Արուեստի Աշխարհէն. Դասական Երաժշտութեան Մրցանքները Կը Դատուին Արտաքին Տեսքո՞վ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Եօ Եօ Մայի երաժշտութիւնը հրաշալի կը հնչէ, ինչ ձեւով ալ դիտենք զայն:

ՎԵՐՋԵՐՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ ԸՆՏՐԵԼՈՒ «ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ» ՄԸ ՓԱՍՏՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ: «ՏԸ ՔՈՆՎԸՐԶԷՅՇԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՔՆՆԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏՈՎ ՎԵՐԼՈՒԾԵՑ ԼՈՒՐԸ` ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՎ  ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼՈՒ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ «ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ»: ՈՒՐԵՄՆ, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՀԱԱԿՆԱԼ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԿԸ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԻՆՔ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԶԵՂՈՒՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՒԱԳՈՂ ԵՐԱԺԻՇՏԻ ՄԸ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈ՞Վ, ԹԷ՞ ԱՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔԷՆ ՀՆՉԱԾ ՁԱՅՆՈՎ:

Վերնագիրները

«Լոս Անճելըս Թայմզ». «Մարդիկ կը վստահին իրենց աչքերուն, եւ ոչ` ականջներուն, երբ կը դատեն երաժիշտ մը»:

«Քլասիք Էֆ. Էմ.». «Դասական երգիչները կը դատենք իրենց շարժումներով, եւ ոչ` ձայնով»:

«Նէյչըր». «Աւելի կարեւորութիւն կու տանք երաժիշտներուն արտաքին տեսքին, քան` երաժշտութեան»:

Պատմութիւնը

Եթէ կ՛ուզենք ճանչնալ այն երաժիշտը, որ շահած է դասական երաժշտութեան մակարդակաւոր մրցանակ մը, արդեօք պիտի ունկնդրենք անոր մէկ ձայնագրութի՞ւնը, թէ՞ պիտի դիտենք տեսերիզ մը, որուն մէջ ան կը նուագէ նոյն կտորը:

Մեզմէ շատեր պիտի փափաքէին ունկնդրել ձայնագրութիւն մը: Այնպէս չէ՞: Սխա՛լ: Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընի դասախօս Չիա-Եունկ Ցայ կատարած է շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ նորեկ եւ մասնագէտ երաժիշտներ աւելի դիւրութեամբ կը ջոկեն մրցանակակիրները, երբ կը դիտեն անոնց կատարումները, քան` երբ կ՛ունկնդրեն զանոնք:

Գաղափարը այն է, որ մեր արտաքին տեսքը աւելի կարեւոր է, քան` մեր ձայնը, նոյնիսկ` դասական երաժշտութեան ամէնէն մակարդակաւոր մրցանքներուն մէջ:

Ի՞նչ Էր Կատարուած Փորձարկութիւնը

Ցայ` ինքնին դասական երաժիշտ մը, օգտագործած է դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանքներու տեսերիզներ  եւ ձայնագրութիւններ: Ան ընտրած է աւարտական հանգրուանի հասած առաջին երեք երաժիշտները եւ կամաւորներէ խնդրած է ջոկել առաջին մրցանակակիրը` խոստանալով դրամական նուէր մը: Կամաւորները ազատ էին դիտելու տեսերիզը, ունկնդրելու միայն ձայնագրութիւնը, կամ` երկուքը:

Շարք մը փորձարկութիւններէ ի յայտ եկած է, թէ մարդիկ կը կարծեն ձայնագրութիւնը տեսերիզէն աւելի բան պիտի ըսէր իրենց` աւարտական հանգրուանի հասած երաժիշտներուն կատարողութեան վերաբերեալ: Սակայն անոնք յաջողած են ջոկել մրցանակի արժանացած երաժիշտը, երբ դիտած են տեսերիզները: Մարդիկ չեն կրնար ճիշդ ընտրութիւնը կատարել, երբ կ՛ունկնդրեն ձայնագրութիւն մը. այս պարագային, անոնք պարզապէս բախտով կը ջոկեն ճիշդ անձը: Ցնցիչ իրողութիւնը այն է, որ երբ մարդիկ կ՛ունկնդրեն ձայնագրութիւն մը եւ կը դիտեն տեսերիզ մը, որ սովորաբար շատ աւելի տեղեկութիւն կը փոխանցէ, դարձեալ բախտով կ՛որոշեն մրցանակակիրը: Ասիկա մտածել կու տայ, թէ անոնք աւելի լաւ պիտի կարենային ջոկել մրցանակակիրը, եթէ փակէին իրենց ականջները եւ անտեսէին երաժշտութիւնը:

Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ մրցանակակիրը ջոկելու մարդոց կարողութիւնը կախեալ է «բեմական ներկայութեան» հետ կապ ունեցող երեւոյթներ նկատելու հետ: Երբ տեսերիզներուն բովանդակութիւնը վերածուած է գծանկարի` ջնջելու համար մանրամասնութիւնները եւ շեշտելու` շարժումը, մարդիկ դարձեալ յաջողած են ջոկել մրցանակակիրը` առանց ապաւինելու բախտին: Այլ փորձարկութիւն մը ցոյց տուած է, որ երբ կամաւորներէն պահանջուած է գտնել «ամէնէն ինքնավստահ, ամէնէն ստեղծագործ, ամէնէն խանդավառ, ամէնէն կրքոտ եւ ամէնէն եզակի կատարողութիւն ցուցաբերող երաժիշտը», անոնք ընդհանրապէս ջոկած են ճիշդ մրցանակակիրը:

Որքա՞ն Տրամաբանական Է Ասիկա

Մարդը տեսողական երեւոյթներէն ազդուող արարած մըն է: Իրերու երեւոյթը կարեւոր է, ինչպէս գիտէ ոեւէ անձ, որ պատշաճ ձեւով կը հագուի` հարցազրոյցի մը ներկայանալու համար: Նաեւ սովորական է, որ մտածենք, թէ իրերու արտաքին երեւոյթը նոյնքան կարեւոր չէ, որքան կը թուի ըլլալ: Օրինակ` գինիին համը դատել շիշին պիտակով եւ ոչ թէ` համով:

Շատ աւելի նուազ տրամաբանական կը թուին թերթերու այն վերնագիրները, որոնք կ՛անդրադառնան մրցանակակիրները ջոկելու այս երեւոյթին: Բոլորս գիտենք, թէ արտաքին տեսքը կարեւոր է, սակայն ինչպէ՞ս անիկա աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան` դասական երաժշտութեան մրցանքի մը ձայնագրութիւնը: Իրականութեան մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ձայնն է: Սակայն փորձարկութիւնը պարզապէս կը համապատասխանէ ժողովրդային սովորամոլութեան մը, որ կը վերաբերի մեր անտրամաբանական էութեան:

Իրականութիւնը

Վերոնշեալ փորձարկութիւններուն արդիւնքներուն գաղտնիքը կը գտնուի հետեւեալ մանրամասնութեան մէջ. կամաւորներէն պահանջուած էր միջազգային մակարդակաւոր մրցանքներու մէջ աւարտական վերջին հանգրուանի հասած երեք երաժիշտներէն ջոկել մրցանակակիրները: Այլ խօսքով, այս երաժիշտներէն իւրաքանչիւրը աշխարհի լաւագոյններուն շարքին է: Նոյնիսկ, լաւագոյններուն լաւագոյնն է:

Որակի առումով, շատ հաւանաբար միայն ջնջին տարբերութիւն մը կայ աւարտական հանգրուանի հասած երեք երաժիշտներուն միջեւ: Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, թէ ինքնին դատական կազմին անդամները յաճախ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն ջոկելու համար մրցանակակիրները:

«Տեսողութիւնը կը գերազանցէ ձայնը` երաժշտական կատարողութիւն մը դատելու մէջ» վերնագիրով ուսումնասիրութեան հեղինակները չեն չափած փորձարկութեան մասնակցած կամաւորներուն երաժշտական որակ գնահատելու վերացական կարողութիւնը, այլ` մրցանքներուն իրական արդիւնքը գիտնալու կարողութիւնը:

Փորձարկութիւնները ցոյց կու տան, թէ նման մրցանքներու դատաւորի դեր կատարելը հիմնուած է տեսողութեան վրայ եւ ոչ` ձայնի: Ոչ այն պատճառով, որ տեսողութիւնը ի յայտ կը բերէ երաժշտական կատարողութեան որակ, այլ որովհետեւ փորձարկութեան մասնակցողներուն քով կը ստեղծէ նոյն այն կողմնակալութիւնը, որ յատուկ է մրցանքներու դատական կազմի անդամներուն: Դատական կազմի անդամներ կողմնակալ են երաժիշտներուն արտաքին տեսքին նկատմամբ: Եւ ինչո՞ւ ոչ, երբ հաւանաբար ամենադոյզն տարբերութիւնը պէտք է գտնեն անոնց կատարողութեան մէջ` ընտրելու համար մրցանակակիրը:

Այս պատճառով է, որ «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը սխալ տեղ կ՛առաջնորդէ: Անիկա կ՛ըսէ. «Մեր յայտնաբերումները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ խորքին մէջ գլխաւորաբար կ՛ապաւինին տեսողական տուեալներու, երբ կը դատեն երաժշտական կատարողութիւն մը»: Սակայն շատ տրամաբանական է, որ մեզմէ շատեր ընդհանրապէս երաժշտութիւնը կը դատեն անոր հնչեղութեամբ, այնպէս` ինչպէս կ՛ենթադրէինք այս ուսումնասիրութեան հրատարակութենէն առաջ:

Երկդիմի պարագաներու, ձայներու փոխարէն, կ՛ապաւինինք արտաքին երեւոյթներուն: Նոյնիսկ մասնագէտները այսպէս կը վարուին: Ասիկա մեծ հարուած մըն է երաժիշտներուն, որոնք կը կարծեն, թէ մրցանքներու մէջ ամէնէն կարեւորը ձայնն է: Սակայն ասիկա յայտնութիւն մը չէ մեզի համար, որովհետեւ արդէն գիտենք, որ երբ ընտրութիւն մը կատարելը դժուար է, արտաքին տեսքը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, ինչպէս` գործի դիմելէ ետք հարցազրոյցի կանչուելու առիթով, կամ` երաժշտական մրցանքի մը:

Միայն «Պի. Պի. Սի.» յաջողած էր այս լուրը տեղեկագրել ճշգրիտ վերնագիրով. «Տեսողութիւնը կը գերազանցէ ձայնը` երաժշտական մրցանքներու առիթով մրցանակակիրներ ընտրելու մէջ»:

Զգայարաններու միջեւ փոխազդեցութիւնները ուսումնասիրութեան հետաքրքրական նիւթ են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )