«Արգասիքներ Եւ Հեռանկարներ» Արամ Ա.

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս, լոյս տեսած է Արամ Ա. հայրապետին «Արգասիքներ եւ հեռանկարներ» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 244 էջերէ: Իր բովանդակութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ բաժինները.

– «Ներածական»
– «Վերագտնելով Միսիօ Տէյը. հրաւէր մը եկեղեցիներուն»
– «Կաթողիկոսութիւնը. իր մասնակցութիւնները եւ հրամայականները»
– Գրիգոր Նարեկացի. մեր յաւերժական ժամանակակիցը»
– «Ինքնութիւն. միութեան եւ բաժանումի աղբիւր մը»
– «Կիլիկեան մշակոյթ. երկխօսութեան մշակոյթ մը»
– «Հայոց ցեղասպանութիւնը. ճանաչումէ դէպի հատուցում»
– «Կրօնքի դերը փոխուող ընկերութիւններու կապակցութեան մէջ»
– «Միջին Արեւելքի կրօնքը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ»
– «Ապրիլ իսլամութեան հետ իբրեւ համայնք»
– «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ»
– «Արաբական գարունը եւ քրիստոնէական համայնքները»
– «Փոխադարձ վստահութիւն. բնակակեցութեան հիմը»
– «Նօթեր իմ էքիւմենիքըլ օրատետրէս»
– «Ծանօթագրութիւններ»

Ներկայ հատորը բովանդակող գրութիւնները դասախօսութիւններ են, որոնք գրուած են անգլերէն լեզուով եւ կարդացուած` միջեկեղեցական ժողովներուն ընթացքին` Արամ Ա. վեհափառին կողմէ: Սոյն հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնեն անոնք վերածուելէ ետք հայերէնի:

Իր «Յառաջաբան»-ին մէջ վեհափառը կ՛ըսէ, թէ կրօնը ունի առանցքային նշանակութիւն մարդ էակի առօրեայ կեանքին մէջ: Նախ, անիկա առնչուած է քաղաքական, տնտեսական եւ գիտական հարցերու եւ ըմբռնումներու հետ: Մինչ կրօնը իր իսկ բնութեամբ եւ կոչումով աղբիւրն է խաղաղութեան եւ հաշտութեան, արդարութեան եւ յառաջդիմութեան, անիկա շահագործուած է նաեւ վատ նպատակներու համար: Կրօնի այս եղծումը կամ ըմբռնումը իր հեռահաս հետեւանքներով բարդ հարցերէն մէկն է, զոր աշխարհ կը դիմագրաւէ այսօր:

Ապա աշխարհ ենթարկուած է հսկայական փոփոխութեան` թելադրուելով արհեստագիտութեան միջոցներէ եւ թղթակցութիւններէ: Մենք բոլորս ալ մաս կը կազմենք այն համացանցերուն, որոնք կարճ միջոցի մէջ կը միացնեն իրարու բոլոր վայրերու, ցեղերու, կրօններու եւ մշակոյթներու ժողովուրդները: Կը միացնեն նոյնիսկ երկրագունդի ամէնէն հեռաւոր անկիւններու մէջ թաքնուած մարդիկն անգամ: Որմերը կը փլին, սահմանները կը փարատին եւ բաժանման գիծերը կը ջնջուին: Մենք կը վերածուինք իւրայատուկ համայնքի մը, որ ունի իր սեփական մշակոյթը, նիւթական արժէքները, կանոնները եւ օրէնքները: Այս միաձուլումը ո՛չ միայն կ՛ամբողջացնէ ու կը հաշտեցնէ ժողովուրդները իրարու, այլ կ՛անջատէ նաեւ զանոնք իրարմէ:

Այս գլխաւոր եւ աննախընթաց զարգացումներուն մասնակցութիւնը նկատելի է գրեթէ ընկերային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Պէտք է ըսել, որ «Արգասիքներ եւ հեռանկարներ» խորագրեալ գիրքը օժտուած է բաւական հարուստ բովանդակութեամբ, որուն մաս կը կազմեն քրիստոնէական կեանքը յուզող մշակութային ըմբռնումներ:

