Ս. Միքայէլ Դպրեվանքի Ամառնային Դասընթացքի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն
Հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան, Ս. Միքայէլ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի ծրագիրի ծիրին մէջ այս տարուան ամրան ականատես եղանք Զմմառու տեսչութեան նախաձեռնութիւններէն մէկուն եւս: Անիկա կը միտէր ժառանգաւորներուն հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան` որպէս համայն հայութիւնը միաւորող գործօնի, իմացութեան բարձրացումին:
Ան կազմակերպուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ: Ուսուցումը կայացաւ բարձր մակարդակով` դասաւանդման արդիական եղանակով: Այս բոլորին զուգահեռ, շրջապտոյտները առաւել հետաքրքրական դարձուցին մթնոլորտը. դասընթացքը եզրափակուեցաւ հանդիսութեամբ:
29 օգոստոս 2013-ի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդիսութիւն` նախաձեռնութեամբ` Ս. Միքայէլ ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարաններու տեսչութեան, կազմակերպութեամբ` Զմմառեան ուխտի երէց ու փոքր ժառանգաւորներուն, որոնք ներկայացուցին յայտագիրը:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Յովհաննէս Չագըրեանը, որ ներկայացուց վանքէն ստացած իրենց դրական լիցքերը:
Գեղարուեստական յայտագիրին «Լեռներ հայրենի» ստեղծագործութիւնը ներկայացուց Էլի Պետրոս Հատտատը կիթառի վրայ եւ Մանուէլ Քէշիշեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, փոքրնորընծաները «Վանքս» եւ «Մայրերու Օր» ոտանաւորները արտասանեցին, սրինգի վրայ հնչեց «Տէր ողորմեա»-ն, «Հրաժեշտի երգ»-ն ու «Խուժան Ասկեր»-ը` ժառանգաւորներու մեկնաբանութեամբ:
Օրուան բանախօս` Էլի Պետրոս Հատտատը ներկայացուց հայազգի երախտաւորներէն` Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի ծաւալած հոգեւոր եւ ազգանուէր աշխատանքը, եւ շեշտը դրաւ անոր բարեգործութեան վրայ. «Իրեն շնորհիւ Զմմառը ունեցաւ սեփական նորընծայարանի շէնք մը, որուն 50-ամեայ յոբելեանը կը նշենք»: Այնուհետեւ` «ան իր կրօնական համոզմունքներով եղած է կաթողիկէ, իսկ ոգիով ազգային: Իր հայեացքներուն եւ գործունէութեան շնորհիւ նուաճեց հայ կաթողիկէ համայնքին սիրտը: Յետ մահու դասուած է հայ կաթողիկէ Զմմառեան Միաբանութեան անուանի հայրերու շարքին», ըսելով` եզրափակեց խօսքը:
Բանախօսութեան յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն պատրաստութեամբ` կիս. Տիգրան Փիլիպպոսի եւ Գէորգ Ներսէսեանի, որ կ’ընդգրկէր նկարներ Կարդինալ Աղաճանեանի երիտասարդ վարդապետական տարիներէն մինչեւ անոր կարդինալական աստիճանի արժանանալը, ինչպէս նաեւ նկարներ Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովի անոր ունեցած գործօն մասնակցութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր ասմունք` Լեւոն Ստեփանի եւ Վարդան Ճալլուֆի կողմէ, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին «Արարատի ծեր գմբէթից» եւ «Հայրենիք» բանաստեղծութիւնները:
Ապա ժառանգաւորներու երգչախումբը ազգային եւ հոգեւոր երգերով հանդէս եկաւ, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Օրուան հանդիսաւար կիս. Պարգեւ Պաշխընճի ներկայացուց «Ձօն դպրեվանքի 50-ամեայ տարեդարձին» ոտանաւորը իր իսկ գրիչով պատրաստուած:
Ընծայարաններու տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան արտասանեց հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը: Ան ժառանգաւորներուն հասցէին դրուատական խօսքեր արտասանելու կողքին անդրադարձաւ գաղթաշխարհի մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիները գտնելու կարեւորութեան. «…Ահա թէ ինչու Զմմառու ընծայարանի տեսչութիւնը, դպրեվանքիս 50-ամեայ յոբելեանի միջոցառումներուն շրջագիծին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց հայրենաւանդման դասընթացքին: Օտար ափերուն հայապահպանութեան երաշխիքը հայոց լեզուն է», հաստատեց ան:
Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, իր կարգին խրախուսեց նորընծաները որ անսասան մնան իրենց կոչումինմէջ: Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայարաններու տեսչութեան, որուն անդամները անսակարգ նուիրումով կը ծառայեն դպրեվանքիս բարգաւաճմանը ի փառս Աստուծոյ եւ հայրենիքին, եւ «պահպանիչ»-ով եզրափակեց հանդիսութիւնը:
Աս առթիւ, մայրավանքիս «Վերափոխման» եկեղեցւոյ մէջ, Գրիգոր Պոյաճեանը, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանին տուաւ Զմմառեան միաբանութեան անդամակցութեան իր խոստումը, որուն յաջորդեց եղբայրական ագապ ընծայարանի սեղանատան մէջ:
Հ. ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Փոխ-տեսուչ
Զմմառու Ընծայարաններու

