2014-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ Չեխիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ 6 սեպտեմբերին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Փրակայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Չեխիոյ:

Առաջին օրուան փորձերուն, որոնք եղան միակ բաց մարզումները, հայրենի կազմը մասնակցեցաւ ոչ ամբողջական խումբով: Խումբէն կը բացակայէր Հենրիխ Մխիթարեան, որ քիչ մը աւելի ուշ ժամանեց Երեւան:

Փորձեր կատարեց Ռոպերթ Արզումանեան, որ իր ակումբին` Աքթոպէի կատարած վերջին մրցումին չէր մասնակցած` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Յառաջիկայ օրերու փորձերը ցոյց պիտի տան, թէ ան պիտի մասնակցի՞ Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան թէեւ իր հրապարակած ընդլայնուած կազմին մէջ նկատի առած էր Արտակ Տաշեանը (Գանձասար) եւ Վարդգէս Սաթումեանը (Միքա), սակայն առաջին օրուան փորձերէն ետք անոնք դուրս մնացին կազմէն:

Նշենք, որ հաւաքականը իր նախապատրաստական փորձերը կը կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնին մէջ գտնուող Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )