Ապատեղեկատուութիւն. Սուրիահայութեան Հասցէին Կատարուած Ապատեղեկատուութիւն (Բ.)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Միւս կողմէ, լրատուամիջոցներով կը ներկայացուի գաղութը` իբրեւ քաղաքական կամքէ զուրկ միաւոր, որ միշտ եղած է իշխանութիւններու լծակ: Գաղութը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ եղած լծակ որեւէ կողմի, այլ ունեցած է պետականութեան եւ օրինականութեան հետ ըլլալու վարքագիծ, որ երբեք չէ պայմանաւորուած այս կամ այն իշխանութեան գոյութեամբ: Գաղութին պատմութիւնը կը պարզէ, որ զանազան իշխանութիւններու օրով այս իմաստով ունեցած է կայուն վարքագիծ: Ըլլալով օրինականութեան հետ` գաղութը դրական մասնակցութիւն բերած է ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական կեանքին այնքան, որքան կարելի եղած է:

Այլ տարբերակ մը` Հալէպի օդակայանէն քաղաք փոխադրուող հայ ճամբորդներու բախումի մէջ յայտնուելուն պատճառով չորս հոգիի զոհուելուն եւ տասնեակներու վիրաւորուելուն ողբերգական դէպքին հետ կապուած է: Հայաստանեան տարբեր լրատուամիջոցներ օդանաւերը երթուղային հանրակառքերու հետ շփոթելով` յայտնեցին, թէ` «քանի որ դէպի Հալէպ հիմնական ճանապարհը փակ է, օդանաւը այլ ճանապարհով որոշած է վայրէջք կատարել»: Ուրիշ լրատուամիջոց մը հետեւեալ մեծատառ վերնագիրը դրած էր իր էջին վրայ. «Մի՞թէ «Արմաւիա»-ն չգիտէր, որ օդակայանի յարակից տարածքում մարտեր են գնում», մինչ թռիչքը սուրիական օդանաւային  ընկերութեան կողմէ կատարուած էր: Այստեղ մեկնաբանութիւնները արդէն աւելորդ են:

15 մարտ 2013-ին հայաստանեան լրատուական աղբիւր մը Երեւանի սուրիահայութեան յատուկ Կիլիկեան վարժարանին մասին ներկայացուց տեսանիւթ մը` ընտրելով հետեւեալ զգայացունց խորագիրը. «Կիլիկեան վարժարանում ջնջւում է հայութիւնը. սկանտալային մանրամասներ»: Այդ լուրը կարգ մը աղբիւրներ ալ կայծակի արագութեամբ տարածեցին ամբողջ աշխարհով մէկ:

Հոն կը ներկայացուի, թէ լրատուական աղբիւրը Կիլիկեան վարժարանին մասին ստացած է զանազան լուրեր եւ այդ մէկը կը հաստատէ` ըսելով, որ` «մեզ ուղղուած բազում բողոքների մէջ ապշեցուցիչ փաստեր կան»: Հոն կ՛ընդգծուի նաեւ, որ փաստեր ալ ունին: Աղբիւրը կը շարունակէ` ըսելով. «Ասում են, արգելուած է հայոց պատմութիւն ուսացանելը դպրոցում, սակայն տնօրինուհի Նորա Փիլիպոսեանը մեզ 2 պատմութեան դասագիրք ներկայացրեց` որպէս ապացոյց, թէ իբր պատմութիւն է ուսուցանուում այնտեղ: Հաւաստիանալու համար խնդրեցինք թոյլատրել մտնել մի դասարան, որտեղ հայոց պատմութիւն են ուսանում` մէկ պարզունակ հարց ուղղելու աշակերտներին` հայոց պատմութեան մասին…»:

Նախ պէտք է ըսել, որ տեսանիւթին մէջ նշուած է, որ վարժարանին մէջ աշակերտները դասը կը սկսին սուրիական քայլերգով, մինչդեռ իրականին մէջ կը սկսին Տէրունական աղօթքով, ինչպէս մինչ այդ ընդունուած էր ընել Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի վարժարանին մէջ հայոց պատմութիւն չդասաւանդելուն, պէտք է բոլորին ակնյայտ ըլլայ, որ Երեւանի Կիլիկեան վարժարանին մէջ ներառուած է Սուրիոյ մէջ հայկական դպրոցներու համար ստեղծուած ծրագիրը: Քանի որ տեսանիւթին տրուած լուրը իրականութենէ զուրկ է, այս տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ հաւաստի չեն, մանաւանդ երբ հայեցի կրթութեան ու հայոց պատմութեան մասին է նիւթը: Հայեցի դաստիարակութիւն տալն ու հայկական ոգիով տոգորուած սերունդներ դաստիարակելը, մեր` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներուն սուրբ առաքելութիւնը եղած է սկիզբէն ի վեր: Եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ հայ գրականութիւնն ու հայոց պատմութիւնը իրարմէ կրնան անջատել, չարաչար կը սխալին:

Արդեօք Երեւանի Կիլիկեան վարժարանին մէջ  դասաւանդուած «Տիր Ա-Բ-Գ» գիրքերուն պարունակած դասանիւթերէն` «Հայկի եւ Բէլի պատերազմը», «Հայն ու հայը», «Անպարտելի ոգին», «Հայկական երկճանկ նետը», «Կռունկ», «Արիւնոտ թթխմորը», «Հողին ուժը», «Գայլ Վահանը», «Խենթը», «Վասակին իղձը», «Պզտիկ հերոսը» եւ ասոնց նման տասնեակ արձակ նիւթեր, հայրենասիրական շունչ ու ոգի ներշնչող բանաստեղծութիւններէն` «Հայոց լեզուն», «Էրեբունի-Երեւան», «Մեր պատմիչները եւ մեր գուսանները», «Դերենիկը», «Հայաստան», «Ռեքվիէմ», «Հին օրհնութիւն»… եւ հանրագիտակները, որոնք կը ներկայացնեն հայկական լեռնաշխարհը, հայկական թագաւորութիւնները եւ հայոց պատմութենէն վառ էջեր, այս բոլո՜րը դասաւանդուած պահուն կարելի՞ է հայոց պատմութիւնը շրջանցելով անցնիլ ու անոնց հետ առնչուած պատմական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ լայնածաւալ բացատրութիւն չտալ:

Ինչ կը վերաբերի տեսանիւթին մէջ նաեւ արձագանգուած մեղադրանքներուն, թէ այս դպրոցին աշակերտները միայն սուրիական տօները կը նշեն. պէտք է անմիջապէս սուտ զրպարտութեան իրականութեամբ պատասխանել: Սուրիոյ հայկական բոլոր դպրոցներուն մէջ ի սկզբանէ կը նշուին հայկական տօները ու, աւելի՛ն, այդ տօներուն համար արձակուրդներ կան: Արդարեւ, սուրիահայ երեխաները շատ աւելի լաւ կը ճանչնան թէ՛ Վարդան Մամիկոնեանի, թէ՛ այլ հերոսներուն արձանները, քան` շատ մը հայաստանաբնակ հայեր:

Վերջապէս, վերոնշեալ լուրը մեզի այդքան կրքոտ կերպով ներկայացուցած տեսանիւթին լոյսին տակ կարելի է մտածել, որ կարծէք Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս սխալ բան չէ մնացած եւ կ’ուզեն սխալ մը որսալ, այս պարագային, հասցէ ընտրելով սուրիահայերու Երեւանի Կիլիկեան վարժարանը: Տեսանիւթին մէջ ինքնաբերաբար կը նկատենք տուեալ լրատուական աղբիւրին եւ հաղորդավարուհիին յատուկ ուղղուածութիւնը եւ կեդրոնացումը, որ այդ դպրոցին ընդմէջէն լուրջ ջանքեր կը կատարուին սուրիահայերու նկատմամբ ժխտական տրամադրութիւն ստեղծելու, նուաստացնելու զանոնք, խեղաթիւրելու եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու:

Միւս կողմէ, բնականաբար եւ ինքնաբերաբար Հայաստանեան կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, վերլուծաբաններու եւ արաբագէտերու նկատմամբ երկու միտք կը ծագի. առաջինը, որ անոնք ամէն ճիգ կը թափեն սուրիահայերու մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելու, իսկ երկրորդը, որ տեղեկութիւններու պակաս ըլլալը, թերի կամ ալ անգիտակ ըլլալնուն համար է, որ ապատեղեկատուութիւն կը յառաջանայ:

Աւելի ուշ կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ թեթեւցուցին սուրիահայութեան վերաբերող որեւէ զգայացունց լուր տարածելը կամ ոչ ճշգրիտ լուրեր փոխանցելը: Աւելի՛ն. նախընտրեցին ստուգել Սուրիոյ պատասխանատու մարմիններէն եւ անոր տեղեկատուական բաժանմունքէն` նախքան տուեալ լուրին հրապարակումը:

Իսկ ուրիշներ իրենցը սեպեցին հայկական կայքէջերու թողարկած անճշդութիւնները հերքելու, ապատեղեկատուութեան ծուղակը ինկած տուեալ լրատուամիջոցին հետ կապ հաստատելու եւ իրականութեան համապատասխանող լուրը փոխանցելու, հերքումներ կատարելու, անհրաժեշտ լրատուութիւնները շրջանառութեան մէջ դնելու գործը. մէկ խօսքով, անոնք երբեք չընտրեցին աղմկոտ տեղեկատուութիւն «յօրինելու» տարբերակը:

Վերջապէս, մենք, իբրեւ սուրիահայեր կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ եթէ, ըսենք` այս ճգնաժամի օրերուն Սուրիոյ մէջ ապրող հայերս, ականատես կ’ըլլանք, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմը նաեւ տեղեկատուութեան եւ ապատեղեկատուութեան պատերազմ է, քանի որ Սուրիոյ ողբերգական ճգնաժամի մասին բազմաթիւ ու բազմազան խօսքեր հնչեցին ինքնակոչ վերլուծաբաններու եւ փորձագէտներու կողմէ` տարածելով ապատեղեկատուութիւն եւ վտանգելով հայ համայնքին ապահովութիւնը: Ուրիշներ արտայայտուեցան համացանցային Դիմատետրի մէջ հալէպահայութեան վերաբերեալ տարածելով ապատեղեկատուական հոսք մը: Իսկ մենք, այդ բոլորը, որպէս ապրող, օրական քսանչորս ժամ ամէն վայրկեան տեսնողն ու շնչողը, միայն զարմացանք, նեղացանք, մտահոգուեցանք, զայրացանք եւ ընդվզեցանք:

Արդեօ՞ք Սուրիոյ հետ զուգահեռաբար սուրիահայութիւնն ալ բաւական եւ բազմազան հակառակորդ ունի:

 

(Շար. 6)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • aved 10 years

    yete as hotvadzen mege pan me hasgetsav … !?  khntrem kretsek

  • Disqus ( )