Այսպէս, ներկայացնելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իբրեւ «Մեր յաւերժական ժամանակակիցը», Արամ Ա. վեհափառը կ՛ըսէ, թէ 10-րդ դարը հայկական պատմութեան մէջ ընդհանուր առմամբ կը նկատուի սկիզբը «Արծաթէ դարու»: Թէ` այս շրջանը կը յատկանշուի վանական կեանքի ծաղկումով, նոր վանքերու ու եկեղեցիներու շինութեամբ, գրական հարուստ գործերու ստեղծագործութեամբ, ժամանակի աստուածաբանական եւ իմաստասիրական դպրոցներու սեղմ գործակցութեամբ եւ արուեստներու յառաջդիմութեամբ: Առաջին հազարամեակի աւարտին կը կարծուէր, թէ հին աշխարհը պիտի տապալէր եւ նոր աշխարհը պիտի ծաղկէր Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ փառաւոր վերադարձով:

Հետեւաբար քրիստոնեաները կը քաջալերուէին մոռնալու աշխարհը եւ աշխարհիկ կեանքը` պատրաստուելու համար երկնային թագաւորութեան, որուն գալուստը մօտալուտ էր արդէն: Այս իրողութեամբ, վանքերու եւ հոգեւորականութեան արագ աճումը կը յատկանշէին ժամանակակից կեանքի կրօնաշունչ ոգին:

Այդ շրջանին բոլոր իմացական եւ հոգեմտաւոր խնդիրները եւ վճռական հարցերը իրենց արձագանգը կը գտնէին Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին եւ մտածողութեան մէջ, որ իսկապէս քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն միստիքներէն էր: Իր մասին չունինք լայն տեղեկութիւն: Ինք մէկ տարեկան էր, երբ իր մայրը մեռաւ եւ ինք փոխադրուեցաւ Նարեկայ վանքը: Նարեկացի ստացաւ իր ուսումը Անանիա Նարեկացիին անմիջական հսկողութեան տակ, որ տեսուչն էր վանքին եւ հանրածանօթ էր իբրեւ աստուածաբան: Ան կղերական ձեռնադրուեցաւ 977 թուին եւ նշանակուեցաւ վանականներու ուսուցիչ:

Նարեկացի շարունակ կ՛աղօթէր ու կը յանձնուէր խորունկ մտածումներու: Ան գրեթէ իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նարեկայ վանքին մէջ աղօթելով, խորհրդածելով, ուսուցանելով եւ գրելով: Քանի մը հրաշքներ վերագրուած են իրեն եւ ան նկատուած է սուրբ մը նոյնիսկ իր կեանքի ընթացքին:

Նարեկացին գրած է աղօթագիրք մը, որ կը նկատուի իր ժամանակի գլուխ գործոցը: Գիրքը դարձաւ նշանաւոր հետեւեալ չորս տարբեր խորագիրներով` «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ», «Աղօթագիրք», «Գիրք հեծութեան» եւ, ծանօթ անունով` իբրեւ «Նարեկ»: «Նարեկ»-ը գրուած է արձակ բանաստեղծութեամբ, Նարեկացիի կեանքին վերջին տարիներուն:

«Նարեկ»-ը հաւաքածոյ մըն է 95 աղօթքներու, բաղկացած` 336 ենթաբաժիններէ: Անիկա պարզ աղօթք մը չէ` ուղղուած Աստուծոյ, այլ սրտի խորերէն խօսակցութիւն մըն է Աստուծոյ հետ: Անիկա կենդանի մենախօսութիւն մըն է Աստուծոյ հետ:

Կարդալով Նարեկացիին աղօթքները` կու գանք այն եզրակացութեան, թէ`

ա) Նարեկացի իր շրջանին մեծագոյն միսթիք կրօնաւորն է, բացառիկ աստուածաբան մը եւ հիւմանիստ բանաստեղծ մը:

բ) Նարեկացիի աստուածաբանութիւնը զրուցագրական է եւ թէ` հակաճառական:

գ) Նարեկացիի Աստուծոյ հետ միանալու տեսիլքը կը տարբերի պուտտայականներու Նիրվանայի գաղափարէն, որուն կարելի է հասնիլ ճգնաւորական կերպով, անիկա կը տարբերի նաեւ իսլամական սուֆի ճգնաւորական կեանքէն, որ կը նախատեսէ կատարեալ միութիւն մը Աստուծոյ հետ:

դ) Նարեկացիի մտածողութիւնը տիրապետուած է ստեղծագործական երեւակայութեամբ եւ հարուստ այլաբանութեամբ:

ե) Նարեկացիին համար աղօթքը հիմնական է Աստուած-մարդկութիւն փոխյարաբերութեան մէջ, զօրաւոր դարման մըն է մարմինի եւ հոգիի համար: Նարեկացի կը մօտենայ Աստուծոյ` իբրեւ ճշմարիտ բուժիչի մը: «Դարմանէ զիս բժիշկի մը պէս»:

Ապա, հատորին այլ բաժինով, վեհափառը կը պատկերացնէ կիլիկեան մշակոյթը իր հիմնական գիծերուն մէջ: Այս յղացքով, կ՛ըսէ, թէ Կիլիկիա եղած է առաջին կազմակերպուած հայկական տարագրութիւնը:

Կ՛ըսէ, թէ Կիլիկիան եղած է խաչաձեւման վայրը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Ան կը խօսի քաղաքական եւ ընկերային այն պայմաններուն մասին, որոնք կը կազմեն հիմնական առանցքը Կիլիկիոյ:

Վեհափառը կ՛ըսէ նաեւ, թէ իր մտածողութեան մէջ կարեւոր դեր մը վերապահուած է կրօնին` մարդկային պատմութիւնը, հաստատութիւնները, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը կերտելու կամ ձեւաւորելու տեսակէտէ: Թէ` կրօնը ունի ամենազօր ներկայութիւն մեր անհատական եւ հասարակաց կեանքին մէջ եւ իր բախումը հեռահաս է: Իւրաքանչիւր կրօն ունի իր սեփական հասկացողութիւնը, հնչումը, ճշմարտութեան իր սեփական սահմանումը, իր սեփական արժէքները եւ օրէնքները:

Վեհափառը կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ յայտնաբերել չորս գլխաւոր եւ իրարու յարակցուած չորս մտահոգիչ շրջաններ, որոնք կը պահանջեն միացեալ մտածում եւ գործունէութիւն:

1) Առաջին շրջանը միջավայրն է, որ իր ազդեցութեան տակ կ՛առնէ մարդկային կեանքի տարբեր երեւոյթներ ու երկրագունդեր:

2) Երկրորդ շրջանը կատաղութիւնն է: Իր բոլոր կերպերով եւ դրսեւորումներով, կատաղութիւնը եղած է տիրական երեւոյթը արդի ընկերութիւններու` ընկերային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Անիկա եղած է յարակից մասը այլազան յօրինուածքներու, շինուածքներու, գաղափարաբանութիւններու եւ քաղաքականութիւններու:

Վեհափառը կ՛ըսէ նաեւ, թէ կատաղութիւնը կը վտանգէ ամբողջական դիմագիծը ստեղծագործութեան եւ նուիրականութիւնը կեանքին, ան կը փճացնէ կեանքը: Կատաղութեան ուժերը պէտք է ենթարկուին կեանքի զօրութեան, որ ընծան է Աստուծոյ: Մերժել կեանքը` կը նշանակէ մերժել Աստուած: Կրօնը ամէնէն հաւատալի ձայնն է, որ կը խօսի կեանքի սրբութեան մասին:

3) Երրորդ շրջանը խաղաղութիւնն է: Արդարեւ, պաշտպանել կեանքը` կը պահանջէ խաղաղութիւն կերտել, եւ խաղաղութիւն կերտել` կ՛ենթադրէ գործել խաղաղութեան համար: Որեւէ փորձ` անջատելու խաղաղութիւնը արդարութենէն, հերետիկոսութիւն մըն է: Խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը էակաբանականօրէն առնչուած են իրարու` պայմանաւորելով եւ ամբողջացնելով զիրար: Ուրեմն խաղաղութիւն կերտողը չի կրնար ուրանալ այն արգասիքները, որոնք կապուած են արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու եւ կը թափանցեն արդի ընկերութիւններու կեանքէն ներս:

4) Չորրորդ շրջանը տնտեսագիտութիւնն է, որ կը հպի ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն, ուղղութիւններուն եւ սահմաններուն: Հետեւաբար կարելի է ընդունիլ առանց անակնկալի, թէ համաշխարհային` նիւթական-տնտեսական տագնապը բացառապէս զօրաւոր է եւ իր ազդեցութիւնը հեռահաս է:

Որպէսզի կարենանք մղել աշխարհը դէպի տնտեսական վերականգնում, հետեւեալ ազդակները եւ սկզբունքները կը թելադրէ վեհափառը: Ան կ՛ըսէ, թէ`

ա) Նոր մեքենականութիւնները եւ գործողութիւնները պէտք է կատարուին ժողովուրդին կողմէ ըմբռնելի եղանակով: Պետութիւնը զօրավիգ պէտք է կանգնի ժողովուրդին: Որեւէ տնտեսական գործնակերպ, որ կ՛ուրանայ ժողովուրդին շահերը, դատապարտուած է անկումի:

բ) Նիւթական եւ տնտեսական կառոյցները պէտք է վայելեն աւելի լայն ժողովրդականութիւն:

գ) Պէտք է կարեւորութիւն ընծայուի ժողովրդային մասնակցութեան: Ժողովուրդը պէտք է ունենայ հասարակաց իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Որեւէ քաղաքական կառոյց, որ չի գործակցիր ժողովուրդին հետ եւ չի հասնիր անոր կարիքներուն եւ ակնկալութիւններուն, կը դառնայ ճնշիչ, անարդար եւ ապականեալ:

դ) Թափանցիկութիւնը անհրաժեշտ օրէնք մըն է որեւէ հաւատաւոր տնտեսական հաստատութեան: Թափանցիկութեան պակասը կը յառաջացնէ անվստահութիւն, կասկած, երկմտութիւն եւ ապականութիւն, որոնք իրենց հերթին կ՛առաջնորդեն դէպի անարդարութիւն, աղքատութիւն եւ բռնաբարութիւն:

ե) Որեւէ սկզբունք, որ չի գործեր հաշուակալութեան ամուր հիման վրայ, կը դառնայ չարիքի աղբիւր: Հաշուակալութիւնը կ՛ընդգրկէ պատասխանատուութիւն, որ կ՛ապահովէ վստահութիւնն ու յառաջդիմութիւնը:

զ) Վերջապէս, անհրաժեշտ է, որ օրինաւոր արժեչափերն ու օրէնքները կանոնաւորեն երկրագունդի տնտեսական կառոյցները եւ մեքենականութիւնները, որոնք առնչուած են տնտեսական գործառնութիւններու, չէք-հատուցագիրներու եւ հաշուեկշիռներու հետ:

Արդարեւ, անկախ վերոյիշեալ նիւթերէն, Արամ Ա. վեհափառը հատորին մէջ կը ներկայացնէ զանազան հարցեր ու երեւոյթներ, որոնք կը յատկանշուին առհասարակ իրենց կրօնաբարոյական շահեկանութեամբ եւ այլազանութեամբ: Այս գործին ընթերցումով, հայ եւ օտար կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեանց մօտէն ճանչնալու պատեհ առիթը կ՛ունենանք: Այսպէս, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, կիլիկեան մշակոյթի մասին խոհական, կրօնական, ազգասիրական ըմբռնումներ եւ ապրումներ կը փոխանցէ վեհափառը, որոնց մէջ ան կը յայտնաբերէ իմացական հաճելի մթնոլորտ մը: Գիրքի աւարտին լոյս տեսած է «Նօթեր իմ էքիւմենիքըլ օրատետրէս» խոհագրեալ երկարաշունչ գրութիւնը, որ կը վերաբերի էքիւմենիք շարժումի, ուշագրաւ է ան իր արծարծած նիւթերուն այժմէականութեամբ:

Օգոստոս 2013
Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )