին Արեւելքի հայութեան գրեթէ ամբողջութիւնը երեք կամ չորս լեզուներ կը խօսի:
Իրենց հոս հաստատուիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, մանաւանդ հիմա, երբ Սիտնիի եւ Մելպուռնի հայ համայնքները ունին իրենց եկեղեցիները: Մելպուռնի եկեղեցին մէկ տարի առաջ շինուեցաւ, եւ ըստ անոր անդամներուն, արդէն մեծ ազդեցութիւն գործած է իրենց կեանքին վրայ:
Եկեղեցին շատ կարեւոր է հայուն համար: Բազմաթիւ հեղինակութիւններ կ՛ըսեն, թէ եկեղեցիի միջոցով է, որ հայերը պահած են իրենց ազգային գիտակցութիւնը, եւ վերջերս անիկա ծառայած է որպէս ազգային միութեան ազդակ` աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ցրուած հայութեան համար:
Հայաստան խիստ ու լեռնային երկիր մըն է` ասիոյ ցամաքամասին վրայ: Անոր սահմաններն են արեւմուտքէն` Թուրքիա, հարաւէն` Իրան, արեւելքէն` Ազրպէյճան, իսկ հիւսիսէն`Վրաստան: 1922-էն ի վեր ան մաս կը կազմէ Խ. Միութեան:
1878-ին ռուսեւթուրք պատերազմը յանկարծ մեծ պետութիւններու գիրկը նետեց զայն: Ու ստեղծուեցաւ հայկական հարց մը:
ԻԱՆ ՄՔ. ՖԱՐԼԻՆԿ
Տեղական Լուրեր
Լիբանանի Մէջ 3876 Ճաշարաններ,
Սրճարաններ Եւ Քապարէներ Կան
Լիբանանի զբօսաշրջային կացութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարելով` զբօսաշրջութեան պաշտօնական սպասարկութիւնները տեղեկագիր մը պատրաստած են 1950-1962 Պէյրութի եւ շրջաններու մէջ ճաշարաններու, սրճարաններու եւ քապարէներու թիւին յաւելման մասին:
Այս տեղեկագրէն ի յայտ կու գայ, թէ այս հաստատութիւններուն թիւը Պէյրութի մէջ 1950-ին 396 էր, 1960-ին 1473, իսկ 1962-ին հասած է 1776-ի:
Շրջաններու մէջ 1950-ին 165 էր, 1960-ին 919, իսկ 1962-ին 1200:
Ուստի, Լիբանանի մէջ ճաշարաններու, սրճարաններու եւ քապարէներու թիւը 1962-ին եղած է 3876, մինչ 1950-ին 561 էր: