Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստագէտներ Շէնքի Մը Ճակատը Կը Վերածեն Երաժշտական Գործիքի

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տրեստընի արուեստներու թաղամասին` Նոյշթատ Քոնսթոփասաճի  մէջ կը գտնուի ճարտարապետական այս աներեւակայելի գոհարը. ստեղծագործական քմայք մը արտացոլացնող կապոյտ բարձր շէնք մը, որ ծնունդն է Քրիսթոֆ Ռոպնըրի, Անեթ Փոլի եւ Անտրէ Թեմփըլի երեւակայութեան:

«Տը Հաֆինկթըն Փոսթ» կը գրէ, թէ շէնքը կը գործէ իբրեւ երաժշտական բազմայարկ գործիք մը: Այլ խօսքով, աւանդական խողովակներու փոխարէն, ստեղծագործ արուեստագէտները կառոյցը օժտած են զիկ-զակ շարքով զետեղուած խողովակներու այնպիսի մանուածապատ համակարգով մը, որ թեթեւ երաժշտութիւն մը կը սփռէ, երբ կ՛անձրեւէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )