Թայ-Չի-Չուան. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Տիրացաւ 2 Ոսկի Մետալի Եւ «Մասթըր»-ի Տիտղոսին

Վերջերս, Չինաստանի Ժիաօ-Զուօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Թայ-Չի-Չուանի 2013-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ մեծ թիւով մարզիկներու:

Հինգ օրուան զտումի մրցումներէն ետք 3400 մասնակցողներուն թիւը նուազեցաւ 300-ի:

Այդ 300-ին կարգին էր լիբանանահայ Աւետիս Սերոբեան, որ եկած էր պաշտպանելու համար 2011-ին տիրացած աշխարհի ախոյեանութեան իր տիտղոսը: Այդ տարուան ախոյեանութիւնը տեղի ունեցած էր Ուու-Տանկի մէջ:

Ան յաջողեցաւ ոչ միայն երկու ոսկի մետալի տիրանալ, այլ նաեւ Չինաստանի միջազգային Ուու-շուի ֆետերասիոնին կողմէ ստանալ «Մասթըր»-ի կոչում:

Բնականաբար, ասիկա մեծ իրագործում մը կը նկատուի Սերոբեանի կողմէ, որ վեր կը պահէ Լիբանանի անունը եւ դրուատիքով խօսիլ կու տայ լիբանանահայութեան մասին:

Իր կատարած այս երկու իրագործումներէն ետք Սերոբեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մինչ ուրիշներ կը փորձեն պատերազմ շղթայազերծել, ինք կու գայ բարձրացնելու իր երկրին դրօշակը` խաղաղութեան համար:

Վերջին բաժինով, Սերոբեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իր երկու հովանաւորներուն` Ճորճ Կիւրիւնեանին (Էմիրէյթց- Լիբանան դրամատուն) եւ Վարուժ Ներկիզեանին (Շարժայի դրամատուն)` ըսելով, որ անոնց շնորհիւ Լիբանանի անունը բարձր մնաց միջազգային գետնի վրայ:

Յաջորդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2015-ին:

Share this Article
CATEGORIES